ՀԵԸ Անդրանիկի 16 տարեկանէն փոքրերու պասքեթպոլի կազմը փայլուն արդիւնքներ կ’արձանագրէ Լիբանանի տարիքային խումբերու ախոյեանութեան մրցումներուն: Ախոյեանութեան մրցումները բաժնուած են տարիքային տարբեր կարգերու՝ 18, 16,14 եւ 12:
ՀԵԸ Անդրանիկի պատանիները սկզբունքով պիտի մասնակցէին իրենց տարեկիցներուն՝ 16 տարեկանէն փոքրերու մրցումներուն: Սակայն յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք բերելու նպատակով, անոնք մասնակցեցան իրենցմէ աւելի մեծ՝ 18 տարեկանէն փոքրերու մրցումներուն եւ փայլուն արդիւնքներ ձեռք բերելով անցան ախոյեանութեան երկրորդ փուլին: Անոնք յետագային պիտի մասնակցին 16 տարեկանէն փոքրերու ախոյեանութեան մրցումներուն:
Կիրակի, 7 Ապրիլ 2019-ի երեկոյեան, ՀԵԸ Անդրանիկի պասքեթպոլի խումբը յիսուն կէտի առաւելութեամբ պարտութեան մատնեց Շեպիպէն՝ 94-41: Մրցումը տեղի ունեցաւ Ղազիրի մարզադաշտին մէջ:
Իւրաքանչիւր տարիքային կարգ բաժնուած է տասը խմբակներու: Իւրաքանչիւր խմբակ կ’ընդգրկէ չորս խումբ: Խմբակներուն գլխաւոր երկու դիրքերը գրաւող կազմերը կ’անցնին ախոյեանութեան յաջորդ փուլը: Մեր խմբակին մէջ, ՀԵԸ Անդրանիկէն բացի մաս կը կազմէին Սանթրալը, Պիլիվըրզ, Շեպիպէն:
ՀԵԸ Անդրանիկի կազմը իր խմբակին մէջ արձանագրեց երկու յաղթանակ, պարտութեան մատնելով Պիլիվըրզը եւ Շեպիպէն: Շնորհիւ սոյն յաղթանակներուն մեր տղաքը անցան ախոյեանութեան երկրորդ փուլը:
Մեր խումբին մարզիչն է Յարութ Գուզուճեանը, օգնական մարզիչ Ժան Ժագ Յակոբեանը:
Կը շնորհաւորենք ՀԵԸ Անդրանիկի 16 տարիքէն փոքրերու կազմը, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ