Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի վերջին օրուան մրցումներուն, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ՝ 90-63 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Եու.Էս.Ժի-ն: ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի աստղը Ֆուատ Անաթին էր: Ան նշանակեց 19 կէտ, ( 7 ռիպաունտ, 2 պլոքշաթ եւ 8 էսիսթ):
Այսպիսով, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկի տղաքը արժանաւորապէս իրենց խմբակին առաջին դիրքը գրաւեցին Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն աւարտին: Կ’արժէ նշել, որ ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ ախոյեանութեան առաջին օրէն մինչեւ աւարտը գլխաւորեց ընդհանուր դասաւորումը:
Լիբանանի պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան երկրորդ հանգրուանին պիտի մասնակցին երկու խմբակներու բաժնուած ութ խումբեր: Այս հանգրուանին նկատի կ’առնուին ախոյեանութեան երթուդարձի մրցումներուն ընթացքին խումբերուն հաւաքած կէտերը: ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ նաեւ պիտի վայելէ մրցակիցը սեփական դաշտին վրայ ընդունելու (Հոմ Գորթ) առաւելութիւն մը՝ ախոյեանութիւնը առաջին դիրքի վրայ աւարտած ըլլալու պատճառով:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի խմբակին մաս կը կազմեն Մէյրուպան, Ահիան եւ Անիպալ Զահլէն, իսկ երկրորդ խմբակին մէջ ընդգրկուած են Հուփսը,Աթլասը, Թըպնինը եւ Այնթուրան:
Վերոյիշեալ ութ խումբերէն չորսը պիտի անցնի «Ֆայնըլ Ֆոր»ի մրցումներուն:
Յաջողութիւն կը մաղթենք ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի տղոց պասքեթպոլի կազմին: