ՀԵԸ Անդրանիկ պասքեթպոլի դպրոցի 14 տարիքէն վար զոյգ խումբերը՝ տղաք եւ աղջիկներ յաղթանակ արձանագրեցին Լիբանանի ախոյեանութեան մրցումներուն:
Շաբաթ, 27 Յուլիս 2019-ի կէսօրուան ժամը 1.30-ին Նուհատ Նաուֆալ մարզադաշտին մէջ ՀԵԸ Անդրանիկի աղջիկները ոչ միայն՝ 89-23 արդիւնքով ջախջախեցին NSU-ն, այլեւ ապացուցեցին, թէ ՀԵԸ Անդրանիկ պասքեթպոլի դպրոցը կը մնայ մարզաձեւին լաւագոյն աւանդութիւններուն պահապանը:
ՀԵԸ Անդրանիկ տղոց կազմին գլխաւոր մարզիչն է Յարութ Գուզուճեանը:
Դարձեալ Շաբաթ, 27 Յուլիս 2019-ին, ՀԵԸ Անդրանիկ դպրոցի 14 տարիքէն վար տղոց խումբը,Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն գծով, Թաատոտի դաշտին մէջ՝ 56- 33 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պրէյնըրզը (Նուժում): Ախոյեանութեան կը մասնակցին 52 խումբեր: ՀԵԸ Անդրանիկի տղաքը իրենց խմբակին մէջ արձանագրեցին երկու յաղթանակ եւ կրեցին մէկ պարտութիւն: Շնորհիւ այս արդիւնքներուն, մեր կազմը անցաւ ախոյեանութեան երկրորդ փուլը:
ՀԵԸ Անդրանիկի տղոց կազմին գլխաւոր մարզիչն է Նարեկ Աւետիքեանը: