Հինգշաբթի, 4 Յունուար 2018-ի երեկոյեան, Սին էլ Ֆիլի քաղաքապետարանի «Նեպիլ Քահալէ» սրահը թնդաց ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» փողերախումբին անզուգական նուագահանդէսով: Սրահին բոլոր աթոռները զբաղեցուցած ներկաները, որոնց մէջ՝ Լիբանանի մէջ Ռումանիոյ հիւպատոս Քաթալին Ալպու, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, ապահովական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ միութենականներ ըմբոշխնեցին բարձրորակ արուեստի եւ կատարողականութեան հրաշալի պահեր:
Տօնական մթնոլորտի խորհուրդով զարդարուած սրահին վարագոյրը բարձրանալէ ետք, աւելի քան երեսուն անդամ-անդամուհիներ հաշուող փողերախումբը, խմբավար Սեմի Յակոբեանի գլխաւորութեամբ յաջորդաբար կատարեց Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի քայլերգները:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Անդրանիկ» փողերախումբի վարչութեան ատենապետ տոքթ. Սահակ Թաշճեան (հայերէն) եւ Արազ Չերչեան (արաբերէն) փոխանցեցին փողերախումբի վարչութեան խօսքը, շեշտելով, թէ փողերախումբը, Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան կազմաւորման վաղ օրերէն, կը մնայ Միութեան կարեւոր սիւներէն մէկը: Հարիւրաւոր երիտասարդ-երիտասարդուհիներ անցած են անոր բովէն: Շնորհիւ իր որակաւոր մեկնաբանութիւններուն, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի փողերախումբը դարձած է ազգային եւ համալիբանանեան միջոցառումներու փնտռուած միաւորէն: Տոքթ. Սահակ Թաշճեան շեշտեց, թէ փողերախումբը նուագ կատարող խմբաւորում մը չէ լոկ, այլ՝ երաժշտական դպրոց, ուր իւրաքանչիւր անդամ կ’իւրացնէ երաժշտական գիտելիք: Իր կարգին, Արազ Չերչեան նշեց, թէ փողերախումբը հարստացած է տարբեր ժողովուրդներէ եւ մշակոյթներէ քաղուած երգացանկով, որմէ ընտրանի մը պիտի հրամցուի համերգի ընթացքին:
Զոյգ խօսնակները յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեցին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, Սին էլ Ֆիլի քաղաքապետարանին,անոր նախագահ Նեպիլ Քահալէին՝ սրահը սիրայօժար տրամադրելու համար, բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին համերգի յաջողութեան:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Անդրանիկ» փողերախումբը յաջորդաբար ներկայացուց հայկական, արեւմտեան, արաբական, դասական երաժշտութեան պատառիկներ:Իւրաքանչիւր կատարում, իր որակով եւ եղանակաւորումով կը գերազանցէր նախորդը:Փողերախումբը, իր փորձառու եւ նորեկ տարրերով յաջողած էր դուրս գալ նուագահանդէսի սահմաններէն: Երաժշտական փառատօնի մթնոլորտ կը տիրէր սրահին մէջ: Վայելք էր ապրիլ գործիքներուն համաչափ հնչիւնները, եղանակաւորումի ներդաշնակութիւնը: Ներկաները ծափերով կը քաջալերէին, յաճախ՝ ակամայ կ’ընկերակցէին ճաշակով ընտրուած կտորներուն:
Յայտագիրը աւարտեցաւ Սուրբ Ծննդեան խորհուրդը հաղորդող նուագներով:Ներկաները մեծ գոհունակութեամբ եւ բաւարարութեամբ մեկնեցան սրահէն, շնորհաւորելով ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի փողերախումբի խմբավարը, կազմի անդամ-անդամուհիները, փողերախումբի վարչութեան ժրաջան անդամները:
Համերգը անկասկած վկայութիւն մըն էր ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի փողերախումբին բարձր կարողականութեան: Փորձառու կատարողներ՝ Ռաֆֆի Գոզեան եւ Շահէ Միհրանեան( հարուածային), Ծովակ Թաշճեան( սաքսոֆոն), Սօսի Ալոզեան( գլարինէթ), Կրէկ Քեչեճեան (գլարինէթ) իրենց կողքին ունէին վաղուան խոստմնալից կատարողները:
Գնահատանքի խօսք ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի փողերախումբի վարչութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի առաքելութեան, կը սատարեն անոր յաջողութեան:
Հպարտ ենք մեր փողերախումբով, աւելի հպարտ ենք, որ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի անդամներ ենք:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ