Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ՀԵԸ Անդրանիկի Պասքեթպոլի Տարիքային Դպրոցի 2002-2003 Եւ 2004-2005 Կազմերուն Յիշատակելի Այցելութիւնը Մայր Հայրենիք

September 5, 2018
in Newsletter, Մշակութային
0
ՀԵԸ Անդրանիկի Պասքեթպոլի Տարիքային Դպրոցի 2002-2003 Եւ 2004-2005 Կազմերուն Յիշատակելի Այցելութիւնը Մայր Հայրենիք

ՀԲԸՄ- ՀԵԸ Անդրանիկը, իր պասքեթպոլի դպրոցին շնորհիւ, վառ կը պահէ անցեալի փայլուն աւանդութիւնները: ՀԵԸ Անդրանիկի տարիքային դպրոցի  խումբերը, փորձառու մարզիչներու  հսկողութեան տակ, նոր աւիւն եւ  եռանդ կը հաղորդեն  բարձրագոյն  խումբերու ախոյեանութեան  մասնակցող ՀԵԸ-ի տղոց եւ աղջկանց կազմերուն:

Շաբաթ, 25 Օգոստոս 2018-ի առաւօտեան, ՀԵԸ Անդրանիկի պասքեթպոլի  2002-2003 եւ 2004-2005 տարիքային զոյգ խումբերը, գլխաւոր մարզիչ Յարութ Գուզուճեանի գլխաւորութեամբ  ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնէն մեկնեցան Պէյրութի  միջազգային օդակայանը, եօթնօրեայ  շրջապտոյտ մը  կատարելու Հայաստանի մէջ:

Երեւանի Զուարթնոց միջազգային օդակայանին մէջ մեր պասքեթպոլիստներուն դիմաւորեց ՀԵԸ-ի պասքեթպոլի կազմերու ընդհանուր պատասխանատու Թոնի Ճունթոյեանը: Մեր պատանիները օթոպիւսով ՀԲԸՄ-ի Կարապետեան կեդրոն առաջնորդելէ եւ տեղաւորելէ ետք, ընթրեցին  եւ զբօսնեցան  Երեւանի արուարձաններուն  մէջ:

Յաջորդող օրերուն մեր պատանիները  այցելեցին  հայոց պատմութեան եւ մայրենի լեզուի  դասագիրքերէն  ծանօթացած վայրերը: Հարազատ աչքերով տեսան Սուրբ Էջմիածինը, Սարդարապատը, Խոր Վիհրապը, Սեւանայ Լիճը, Ծաղկաձորը, Գառնին եւ Գեղարդը, զանազան յուշարձաններ, պատմամշակութային կեդրոններ: Բարձրացան Արագածը եւ դիտեցին հայրենի բնութիւնը: Յատկանշական էր Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւնը, ուր յանուն ՀԵԸ Անդրանիկի պասքեթպոլի դպրոցին, ծաղկեպսակ զետեղեցին Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յուշարձանին  առջեւ:

Շրջապտոյտներուն կողքին մեր պասքեթպոլիստները հետեւեցան մարզումներու եւ կատարեցին բարեկամական երեք մրցումներ, արձանագրելով երկու յաղթանակ: Հայրենի մարզասէրներուն առջեւ  մեր  պատանիներուն ձեռք բերած փորձառութիւնը վստահաբար դրական ներազդեցութիւն պիտի ունենայ  Լիբանան վերադառնալէ ետք, մրցակից խումբերու դէմ իրենց խաղամակարդակին վրայ:

Չորեքշաբթի, առաւօտեան մեր պասքեթպոլիստները այցելեցին ՀԲԸՄ-ի Երեւանի գրասենեակը: ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի նախագահ եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Վազգէն Եագուպեան եւ Հայաստանի մէջ, ՀԲԸՄ-ի արտասահմանի երիտասարդական  ծրագիրներու համադրող-պատասխանատու՝ Հերմինէ Տիւզեան, հայրենիքի մէջ հաճելի կեցութիւն մաղթեցին մեր երիտասարդ մարզիկներուն եւ ծանօթացուցին  ՀԲԸՄ-ի  ծաւալած  գործունէութեան: Ուրախ պատեհութեամբ մը,  վերջերս Էւերեսթ լեռը մագլցած եւ Մարսէյէն  քայլարշաւով  Երեւան   ժամանած  ՀԵԸ-ական Արա Խաչատուրեան ներկայ գտնուելով սոյն ընդունելութեան,  մեր մարզիկներուն օրինակներ փոխանցեց իր հարուստ  փորձառութենէն  եւ  յաջորդող օրերուն ընկերակցեցաւ մեր պասքեթպոլիստներուն:

Ժամանակը սահեցաւ եւ եօթնօրեայ շրջապտոյտը հասաւ իր աւարտին: Մեր պատանիները հայրենի հողին ջերմութեամբ յագեցած վերադարձան  Լիբանան:

Այս առիթով, գնահատանքի եւ երախտիքի խօսք ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, որ՝առողջ միտք, առողջ մարմինի մէջ  նշանաբանով,  ոչ մէկ ջանք կը խնայէ մեր պատանիներուն ջամբելու հայեցի դաստիարակութիւն, յանուն պասքեթպոլի բարի աւանդութիւններուն շարունակութեան:

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ  ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Previous Post

Germany’s govt coalition split on monitoring far-right AfD

Next Post

Փաշինեան-Փութին Հանդիպումը Տեղի Պիտի Ունենայ 8 Սեպտեմբերին

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.