Շաբաթ, 25 Մայիս 2019-ի յետմիջօրէին, ի ներկայութիւն պետական, քաղաքական, հասարակական եւ ազգային դէմքերու, հոգեւոր ներկայացուցիչներու, հոծ թիւով միութենականներու, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակայն Յանձնաժողովին նախագահութեամբ եւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ ՀԵԸ-ի նոր մարզադաշտին բացման հանդիսութիւնը:
Մարզադաշտին բացման առիթով տեղի ունեցաւ Երիտասարդական Փառատօն, տողանցք որուն մասնակցեցան ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի մարզական, մշակութային, կրթական, սկաուտական, երիտասարդական, համալսարանական եւ կրտսերաց կառոյցները:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ