ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի համալսարանական մարզիկ- մարզուհիներ դարձան միջլիբանանեան համալսարաններու ախոյեան:
Ախոյեանութեան մրցումները տեղի ունեցան Շաբաթ, 23 Մարտ 2019-ին, Լիբանանի Համալսարաններու փինկ փոնկի ֆետերասիոնին հովանաւորութեան տակ, Պէյրութի Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ: Նշենք, թէ տղոց եւ աղջիկներու պարագային, ախոյեանութեան գլխաւոր չորս դիրքերը գրաւողներ պիտի մասնակցին Յուլիսին, Իտալիոյ Նափոլի քաղաքին մէջ նախատեսուած աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն:
Մրցաշարքին մասնակցեցան լիբանանեան տարբեր համալսարաններու ուսանող-ուսանողուհիներ, որոնց մէջ մեծ թիւով արհեստավարժներ:
Տղոց մրցումներուն առաջնութիւնը շահեցաւ ՀԵԸ Անթիլիասական Ալեքս ալ Տարզի (Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան): Աւարտական մրցումին, ան՝ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մարք Քարամը (ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս – NDU) գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Աղջկանց պարագային, LAU -համալսարանի ուսանողուհի, ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի մարզուհի Նինա Մարգարեան շահեցաւ ախոյեանութեան տիտղոսը, աւարտականին` 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Փեռլա Մանսուրը (AUB):
Նշենք, թէ ՀԵԸ Անդրանիկի փինկ փոնկի բոլոր կազմերուն մարզիչն է Սահակ Պիտինեանը:
Յաջողութիւն եւ նորանոր նուաճումներ կը մաղթենք ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի փինկ փոնկի մարզիկ-մարզուհիներուն:
ՀԵԸ-ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ