Երկուշաբթի, 2 Մարտ 2020-ի յետմիջօրէին, նախապէս առնուած ժամադրութեամբ, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր Մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի չորրորդ դասակարգի ախոյեան ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի մարզիկներուն, մարզչական կազմին եւ պատասխանատուներուն ընկերակցութեամբ երախտագիտական այցելութիւն մը տուաւ Անթիլիասի քաղաքապետարանը, ուր արժանացաւ քաղաքապետ էլի Ապու Ժաուտէի եւ անձնակազմին ջերմ ընդունելութեան:
Յանուն ՀԵԸ-ի ընտանիքին, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԵԸ-ի մարզական, սկաուտական, մշակութային եւ զանազան գործունէութիւններուն մէջ Անթիլիասի քաղաքապետարանին օժանդակութիւններուն: Ապա ան ծանթացուց ախոյեանութեան տիտղոսը շահող մարզիկները, որմէ ետք քաղաքապետին յանձնեց ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի նուաճած ախոյեանութեան բաժակը:
Քաղաքապետ Էլի Ապու Ժաուտէ շնորհաւորեց ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի պասքեթպոլի խումբը՝ արձանագրած յաջողութեան առիթով, մաղթելով նորանոր յաղթանակններ: Ան վերահաստատեց Լիբանանի բարգաւաճման եւ հասարակութեան ծառայելու առաքելութեամբ գործող կազմակերպութիւններուն քաջալերելու քաղաքապետարանին պատրաստակամութիւնը:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ