27 Փետրուարին, իր առաւել քան մէկդարեայ պատմութեան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով, ՀԲԸՄի Ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ առցանց դրութեամբ, նկատի ունենալով շարունակուող համաճարակը։
ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային համալսարանին ընձեռած կարելիութիւններուն շնորհիւ, 32 երկիրներէ հարիւրաւոր մասնակցողներ կրցան միանալ Zoom-ի միջոցով՝ անգլերէն, հայերէն, ֆրանսերէն եւ սպաներէն համաժամանակեայ թարգմանութեամբ։
Պաշտօնական օրակարգը կ՛ընդգրկէր 2018-2019 տարեշրջանի ընդհանուր նիւթական, բարոյական եւ կրթական ոլորտներուն մէջ աշխատանքներու տեղեկագրութիւնները։ Կարճ հարցում-պատասխանին յաջորդեց քննարկում հարցերու շուրջ, որոնք նախքան Ժողովը ներկայացուած էին անդամներու կողմէ։
Գովասանքի խօսքեր ըսուեցան ՀԲԸՄ-ի երեք խումբերու հասցէին, որոնց մասին միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան հպարտութեամբ խօսեցաւ՝ վեր առնելով անոնց աներեւակայելի զոհողութիւնը 2020-ին։ Այդ խումբերն էին՝ Լիբանանի ամբողջ կառոյցը, աշխարհատարած մասնաճիւղերու սկաուտներուն, եւ Երիտասարդ արհեստավարժներու խումբերը։
Սեդրակեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց, թէ ի՛նչ կը նախատեսէ ՀԲԸՄ-ը Հայաստանի հետագայ յառաջընթացին ուղղութեամբ։ «ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութիւնը, մեկնելով մեր ազգին առջեւ ծառացած վտանգներու մասին լուրջ մտահոգութիւններէն, միաւորուելու կոչ ըրած է համայն հայ ժողովուրդին, որպէսզի բոլորը իրենց փորձառութիւնը, ներգրաւուածութիւնը եւ անկոտրում կամքը ներդնեն՝ կառուցելու ապագան անցեալ տարուայ իրադարձութիւններէն ետք», ըսաւ ան։