Շաբաթ, 23 ապրիլ 2022-ին, լիբանանահայ ինը երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները որոնց մէջ՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի երիտասարկան-ուսանողական վարչութիւնը, ատենապետ Սեւակ Հաճեքեանի գլխաւորութեամբ, հսկումի երեկոյ մը կազմակերպեցին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Հոծ բազմութեան եւ ազգային դէմքերու ներկայութեան, որոնց մէջ՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան,գործադրուեցաւ օրուան խորհուրդին պատշաճ յայտագիր:Հսկումին մասնակեցաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» փողերախումբը: