ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ
Կիրակի, 4 Օգոստոս 2019-ի կէսօրէ ետք, Լիբանանի պասքեթպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան առաջին մրցումին, ՀԵԸ Անդրանիկ Զահլէ՝ 68-53 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սահէլ Ալմա խումբին:
Նշենք, թէ ՀԵԸ Անդրանիկ երկու կազմերով կը մասնակցի Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն՝ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Զահլէ:
Ախոյեանութեան կը մասնակցին 16 խմբակներու բաժնուած 96 խումբեր: Իւրաքանչիւր խմբակ վեց խումբ: Իւրաքանչիւր խումբ իր խմբակին մէջ պիտի կատարէ հինգ մրցում: Խմբակներուն գլխաւոր երկու դիրքերը գրաւող կազմերը պիտի անցնին երկրորդ փուլ:
Կիրակի, 28 Յուլիս 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը՝ 3.30-ին, Չեմփ դաշտին մէջ, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս կատարեց իր առաջին մրցումը՝ Պլու Սթարզի դէմ: Մրցակից խումբը դաշտ չներկայանալու պատճառով, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս՝ 20 – 0 արդիւնքով յաղթական հռչակուեցաւ: