Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Շաբաթ, 8 Դեկտեմեր 2018-ի մրցումներու յայտագիրը իրարու դէմ հանեց ՀԵԸ «Անդրանիկ»ի զոյգ խումբերը՝ ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութը եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սին էլ Ֆիլը: Մրցումը տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» մարզադաշտին մէջ:
Լիբանանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի պատմութեան մէջ եզակի այս հանդիպումը ընթացաւ մարզավայել եւ հաւասար պայքարով: Ի վերջոյ ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ՝ 59-58 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր քոյր խումբը եւ տարաւ արժանի յաղթանակ: