Շաբաթ, 16 Փետրուար 2019-ին, USEK համալսարանի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ փինկ փոնկի միջհամալսարանական մրցաշարք մը, Լիբանանի հանրածանօթ համալսարաններու մասնակցութեամբ:
Մրցաշարքին մասնակցեցան լիբանանեան տարբեր համալսարաններու 35 մարզիկներ:
Տղոց մրցումներուն առաջին դիրքը գրաւեց ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասը եւ AUB-ն ներկայացնող Ալեքս Տարզին: Իսկ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի եւ NDU-ի ուսանող Մարք Քարամ երրորդ հանդիսացաւ:
Աղջկանց մրցումներուն, ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութը, HU եւ LAU համալսարանները ներկայացնող Աննա եւ Նինա Մարգարեան քոյրերը գրաւեցին երրորդ դիրքը:
Կը շնորհաւորենք ՀԵԸ –ի փինկ փոնկի կազմերու մարզիչ Սահակ Պիտինեանը եւ մեր համալսարանական մարզիկ- մարզուհիները այս յաջողութիւններուն առիթով:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ