ՖՈՒԹՊՈԼ
Լիբանանի ֆութպոլի 13 տարեկանէն փոքրերու Spark League-ի ախոյեանութեան 5-րդ փուլի մրցումներուն, Շաբաթ, 5 Յունիս 2021-ին, ՀԵԸ Անդրանիկ ակադեմիայի պատանիները՝ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին BFA-ը: Մրցումը տեղի ունեցաւ այս վերջնոյն մարզադաշտին մէջ:
Ներկայիս, հինգ մրցումներէ ետք, ՀԵԸ Անդրանիկի ֆութպոլի ակադեմիայի պատանիները արձանագրած են չորս յաղթանակ եւ կրած մէկ պարտութիւն: