ՀԲԸՄ-ի Փարիզի Նուպարեան մատենադարանը (գրադարան) հիմնուած է 1928-ին: ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան մատենադարանը իր ուրոյն դիրքը կը գրաւէ սփիւռքի մէջ, իբրեւ հայագիտութեան, պատմագիտութեան եւ մշակութային կեդրոն: Ան կ’ընդգրկէ 19-րդ եւ 20-րդ դարերուն լոյս տեսած գիրքերու եւ մամուլի ճոխ հաւաքածոներ: Մատենադարանը հարուստ է Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հայկական Հարցի վերաբերեալ արխիւներով:
Ուրբաթ, 1 Յունիս 2018-ի երկոյեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միութեան կազմակերպութեամբ, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի մէջ , ի ներկայութիւն ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին եւ անդամներուն, ՀԵԸ-ի տարբեր միաւորներու վարչականներու, հիւրերու, մշակութասէր հասարակութեան, տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը, ուր ֆրանսահայ համայնքի ծանօթ դեմքերէն, պատմաբան դոկտ. Պորիս Աճեմեան ներկայացուց ՀԲԸՄ-ի Փարիզի Նուպարեան մատենադարանը:
Յանուն ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միութեան ատենապետ Շահէ Պապահեքեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, մանրամասնելով երեկոյին նպատակը:
Ապա Հայկազեան Համալսարանի հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Անդրանիկ Տաքեսեան ներկայացուց օրուան բանախօս Պորիս Աճեմեանը եւ հրաւիրեց զինք բեմ:
Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան ԿԵդրոնի կազմակերպած գիտաժողովին առթիւ Լիբանան գտնուող դոկտ. Պորիս Աճեմեանը դոկտորականը պաշտպանած է 2011-ին՝ Նափոլիի Համալսարանին մէջ: Պատասխանատու խմբագիրն է Études Arméniennes Contemporainesին եւ խմբագրակազմի անդամ է Vingtième Siècle: Revue d’histoireի: Հեղինակն է La Fanfare du Négus: les Arméniens en Éthiopie (19e-20e siècles) հատորին (2013) եւ շարք մը այլ գիտական յօդուածներու: Համախմբագիրն է Le Témoignage des Victimes dans la Connaissance des Violences de Masse/Victim Testimony and Understanding Mass Violence (Études Arméniennes Contemporaines, no. 5, June 2015 բացառիկ), ինչպէս նաեւ՝ Jerusalem in the Making: Spaces and Communities (Études Arméniennes Contemporaines, no. 9, September 2017 բացառիկ) բացառիկներուն:
Դոկտ. Պորիս Աճեմեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԵԸ-ի Մշակութային Միութեան, սոյն հանդիպումը կազմակերպելու առիթով, նշելով թէ վերջին հինգ տարիներուն ստանձնած է մատենադարանի տնօրէնի պարտականութիւնը:
Ապա ան կատարեց մատենադարանի հիմնադրութեան պատմականը,արժեւորելով 1928-ին, Փարիզի մէջ սոյն յոյն կարեւոր մատենադարանը հիմնելու ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պօղոս Նուպար Փաշայի երախտաշատ որոշումը.« Երբ Հայկական Բարեգրոծական Ընդհանուր Միութեան առաջին նախագահ Պօղոս Նուպար փաշա դարձաւ Ազգային Պատուիրակութեան պետը, Բարեգործականի կեդրոնական գրասենեակը փոխադրուեցաւ Փարիզ: Կարճ ժամանակ ետք, 1922-ին, Նուպար Փաշա եւ քանի մը հայ գործարարներ կառուցեցին Փարիզի 16-րդ թաղամասը գտնուող Ալպոնի փողոցի շէնքը: Մատենադարանն ալ հաստատուեցաւ նոյն շէնքին մէջ՝ Պօղոս Նուպարի որոշումով՝ 1928-ին». ըսաւ դոկտ. Պորիս Աճեմեան
Դոկտ. Պորիս Աճեմեան լուսարձակի տակ առաւ մատենադարանի առաջին նախագահ Մեծ Եղեռնէն վերապրած,մտաւորական Արամ Անտոնեանի ծառայութիւնները:
Այսօրուան դրութեամբ, ՀԲԸՄ-ի Փարիզի մատենադարանը ունի 43 հազար գիրք: Մատենադարանը, գիրքի կողքին կը պահէ մամուլ, լուսանկարներ եւ զանազան արխիւներ՝ Արամ Անտոնեանի հաւաքածոն, Պոլսոյ Հայոց պատրիաքարանի, Ազգային Պատուիրակութեան, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան արխիւները, ինչպէս նաեւ մամուլի արխիւ:
ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան մատենադարանը ոչ միայն գրադարան է, այլ՝ ազգային ժառանգութիւն եւ հետազօտութեան կեդրոն: 1980-ականներուն, մատենադարանը Յարութիւն Գէորգեանի շնորհիւ հայ իրականութեան մէջ ամրապնդած է իր գիտական եւ ակադեմական գործունէութիւնը: Այսօրուան դրութեամբ մատենադարանը բաց է հետազօտողներու, պատմաբաններու, մտաւորականներու եւ համաշխարհային հանրութեան առջեւ:
Մատենադարանը, 1995-էն ի վեր կը հրատարակէ գիտական հանդէսներ: Անցնող հինգ տարիներուն լոյս կ’ընծայէ երկլեզու հանդէս մը՝ Etudes Armeniennes Contaimoraines ( անգլերէն եւ ֆրանսերէն): Մատենադարանը կը կազմակերպէ դասախօսութիւններ, ասուլիսներ, գիտական, մշակութային հանդիպումներ: Մատենադարանը նաեւ ունի ապագայի ծրագիրներ: Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան ծիրին մէջ կ’առաջարկուի արեւմտահայ եւ Սփիւռքի ժառանգութեան նուիրուած Պօղոց Նուպար Փաշայի անունով հետազօտական հիմնարկ մը ստեղծել Փարիզի եւ Երեւանի մէջ:
Եզրակացնելով իր հետաքրքրական դասախօսութիւնը, դոկտ. Պորիս Աճեմեան յայտնեց, թէ Նուպարեան մատենադարանը լոյսի եզակի հաստատութիւն մըն է Սփիւռքեան իրականութեան մէջ: Դասախօսութիւնը աւելի տպաւորիչ դարձնելու նպատակով, դոկտ. Պորիս Աճեմեան մեծ պաստառի վրայ նկարներու միջոցով կու տար յաւելեալ բացատրութիւններ:
Համապարփակ եւ ուսանելի դասախօսութեան աւարտին, դոկտ. Պորիս Աճեմեան պատասխանեց յղուած հարցումներուն:
Հետաքրքրական այս երեկոյի աւարտին, ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միութեան ատենապետ Շահէ Պապահեքեան երախտագիտութեան յուշանուէրով պարգեւատրեց դոկտ. Պորիս Աճեմեանը անոր մաղթեով նորանոր յաջողութիւններ եւ յարատեւ վերելք:
Ապա, պատշաճ հիւրասիրութիւն մը տեղի ունեցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ