Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ Անգլիոյ Արսենալ խումբի ֆութպոլիստ Հենրիխ Մխիթարեան պարգեւատրուած է ՀԲԸՄ-ի Լոնտոն կալա երեկոյի ընթացքին` հայաստանեան եւ աշխարհի երիտասարդութեան հանդէպ հետեւողական մարդասիրական ջանքերուն համար:
Ընթրիքին հրաւիրուած էին Մխիթարեանի մայրը` Մարինա Թաշչեանը, քոյրը` Մոնիքա Մխիթարեանը ու գործարար Միքայէլ Վարդանեանի դուստր Պէթի Վարդանեանը, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստ աշխարհի ու Եւրոպայի ախոյեան Եուրի Ճորկայէֆը: