ՖՈՒԹՊՈԼ
Լիբանանի ֆութպոլի 13 տարեկանէն փոքրերու Spark League-ի ախոյեանութեան մրցումներուն գծով, ՀԵԸ Անդրանիկ ֆութպոլի ակադեմիայի պատանիները Կիրակի օր՝ 1-0 արդիւնքով կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեցին CFA-ի դէմ եւ գրաւեցին ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը:
Մրցումը տեղի ունեցաւ ՀԵԸ Անդրանիկի մրազադաշտին մէջ, Նաքքաշ:
Մինի ֆութպոլի կազմին մարզիչներն են Նետիմ Ապու Նախուլը եւ Նիժատ Թոքը, իսկ Ակադեմիայի ընդհանուր պատասխանատուն՝ Ալեքս Առաքելեանը:
Նորանոր յաջողութիւններ մեր պատանիներուն: