Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի Պէյրութի գօտիի ախոյեանութեան 4-րդ փուլի մրցումներուն, ՀԵԸ Անդրանիկ՝ 6-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հուփսը:
Շնորհիւ սոյն յաղթանակին, ՀԵԸ Անդրանիկ գրաւեց ընդհանուր դասաւորման երրորդ դիրքը:
ՀԵԸ Անդրանիկի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Տինամօ Պէյրութը: Վերջինս կը գլխաւորէ Պէյրութի գօտիի ախոյեանութեան ընդհանուր դասաւորումը: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 24 Փետրուար 2019-ի առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Նըժմէի մարզադաշտին մէջ: