Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Հենրի Մորկընթաուի տեղեկագրութիւնները հայասպանութեան Մասին – Թիւ 1

Թուրքը կը վերադառնայ իր նախնիներու բնազդին

June 13, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Ալեքսանդր Թօփճեանի Գրական Վաւերագրութիւնը Ռուբէն Սեւակի Մասին

Յարութիւն Իսկահատեան – Պէյրութ-  ՊԱՅՔԱՐ  279

Հենրի Մորկընթաու, «Ազգի Մը Բնաջնջումը», Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հրատարակութիւն, «Արարատ» տպարան, Լոս Անճելըս, Ա. Մ. Ն., միջակ չափի 132 էջ: (Henry Morgenthau, “The Murder of a Nation”, published by Armenian General Benevolent Union, “Ararat” Press, Los Angeles, U. S. A., 1982, medium size 132 pages):

«Ազգի Մը Բնաջնջումը» գիրքը կ’ընդգրկէ 1918-ին «Տապըլտէյ, Փէյճ էնտ Քոմբընի» հրատարակչութեան լոյս ընծայած՝ «Հենրի Մորկընթաուի Պատումը» գիրքի բովանդակութեան մեծ մասը: Հենրի Մորկընթաու Կ. Պոլսոյ մէջ Ա.Մ.Ն.ի դեսպանն էր 1913-1916-ին: Ան 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան ականատես վկաներէն է, եւ իր տեսածները, լսածներն ու անոնց մասին խոհերը գրի առած ու հրատարակած է:

Գիրքին խորագիրին մէջ թէեւ ակներեւ է «բնաջնջում» բառը, այդուհանդերձ հայ ազգը կը գոյատեւէ Հայաստանի արեւելեան հատուածին, Միջին Արեւելքի եւ աշխարհասփիւռ տարածքներու վրայ:

Պատմաբան Ուիլիըմ Նորթըն Մետլիքաթ (William Norton Medlicott) գիրքի յառաջաբանին մէջ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը «աշխարհի պատմութեան մէջ ամենէն սարսափելին» նկատելու հեղինակին որակման վրայ: Ըստ Մետլիքաթի՝ Հենրի Մորկընթաու յստակօրէն կը բացատրէ թուրք ղեկավարներուն նպատակները, յետին հաշիւները եւ ի գործ դրած վայրագութիւնները, կը մատնանշէ մեծ տէրութիւններուն դժկամութիւնը հայոց օգնութեան հասնելու մէջ: Մորկընթաու կ’ըսէ, թէ Հայաստանի մէջ հայոց համար անկախ հայրենիք մը հիմնելը թուրք ղեկավարներուն սպառնալիք ըլլալու չափ մտահոգիչ էր: Ի տես պատահող դէպքերուն եւ թուրքերու գազանութեանց, ան խստիւ կը դատապարտէ զանոնք եւ անոնց համար կը բողոքէ, սակայն ապարդիւն, որովհետեւ Օսմանեան Պետութեան մէջ 1914-ի աշունէն սկսեալ, բացի Ա.Մ.Ն.էն, ան կը պաշտպանէր նաեւ Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ Պելճիքայի շահերը, որոնք Օսմանեան Պետութեան դէմ պատերազմի մէջ մտած էին:

Մետլիքաթ կը գրէ, թէ հայոց մարդկային կորուստներն ու տառապանքը շատ ողբերգական են: Ան նոյնքան ողբերգական կը նկատէ հայոց մշակութային եւ եկեղեցական հարստութեանց կորուստը Հայաստանի մէջ: Ըստ անոր՝ մարդկութեան կը մնայ յարգանքով եւ երախտագիտութեամբ յիշել վերապրողները, որոնք այլեւս իրենց մայր հողին վրայ չեն գտնուիր, այլ՝ աշխարհով մէկ սփռուած են:

Գիրքը բաժնուած է գլուխներու՝ իւրաքանչիւրը իրեն պատշաճ խորագիրով:

Ա. Թուրքը Կը Վերադառնայ Իր Նախնիներու Ոճին (էջ 3-21)

Դաշնակից նաւատորմիղին Տարտանէլէն հեռանալով Անգլիա, Ֆրանսա, Ռուսիա եւ Իտալիա թուրքերու վրայ իրենց ազդեցութիւնը կը կորսնցնեն: Դար մը ամբողջ անոնք Օսմանեան Պետութիւնը իրենց հակակշռին տակ պահած էին: Թուրքերը իրենք զիրենք այլեւս ազատ կը զգային հայոց եւ իրենց ենթակայ ուրիշ ժողովուրդներու հանդէպ ընելու ամէն ինչ, որ հաճելի կը թուէր իրենց: Այս հիմամբ ալ մէկ միլիոնէ աւելի հայեր զոհ գացին թրքական վայրագութիւններուն:

Դաշնակիցներուն Տարտանէլէն նահանջելով, երիտթուրքերը յուսացին իրենց կայսրութեան վերականգնումը` գերմանացի դաշնակիցին գործակցութեամբ: Սակայն օրուան երիտթուրք ղեկավարները Գերմանիոյ օգնութիւնը միշտ հերքած են: Հենրի Մորկընթաու այս մասին կը գրէ. «Թուրքը յոխորտացող, ամբարտաւան եւ վախկոտ է: Ան առիւծի նման քաջ կը դառնայ երբ դէպքերը ի նպաստ իրեն կ’ընթանան, սակայն ան քծնող է եւ գձուձ երբ կացութիւնը իրեն դէմ կը դառնայ: Հիմա որ պատերազմի ընթացքը նպաստաւոր կը դառնայ Օսմանեան Պետութեան համար, աչքերուս առջեւ կը տեսնեմ նոր թուրք մը»: Մորկընթաու կ’աւելցնէ, թէ ինք ականատես կը դառնայ ցեղային հոգեբանական նոր երեւոյթի մը՝ 20-րդ դարու թուրքը կը վերադառնար 14-րդ կամ 15-րդ դարու թուրքի տիպարին: Այսօրուան Թալաաթն ու Էնվերը տարբեր չեն այն օրերու Օսմանէն, որ Միջին Արեւելքը գրաւեց վայրագութեամբ: Թուրքը միւս բոլոր մարդկային ցեղերը կ’ատէ: Ան քրիստոնեան «շուն» կ’անուանէ: Թուրքը եւրոպացիներուն վերէն կը նայի եւ զանոնք անասուններէն չի տարբերեր: Այս գլուխին մէջ Հենրի Մորկընթաու հոգեբանական եւ ընկերաբանական վերլուծումներով կը նկարագրէ թուրք վայրենի ցեղին հաւաքական կերպարը (տե՛ս մասնաւորապէս էջ 7-10):

Հենրի Մորկընթաու գիրքին 11-13-րդ էջերուն մէջ պատմական տեղեկութիւններ կու տայ Օսմանեան Պետութեան մասին: Հասնելով 20-րդ դարու սկիզբը, ան կը գրէ. «Եւրոպական պատերազմը չսկսած, թրքական ժողովրդավարութիւնը կ’անհետանայ: Նոր սուլթանին ոյժը ի չիք կը դառնայ եւ թրքական արդի պետութիւն մը ստեղծելու յոյսերը յօդս կը ցնդին: Կը մնայ միայն անհատներու խումբ մը Թալաաթի եւ Էնվերի գլխաւորութեամբ որ ձեռք կ’առնէ պետութիւնը: Կորսնցուցած ըլլալով ժողովրդավարութեան սկզբունքները՝ անոնք ներկայիս կը սփոփուին ազգային նոր մտայղացումով՝ սահմանադրական ժողովրդավարութեան փոխարէն Թալաաթ ու Էնվեր կը հետեւին համաթրքական գաղափարախօսութեան: Հպատակներու միջեւ հաւասարութեան փոխարէն անոնք կ’որոշեն հիմնել հայրենիք մը միայն ու միայն թուրքերու համար»:

Օտար պետութիւններու ազդեցութենէն հեռու մնալու համար, երիտթուրք ղեկավարութիւնը քաբիթիւլասիոնները (16-րդ դարէն օտարահպատակներուն տրուած առանձնաշնորհումներ – Յ.Ի.) կը չեղարկէ, որ թուրքերը մէկ քայլ առաջ կը տանի դէպի համաթրքականութիւն: Անոնք կը փորձեն թրքացնել ամէն ինչ, նոյնիսկ քրիստոնեաներուն դպրոցները: Հենրի Մորկընթաու սաստիկ կերպով կը հակազդէ այդ որոշումին: Թրքական իշխանութիւնը կը փորձէ երկրին մէջ գործող օտար ընկերութիւններուն պարտադրել միայն թուրք աշխատողներու գործ տրամադրել: Պետութիւնը կը հրահանգէ երթեւեկութեան ճամբաներու երկլեզու ցուցատախտակներուն վրայէն ջնջել ֆրանսերէնը: Ասոր հետեւանքով առաջին օրերուն Կ. Պոլսոյ փողոցներուն մէջ մեծ խառնաշփոթ կը յառաջանայ:

Երիտթուրք ղեկավարները ո՛չ միայն իրենց նախնիներուն բարբարոսութեան եւ գաղափարներուն կը վերադառնան, այլեւ անոնց վայրագութիւնները կը գերազանցեն եւ հայոց դէմ ի գործ կը դնեն այնպիսի հրէշային արարքներ, որ սուլթաններու միտքէն իսկ չէին անցեր: Սուլթանները ոչ-թուրք հպատակները իրենց ստրուկները կը սեպէին, մինչդեռ երիտթուրքերը ոչ-թուրքերու գոյութիւնն անգամ չէին հանդուրժեր եւ կ’ուզէին զանոնք արմատախիլ ընել Օսմանեան Պետութեան տարածքէն կամ բնաջնջել:

Իթթիհատականները սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ի գաղափարները որդեգրեցին եւ հայերը իրենց ոխերիմ թշնամիները նկատեցին: Երկիրը ամբողջովին թրքացնելու գաղափարը անպայման կը պահանջէր հայոց, ասորիներու եւ յոյներու բնաջնջումը: Հենրի Մորկընթաու կ’եզրակացնէ. «1915-ին Օսմանեան Պետութեան մէջ ապրող բոլոր քրիստոնեաները երիտթուրքերու գութին ձգուած էին: Ըստ երիտթուրք ղեկավարներուն վերջապէս ժամանակը հասած էր` միայն ու միայն թուրքերուն համար Թուրքիա մը կերտելու»:

Հարկ է նշել, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ականատեսի վկայութիւնները կը զանազանուին վկայող ենթակային ինքնութեան հիմամբ: Ականատես վկաներու տեսածներն ու լսածները փաստացի եւ վաւերական բնոյթ ունին եւ կրնան վկայակոչուիլ, ըստ պատմաբաններու ջախջախիչ մեծամասնութեան: Անշուշտ որոշ տարբերութիւն կայ հայու կամ օտարի, պարզ քաղաքացիի կամ դիւանագէտի, ազատ մարդու կամ բռնագաղթուածի վկայութեանց միջեւ` ըստ կարեւորութեան: Ամերիկացի դիւանագէտ Հենրի Մորկընթաուի ականատեսի վկայութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կրկնակի ոյժ ունին` որովհետեւ ենթական օտար է եւ մեծ պետութեան մը դիւանագէտը:

Previous Post

Ukrainian, Russian forces fight for ‘every metre’ in Severodonetsk

Next Post

Argentina and Brazil set an example for world peace

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.