ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Ազգային բարերար Կարպիս Լ. Նազարեան, կը պատուէ մտաւորականներ` Ժ. Դանիէլեանը, Պ. Աղպաշեանը, Թ. Թորանեանը եւ Պ. Սիմոնեանը
4 օգոստոս 2020ը, մարդկային սպանդով, աներեւակայելի քանդումներով` բնակարան, գործատեղի, վաճառատուն, ընկերութիւն եւ այլն, փողոցային, թաղային ու շրջանային կործանումներով, ժողովրդային խուճապներով ու հոգեբանական ցնցումներով ոչ միայն ահաւոր ու սարսափազդու, այլեւ համաշխարհային առումով ու միջազգային ձեւաչափերով աննախընթաց եւ աննկարագրելի, անբացատրելի եւ անկրկնելի էին, երբ Պէյրութի նաւահանգիստը յօդս ցնդեցաւ ահաւոր աւերներ ու զոհեր սփռելով աջ ու ահեակ:
Ճիշդ է` պատմութեան ընթացքին արձանագրուած են դէպքեր ու պատահարներ, մեծ թէ փոքր տարողութիւններով, սակայն այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ, իրօք, ոչ մէկ այլ նմանութիւններու կամ համեմատութիւններու հետ կարելի է չափանշել, որովհետեւ մինչեւ օրս տակաւին չպարզուեցաւ կամ չբացայայտուեցաւ, թէ այդ ահացունց պայթիւնավտանգութիւնը ինչո՞ւ տեղի ունեցաւ, ո՞վ էր օգտուողը անկէ, ա՞յս ոճով կարելի էր «հաշուեյարդար»-ներ տեսնել, թէկուզ (ու մի գուցէ) ան ըլլար պատահական եւ կամ` ոչ կազմակերպուած կամ դաւադրուած:
Այս «մուտք»-ը, առանց խորանալու ահաբեկչական թղթածրարին մէջ, կը միտի մեր հայեացքը ուղղել կամ կեդրոնացնել բոլորովին այլ հարթակի մը վրայ, որ առնչուած ըլլալով հանդերձ այս ԱՂԷՏԱՅԻՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ հետ, կը ձգտի ակնարկ մը նետել, թէ այսօրուան դրութեամբ, երբ զոհերու ու վիրաւորներու հսկայ «բանակ» մը կայ աջ ու ձախ, հոս ու հոն, պահ մը մտածուա՞ծ էր (է), ինչպէ՞ս պէտք է վերաբերիլ այս աղէտին եւ անոր պատճառած զոհերուն ու հետեւանքներուն հետ` հակառակ բոլոր ձեւի շնորհակալ օժանդակութիւններուն ու խնամատարութեանց:
Որքան ալ ըլլան կամ ներկայացուին բացատրութիւններ` պաշտօնական թէ այլապէս, տակաւին ոչ մէկ համոզկերութեամբ կարելի եղաւ հասնիլ ընդունելի ու տրամաբանական եզրակացութիւններու:
«Արդարութի՞ւն», «ճշմարտութի՞ւն», ո՞ւր կարելի է փնտռել կամ գտնել զանոնք, երբ պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ անոնք չկա՜ն, չե՜ն կրնար գոյութիւն ունենալ, ի՛նչ ալ պահանջներն ու հետապնդումները, որոնք ալ ըլլան անոնց պատասխանատուները եւ յանցաւորները:
***
Լիբանանահայեր եւս տուժեցին այս աղէտէն, ոմանք իրենց կեանքով, ուրիշներ` այլ վէրքերով, սակայն բոլորն ալ հարուածուեցան համատարած ցաւով ու վիշտով, մանաւանդ երբ անոնց մէջ կային այնպիսի դէմքեր եւ անձնաւորութիւններ, որոնք հայկական կեանքին մէջ կը գրաւէին ու կը գրաւեն ԱԶԴԵՑԻԿ ու ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ դիրքեր:
Այս առնչութեամբ, մեր առաջին մտածումը կ՛երթայ, շատ յարգելի ու երեւելի ազգային պրն. ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆԻՆ, որ սփիւռքի ու Հայաստանի իրականութեանց մէջ հանրածանօթ մտաւորական մըն է` իբրեւ մատենագէտ, գրքագէտ, հայագէտ, դասախօս, խմբագիր, հեղինակ, հասարակական գործիչ, եռուն վաստակով եւ արդիւնաւէտ ներդրումներով:
Ժիրայրը եւս վիրաւորուեցաւ` ձախ աչքը կորսնցնելով այդ չարաբաստիկ աղէտէն, իր բնակարանը եւս ենթարկուելով ծանր վնասներու, գտնուելով նաւահանգիստի հանդիպակաց կողմը:
Ժիրայրին, ընտանիքին եւ առ հասարակ զինք ճանչցողներուն համար այս «դառն ճակատագիր»-ը խիստ տխուր էր, որովհետեւ, իր ամբողջ կեանքի ընթացքին իր աչքը իր ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԼՈՅՍՆ էր` իր արտադրած ու խմբագրած, գրառած ու հեղինակած բազմաթիւ հրատարակութիւններով, ուսումնասիրութիւններով, մենագրութիւններով ու հետազօտութիւններով:
Այսօր Ժիրայրը կը գտնուի իր աղջկան տունը, Պոսթըն (Ամերիկա)` հետեւելով բուժումներու, մասնագէտ ակնաբուժներու հոգատարութեան տակ, սակայն սիրտն ու հոգին Պէյրութ են, իր ընկերային լայն շրջանակներուն մօտ, իր հայագիտական ու խմբագրական բնագաւառներուն մէջ, սպասելով այն երջանիկ պահուն, երբ կը վերադառնայ տուն եւ կը շարունակէ նուիրուիլ իր հարազատ աշխարհին:
Անձամբ աւելի քան յաճախակի հեռախօսազրոյցներով հաղորդակից կը դառնայինք եւ կ՛անդրադառնայինք ազգային, լիբանանեան ու հայրենական տագնապներուն ու հրատապութիւններուն, ուր Ժիրայրը միշտ արթուն էր, սթափ ու մտացի` իր տեսակէտներուն ու գաղափարներուն հաւատարմութեամբ:
Ասկէ` մտքովս անցաւ, ԱՆՁՆԱԿԱՆ եւ ԱՆԱԿՆԿԱԼ նախաձեռնութեամբ, անոր հետ ունենալ մտերմիկ, անկեղծ ու թափանցիկ հեռազրոյց մը` յիշեցնելով, որ իր «բացակայութիւն»-ը նաեւ պայծառ ներկայութիւն մըն է, որուն անհրաժեշտութեան կարօտ կը զգան զինք սիրող եւ յարգող բազմաթիւ գրչակիցներ, մտաւորականներ, բարեկամներ, ընկերներ եւ աշակերտ-ուսանողներ:
Ահաւասիկ այդ հարց ու պատասխանի արձանագրութեան մէկ կենդանի պատկերը կ՛ուզեմ սեփականութիւնը դարձնել բոլորին:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Սիրելի՛ Ժիրայր, պիտի չխօսիմ այն տխրութեան մասին, որուն ցաւալիօրէն եւ անտեղիօրէն ենթարկուեցար, բայց քու մտածումներդ ի՞նչ էին այդ խառնաշփոթութեան մէջ եւ հետագային ինչպէ՞ս դիմակայեցիր այդ իրավիճակը:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի (Անթիլիաս) գրասենեակէս տուն դարձիս, ճաշելէ, թեթեւ մը մրափէ մը ետք, տակաւին ինքզինքս չգտած, դղրդագին ցնցումներ եւ ահռելի օդի հոսանք մը զիս շպրտեցին անկողին, ուսկից քանի մը երկվայրկեան առաջ ելած էի: Անկողնին զսպանակները մարմինս բարձրացուցին օդը: Կրկին ոտքի էի: Կուրծքիս, գլխուս, մարմինիս բոլոր կողմերը ստացած էին ջարդուած փեղկերու, ապակիներու եւ զանազան իրերու մասեր: Ոչ մէկ ցաւ` այդ պահուն: Բնազդաբար մատներս տարի աչքերուս: Աջ ափի մատներէս մէկ-երկուքը մտան խոռոչի մը մէջ: Զգացի դուրս հոսող թանձր հեղուկի մը ներկայութիւնը: Ձախ ափիս մատները կանգ առին կոպիճիս շուրջ: Ձախ արմուկէս կը հոսէր անդադրում արիւն: Չորս կողմս մթնցած էր: Թէեւ դուրսը տակաւին ամառնային արեւը կը շարունակէր յամենալ: Զգացի, որ տեսողութիւնս կորսնցուցած էի` առանց գիտակցելու անոր տարողութիւնը: Զուարթը խոհանոցէն ձայն տալով եւ խարխափելով հասաւ ննջասենեակ եւ դժուարութեամբ զանազան արգելակներ հրելով-հրմշտկելով` զիս առաջնորդեց միջանցք, տան գլխաւոր մուտքին մօտ: Շուրջ կէս ժամ առաւ թաքսի մը գտնելը: Թաքսիի գրասենեակ մը կար մեր շէնքին տակը: Կիսաքանդ միակ թաքսի մը մեզ փորձեց հիւանդանոց մը տեղափոխել: Մեր տան կողքի նորաշէն հոյակապ հիւանդանոցն ալ քանդումի ենթարկուած էր: Կարգ մը հիւանդանոցներ տեղի չգոյութեան պատճառով չընդունեցին: Կա՛մ իրենք ալ մասնակի քանդումի ենթարկուած էին եւ կա՛մ ալ ազատ տեղ չունէին: Վերջապէս, երկար չարչարանքէ ետք հասանք Նաքքաշի «Eye and Ear» հիւանդանոցը, ուր տասնեակներով իրենց աչքերէն վնասուած, վիրաւորուած կանխած էին մեզ: Հերթաբար ամբողջ գիշերը վիրահատումներ կ՛ըլլային: Իմ հերթս հասաւ յաջորդ առաւօտուն: Արդիւնք` աջ աչքս, որ լրիւ առողջ էր, կորսնցուցած էի, իսկ հիւանդոտ ձախ աչքս, վիրաւոր, 20 առ հարիւր տեսողութիւնը կը պահէր:
Գիտեմ, սիրելի՛ Պարոյր, պատասխանս երկարեցի: Սակայն պէտք էր արձանագրուէր եզրակացութենէն առաջ: Այս ամբողջ ընթացքին, ու նաեւ յաջորդող օրերուն, շաբաթներուն եւ մէկ-երկու ամիսներուն, սթոյիկեան անտարբերութիւն մը պատած էր ամբողջ էութիւնս: Ամբողջական պարապութիւն մը կլանած էր զիս: Ինձմէ կը վանէի ամէն մտածողութիւն: Կ՛ապրէի պարապի մէջ: Պատահածին ահաւորութիւնը աւելի ուշ կամաց-կամաց բոյն դրաւ մէջս: Սկսայ անդրադառնալ պատահածին ահաւորութեան, երբ անդրադարձայ կիսատ մնացած բանասիրական աշխատանքներուս… Առանց աչքի լոյսի` ի՜նչ բանասէր, մատենագէտ… Մնա՛ք բարով արեւ եւ…
Հ.- Նոր պայմաններուն ու տարբեր միջավայրի մէջ, ընթացիկ կեանքդ ինչպէ՞ս կը նկարագրես եւ ո՞ւր կը գտնես անոնց յարմարելու կարելիութիւնները:
Պ.- Դժոխային արկածէն ետք, ինչպէս առաջին պատասխանիս մէջ նկարագրեցի, ապաստանած էինք աղջկանս` Արփիին բնակարանը: Պոսթընաբնակ մեծ աղջիկս, մեզմով մտահոգ, մանաւանդ` իմ աչքերուս վիճակով, Պոսթընի լաւագոյն ակնաբուժարաններու նշանաւոր ակնաբուժներու հետ ժամադրութիւններ առած էր: Արկածէն շուրջ երկու ամիս անց փոխադրուեցանք Պոսթըն: Համոզուած էի, որ 2-3 ամիս դարմանուելէ ետք պիտի վերադառնայինք Պէյրութ: Դարմանումները երկարեցան: 4-5 ամիս անց վիրաբուժական միջամտութեան ենթարկուեցաւ ձախ աչքս: Առաջին լաւատեսութեան յաջորդեց յուսախաբութիւն մը. միջամտութիւնը ձախողած էր: Եւ դարմանումը մինչեւ օրս կը շարունակուի:
Պոսթընին ծանօթ էինք: Մարալին ամուսինն ու զոյգ մանչերը, խնամիները հոն էին: Զուարթը ամէն ամառ կ՛այցելէր զիրենք: Ես ալ` ստէպ-ստէպ: Ծանօթութիւններ ունէինք: Երէց սերունդի մտաւորականներ` Գրիգոր Քէօսէեանը, հ. Գրիգոր վրդ. Մագսուտեանը, Արա Գալայճեանը, Վաչէ Ղազարեանը եւ ուրիշներ հոս էին: Խումբը այժմ նօսրացած է: Փեսայիս` Վաչէին եւ Մարալին բարեկամները եւ ընկերները դարձան նաեւ մերը:
Ուրեմն, երբ սեպտեմբերի վերջերուն ժամանեցինք Պոսթըն, շրջապատուեցանք ընտանեկան հարազատներով եւ հին ու նոր բարեկամներով: Եղանակը հիանալի էր: Ուշացած աշունը` շատ հաճելի: Առաջին ձիւնը` առատ, բլուր կազմեց ճիշդ մեր տան շրջապատը: Սպիտակի անծայրածիր տիրապետութիւնը:
Գինովութիւնը կամաց-կամաց փարատեցաւ: Գիշերները, մթութեան անձնատուր, սկսան երկարիլ, երկարի՜լ… Յիշատակներ` մեծ ու փոքր, յուշեր` ծուէն-ծուէն, սկսան այցի գալ ու խռովել քունս: Ետին մնացած դէպքեր ու դէմքեր, ութսունամեայ կեանք մը ամբողջ, տակաւին երէկ, ներկայ էին, սկսան անցեալ դառնալ` երբեմն ձգելով խոր սպիներ, երբեմն ալ նոյնքան եւ աւելի ցաւ պատճառող, ինչպէս իսկական, ֆիզիքական վէրքերը: Կարօտաբաղձութիւն մը, որ կ՛ընկերանայ անձիդ, մանաւանդ երբ առանձնութան մէջ կը տուայտիս:
Բարեբախտաբար շուրջդ են` կինդ, աղջիկներդ, մեծ ու փոքր թոռներդ, փեսադ, իրենց հարազատներով ու բարեկամներով: Ցաւը կը մեղմանայ, բայց չ՛անհետանար: Ութսունամեայ արմատներով անցեալ մը յաճախ այցի կու գայ` քնացած թէ արթուն:
Տակաւի՜ն…
Հազիւ ոտք կոխած Նոր աշխարհ, յաջորդ օրն իսկ բռնկած արցախեան 44-օրեայ պատերազմը` նոր յուսախաբութիւններով, նոր խոցերով ու աղէտներով: Ուրիշ բան կ՛ակնկալէինք, սակայն դէմ յանդիման գտնուեցանք տխուր ճշմարտութեան մը… Դարաւոր անմիաբանութիւնը կրկին ցցեց իր կոտոշները` մոռացութեան մատնելով ազգ ու ազգային շահ, գերադասելին ու անգերադասելին: Հայրենիքը անմիաբան, սփիւռքը բաժան-բաժան…
Օրնիբուն, լոյսէ զրկուած աչքերով, ականջս հեռուստացոյցի կայաններուն եւ հեռաձայնի լսափողերուն, ականջալուր կը փորձէի դառնալ լիբանանեան հայրենիքի անէութեան, իսկ մայր հայրենիքի անշքացման…
Այս բոլորին մէջ` լոյսի նշոյլ մը անձնական գետնի վրայ: Նախ` բարեկամներ, սիրելի ու սրտամօտ, կը յիշեն ութսունամեայ իրենց բարեկամը, որ ես եմ: Այդ ե՜րբ դարձայ ութսունամեայ… երիտասարդ: Երկրորդ, գրեթէ աւարտին հասած գիրքի մը ձեռագիրը, մտաւորական ընկերոջ մը օժանդակութեամբ եւ խմբագրութեամբ, լոյսին կու գար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գէորգ Մելիտինեցի գրական ֆոնտին (ԳՄԳՄ) հրատարակութեամբ:
Ուրիշ մըն ալ:
Մասնագէտ ակնաբուժներու շնորհիւ` տեսողութիւնս քիչ մը եւս կը բարելաւուի կարճատեսութեան ակնոցով մը, որ գիրքի մը էջերը գրեթէ քթիս փակցուցած` բառ առ բառ կ՛ընթերցեմ քանի մը ամիսներու ընթացքին, օրական 4-5 ժամ տքնելով, աւելի ճիշդ` չարչարուելով: Այդ գիրքին հեղինակն է իմ մտերիմ բարեկամս` հայրենի գրող Եուրի Տէր Խաչատրեան (Երուանդ Տէր Խաչատրեան). գիրքին անունը` «Խաղաղ տաղեր», Երեւան, 2021, 567 էջ:
Այս բոլորէն անկախ` հետաքրքրութիւններու յագուրդ տալու համար ամէն օր կը հետեւիմ Հ1-ի BBC-ի, CNN-ի եւ այլ հեռատեսիլներու լուրերուն եւ մեկնաբանութիւններուն ու կը ստանամ տեղեկութիւններ: Հեռաձայնային կապերով կը հետեւիմ յատկապէս Հայաստանի եւ Լիբանանի քաղաքական զարգացումներուն, Պոսթընի (Ռոտ Այլենտ) մեր քառեակի խօսակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ` տարբեր երկիրներ ցրուած ընկերներու եւ բարեկամներու հետ հեռաձայնային խօսակցութիւններով:
Վստահաբար կը պատկերացնես, թէ այս բոլորը կատարելու համար որքա՜ն ժամանակ կը սպասեմ եւ ջանք կը գործադրեմ: Անշուշտ որ բացասական լուրեր եւ յուսախաբութիւններ հոգեկան ու նաեւ ֆիզիքական ահռելի տանջանք կը պատճառեն:
Հ.- Գիտենք` ամէն ինչի հետեւող ես եւ արձագանգող, ի՞նչ միջոցներու կը դիմես քու հետաքրքրութիւններդ (որոնք բազմաթիւ ու բազմատեսակ են) գոհացնելու եւ քու համոզումներդ ամրացնելու:
Պ.- Գուշակութիւններու հաւատացող չեմ եւ չեմ եղած:
Լաւատես եղած եմ, երբեմն` ընկրկումներով: Յոռեգոյն կացութիւններու մէջ շուրջիններուս լաւատեսութիւն թելադրած եմ:
Լիբանանը` որպէս ծննդավայր-հայրենիք, յաճախ դիմագրաւած է արտաքին եւ ներքին ցնցումներ, որոնցմէ մեծապէս տուժած է նաեւ լիբանանահայութիւնը: Արտագաղթած են, միւս համայնքներու կողքին, նաեւ հայերը: Հակառակ բոլոր ելեւէջներուն` փոքրամասնութիւն մը պիտի շարունակէ մնալ հոն: Լիբանանը տարբեր կառոյցով պիտի շարունակէ գոյատեւել… Այս կացութիւնը որքան ալ երկարի, օր մը պիտի լուծումի մը յանգի:
Հայաստանի` մայր հայրենիքի պարագան բոլորովին տարբեր է: Ժամանակաւոր ցնցումներ, պարտութիւններ կրնան մեծապէս ժխտական անդրադարձ ունենալ ժողովուրդին վրայ: Արտագաղթը կրնայ աւերներ գործել: Սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ հոն կայ հողը, հայրենի հողը, որմէ զրկուեցաւ ատենին արեւմտահայութիւնը, երբ արմատախիլ բեկորներու վերածուած` շպրտուեցաւ աշխարհի ծագերուն: Ոտքին տակ հող ունենալը այլ բան է: Կը մնայ, որ հայ ժողովուրդը առաջնորդող մարդիկ գիտնան ուղիղ ըմբռնել այս իրողութիւնը եւ ներկայացած առիթները օգտագործեն հաւաքական նպատակներու համար:
Հ.- Հետաքրքրական է` այս երկար ժամանակամիջոցին արդեօք քեզմով եւ առողջութեամբդ մտահոգուողներ եղա՞ն` սփիւռքէն թէ Հայաստանէն (անհատ, պաշտօնակից թէ կազմակերպութիւն), որոնցմէ կ՛ակնկալէիր, եւ անտարակոյս, արձանագրուած ըլլալու են նման պարագաներ, բայց նաեւ ցաւ զգացիր, որ ուրիշներէ խոր հիասթափութիւն ապրեցար…
Պ.- Արամ Ա. կաթողիկոսը առաջին օրէն հետաքրքրուեցաւ ինձմով: Կաթողիկոսարանի հետ կապը մինչեւ օրս կը շարունակուի դիւանապետին եւ միաբանութեան տարբեր աստիճանի կղերականներուն հետ: Ուրիշներէ ակնկալութիւն չեմ ունեցած ու չունիմ:
Անհատական նախաձեռնութեամբ կապ հաստատողներ շատ ու շատ են. ե՛ւ հայրենիքի ե՛ւ սփիւռքի տարբեր շրջաններէ. Եւրոպա (Փարիզ, Լոնտոն), ԱՄՆ եւ Քանատա, Ուրուկուէյ: Լիբանանէն` սերտ բարեկամներ, նախկին պաշտօնակիցներ մնայուն կապի մէջ են հետս: Գոհար մօրաքոյրս եւ զաւակները առաջին տեղը կը գրաւեն, ինչպէս Բագին եղբայրս` Լոնտոնէն: 80-ամեակիս առիթով անհամար շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ` հայրենիքի եւ սփիւռքի զանազան կողմերէն: Անշուշտ այս բոլորը կը գօտեպնդեն զիս:
Այս հարցումին կը փափաքիմ միայն դրական պատասխան տալ…
Հ.- Արագ խորհրդածութեան կարգով, ի՞նչ ունիս ըսելիք քու անհատական կեանքիդ եւ ընդհանրապէս սրտի խօսք` քու սիրեցեալներուդ ու մեր ժողովուրդին, այդ դժուարին օրերուն առիթով, որոնք, իրօք, ճգնաժամային են:
Պ.- Ընդհանրապէս նման առիթներով կատարուած հարցազրոյցներուն վերջինը կ՛ըլլայ` «Ի՞նչ ունիս ըսելիք…»: Բարեբախտաբար կրօնապետ, քաղաքական եւ այլ կազմակերպութիւններու ղեկավար չեմ: Այլապէս ինձմէ պիտի ուզուէր պատգամ մը…
Պէյրութը հարուածող օգոստոս 4-ի (2020) աղէտը պատճառ դարձաւ շուրջ 2 ամիս անց հեռանալու Լիբանանէն` դարմանումի հետամուտ, որ ցարդ կը շարունակուի: Եթէ չպատահէր այդ աղէտը, ես ալ ձեր շարքին պիտի շարունակէի մնալ ձեզի հետ եւ ենթարկուիլ Լիբանանին պարտադրուած անտանելի վիճակին: Հաւատացէ՛ք` ամէն վայրկեան կ՛ապրիմ հոն մնացածներուդ հետ… Մաղթանքս պիտի ըլլար, որ մեզի եւ ամբողջ Լիբանանին պարտադրուած այս անել կացութիւնը դիմագրաւէինք միացեալ ճիգերով` փոխան բաժան-բաժան կեցուածքներով, մինչեւ որ հեռաւոր հորիզոնին վրայ սկսի պլպլալ յոյսի նշոյլ մը…
***
Շնորհակալութիւն` այս ջերմ զրոյցին համար, սիրելի Ժիրայր, որ, անկասկած կենդանի հաղորդակցութեան մը մէկ համեստ պատկերն է, որուն ընդմէջէն խօսեցար ու… խօսեցուցիր:
Մեր անկեղծ մաղթանքն է, որ քեզ դարձեալ կը տեսնենք պատնէշի վրայ, շրջապատուած` ընտանիքովդ ու հարազատներովդ, ինչպէս նաեւ` մտաւորական լայն շրջանակներովդ:
(Պէյրութ)