Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի Տարեկան Ընդհանուր Վարչական Ժողովը  նոր  հորիզոններու տեսլականով  փակեց  իր աշխատանքը

December 13, 2022
in Newsletter, Mobile Home, Հայերէն Լուրեր
0
ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի Տարեկան Ընդհանուր Վարչական Ժողովը  նոր  հորիզոններու տեսլականով  փակեց  իր աշխատանքը

Կիրակի, 11 Դեկտեմբեր 2022-ի  առաւօտեան, ՀԲԸՄ-ի   Տեմիրճեան  կեդրոնի մէջ  տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  Տարեկան  Ընդհանուր Վարչական ժողովը:

Ի ներկայութիւն  ՀԵԸ-ի  Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանի եւ անդամներու, ՀԲԸՄ-ի  Լիբանանի Վարիչ  տնօրէն,  ՀԲԸՄիութեան Միջին Արեւելքի Շրջանի եւ  մերձակայ  երկիրներու տնօրէն  Արին Ղազարեանի,   ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային  Յանձնաժողովի անդամներու,ՀԵԸ-ի բոլոր  մասնաճիւղերու եւ միաւորներու վարչութեանց, Լիբանանի, Հայաստանի,ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդութենէն  ետք,  ատենապետ Վիգէն Չերչեան  բացուած  յայտարարեց  ժողովը եւ  խնդրեց  մէկ վայրկեան յոտնկայս  յարգել առյաւէտ բաժնուած   Ժիրայր  Դանիէլեանի եւ  Ռուպինա  Ճիկերեանի յիշատակը:

Արին  Ղազարեան  ընթերցեց ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի  Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ  Ժերար Թիւֆէնքճեանի ողջոյնի  խօսքը:

Վիգէն Չերչեան յատուկ  շնորհակալութիւն  յայտնեց  ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամներուն, յատկապէս՝ ատենապետ  տիար Ժերար Թիւֆէնքճեանին, որ  մնայուն կերպով նիւթապէս եւ բարոյապէս սատար կը կենայ ՀԵԸ-ի  գործունէութիւններուն: Ան   երախտիք յայտնեց  տիար Երջօ  Սամուէլեանին, որ    նիւթապէս  կը  քաջալերէ     ՀԵԸ-ի   աշխատանքները:   Ատենապետը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ՀԵԸ-ի բոլոր  մասնաճիւղերուն, Միութեան  գործունէութեան սատրող  անհատներուն:

Վիգէն  Չերչեան,  իբր  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական  Վարչութեան ատենապետի պարտականութիւնը ստանձնելու տասը տարիներուն առիթով,   իր երախտիքը յայտնեց    ՀԵԸ-ի  Կեդրոնական  Վարչութեան եւ բոլոր   վարչութիւններուն, իրենց անմնացորդ նուիրումին, ինչպէս նաեւ  իր կեանքի ընկերոջ՝  Յասմիկ Չերչեան- Հայրապետեանին՝ անսպառ      համբերութեան,  քաջալերանքին եւ զոհողութիւններուն համար: Ան,  նոր ծրագիրներու եւ նոր  յոյսերու իրականացում մաղթեց բոլորին. « Այո՛ այսօր եւ  վաղուան  համար նոյնպէ՛ս  համոզումս է, որ  հաւաքական աշխատանքով  պայմանաւորուած են մեր Միութեան յաջողութիւնները». շեշտեց ան:

Տեսաերիզի վրայ ներկայացուեցաւ   ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի  աշխատանքային- կազմակերպչական կառոյցը:

ՀԵԸ-ի մամլոյ եւ տեղեկատուական   գրասենեակի պատասխանատու Ահարոն Շխրտըմեան  ընթերցեց   նախորդ տարուան   Ընդհանուր  Վարչական  Ժողովին  ատենագրութիւնը:

Վարչութիւնները  հերթաբար   ներկայացուցին  անցնող տարուան  իրենց գործունէութեան տեղեկագիրը:   Ելոյթներուն  զուգահեռ,  մեծ պաստառի վրայ  կը ցուցադրուէին  անոնց առօրեան  խտացնող տեսաերիզներ:

Ժողովին  հիւրաբար  ներկայ  գտնուեցաւ   Մեծի  Տանն  Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային  Քաղաքական Ժողովի  համաատենապետ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի սկաուտական շարժումի բովէն  անցած, այժմ  Ապու Տապիաբնակ   Գրիգոր Մահսերեճեանը:  Ան  ուրախութիւն  յայտնեց  Լիբանանի մէջ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  ծաւալած գործունէութեան, դիտել տալով, թէ ուսում,  դաստիարակութիւն եւ հայրենասիրական  ոգիով  կոփուած է  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի   հովանիին տակ: Ան  յայտնեց, թէ   ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ը հպարտութիւն  կը ներշնչէ ամենուրեք  եւ   յաջողութիւն  մաղթեց ՀԵԸ-ի բոլոր միաւորներուն:

Դադարէն եւ  յիշատակի խմբանկարէն   ետք,  Վարչական Ժողովի երկրորդ   բաժինով,  մասնաճիւղերը ներկայացուցին յառաջիկայ   տարուան իրենց  ծրագիրները: Առաջարկութիւնները  արձանագրուեցան, հետագայի  համար, առ ի  քննարկում:

Վարչութիւնները անխտի’ր  վերահաստատեցին իրենց  առջեւ դրուած պարտականութիւնները  սիրայօժար շարունակելու  պատրաստակամութիւնը:

Ժողովը արձանագրեց  վարչութիւններէն  ներկայացուող առաջարկները:

Ժողովը  որոշեց  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  Նազարեան-Մովսէսեան կեդրոնին մէջ գումարել  յառաջիկայ տարուան  Տարեկան  Վարչական   Ընդհանուր  ժողովը:

Ընդհանուր  վարչական  ժողովը   եզրափակուեցաւ  Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին ՝ հաւաքական  ճիգով աշխատանքը շարունակելու  բարեմաղթութեամբ:

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ՄԱՄԼՈՅ  ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ  ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

 

Previous Post

Gov’t will not accept child abuse, President Erdoğan says

Next Post

Police raid more EU Parliament offices in corruption probe

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.