Ուրբաթ, 4 Դեկտեմբեր 2020-ին, Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ֆետերասիոնի ընդհանուր անդամական ժողովը: Ընթացաւարտ ֆետերասիոնը ներկայացուց անցնող չորս տարուան գործունէութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը, որմէ ետք տեղի ունեցան ֆետերասիոնի նոր շրջանի՝ 2020-2024 ընտրութիւնները:
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր վարչութեան անդամ եւ ՀԵԸ-ի Ճատրակի դպրոցի պատասխանատու Տիգրան Զէյթճեան արժանաւորապէս վերընտրուեցաւ ֆետերասիոնի անդամ եւ փոխնախագահ: Նախորդ շրջանին նման, Ճատրակի ֆետերասիոնը պիտի գլխաւորէ Խալէտ Պատիյը:
Կը շնորհաւորենք Լիբանանի ճատրակի նորընտիր կազմը, մասնաւորապէս Տիգրան Զէյթճանը, միաժամանակ նորանոր բարձունքներ կը մաղթենք լիբանանեան ճատրակին: