ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ
Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն գծով, ՀԵԸ-ը ներկայացնող երկու կազմերը՝ ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ արձանագրեցին փայլուն յաղթանակ:
ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ՝ 48-33 արդիւնքով պարտութեան մատնեց USJ 1875-ն, իսկ ՀԵԸ Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ՝ 58-56 Մըթայլէպին:
Զոյգ մրցումները տեղի ունեցան ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի Անդրանիկ մարզադաշտին մէջ, Կիրակի, 23 Մայիս 2021-ի երեկոյեան:
Նորանոր յաջողութիւններ մեր ՀԵԸ-ի կազմերուն: