ՀԵՂԻՆԱԿ՝ ՍԱՐԳԻՍ Ն. Գ. ՍԷՖԷՐԵԱՆ
Գիտեմ, թէ չարաչար կը սխալիմ. սակայն, կարելի եղած չափով փախուստ կու տամ բժիշկիս հետ հանդիպում ունենալէ և անոր ցուցմունքաերուն հետեւելէ, հակարակ անոր, որ ան շատ ազնիւ է ու հոգատար։
Վերջապէս, մի քանի օր առաջ, այլեւս չկարենալով անտեսել անոր պնդումները և տեղի տալով իր յորդորներուն՝ թէ անպայման արեան յատուկ քննութեան կարիքը ունէի, ստիպողաբար տարրալուծարան գացի։ Բանից դուրս եկաւ, որ շաքարս շատ բարձր էր և, թէ զայն իջեցնելու համար պայման էր որ ամէն օր կէս ժամ քալէի։
Թէեւ, ատենօք, երբ դեռ պատանի էի, շատ կը սիրէի ճեմել, նոյնիսկ վազել. սակայն, տարիքի բերմամբ, քալելու ցանկութիւնը նուազած էր իմ մէջս։ Ուստի, քալելը մեծ զոհողութիւն էր ինձ համար. բայց, ուրիշ ելք չունէի… Եթէ յամարէի կամակորութիւն ընել, մեծ վտանք կրնար սպառնալ կեանքիս։ Ուստի, ապագայ բարդութիւններէ խուսափելու համար, որոշեցի բժիշկիս խրատներուն անսալ… և, անցեալ օր, մէյ մըն ալ ինքզինքս գտայ մեր մօտակայ «ՌՕՍ» ընկերութեան պատկանող շուկային մէջ։
Պատահած է, որ ուրիշ անգամ հոն գտնուած եմ՝ գնում ընելու համար. սակայն, այս անգամ մարզանքէ թելադրուած, մտամոլոր վիճակէս օգտուելով, քայլերս զիս հոն առաջնորդեր էին։ Ներքին աստիճաններէն՝ վերի յարկը բարձրացայ, ուր զիս հետաքրքրող շատ բաներ կային։ Քիչ մը թափառելէ ետք զանազան տեսակի ապրանքներով լեցուն միջանցքներուն մէջ, յանկարծ աջքիս առջեւ պարզուեցաւ անախորժ, բայց և այնպէս, յաճախ տեսնուած երեւոյթ մը՝ նմանօրինակ վայրերու մէջ շատ սովորական բան մը. տախտակամածը ծածկուած էր մոլորուած գոյքերով, զոր կարգ մը անճաշակ յաճախորդներ շպրտած էին դես ու դեն… Անփութօրէն, անազնուաբար…
Սա՛ գայթակղեցուցիչ առարք էր։ Պահ մը մտածեցի կարգաւորել զանոնք, բայց, անմիջապէս զգաստութեան հրաւիրեցի ես ինքս, անդրադառնալով մղումիս անհեթեթութեան։ Ասիկա իմ գործս չէ՛ր. ես չունէի երիտասարդական աշխուժութիւն, ոչ ալ հեղինակութիւն… Այս մէկը դժուարին գործ էր. նոյնիսկ հոն աշխատող պաշտօնեաներուն համար… Ու, ակնդարդի մը մէջ, միտքս թռիչք առնելով հասաւ մինչեւ Գալիֆորնիոյ Կեդրոնական Հովիտը՝ կանաչազարդ արտերով ու պտղատու ծառերով զեղուն, և զանոնք կենդանի պահող մշակին ու բանուորին, որոնց քրտնաթոր աշխատանքին շնորհիւ, այսօր, միլիոնաւոր Ամերիկացիներ թարմ ուտելիք ունին իրենց ճաշասեղաններուն վրայ։
Դժբախտաբար, ներկայիս, ամերիկեան անհանդուրժող քաղաքականութեան պատճառով, նուազած է թիւը այդ ժրաջան մարդոց, պատճառ դարնալով ինքնախափէութեան ու յերիւրանքի՝ թէ այժմ շատ պահանջ կայ գործաւորներու։ Հաւանաբար այդպէս է. բայց ո՞վ պիտի փոխարինէ Լատին Ամերիկայէն ստիպողաբար փախուստ տուած և Միացեալ Նահանգներ ապաստանած ու այժմ բռնութեամբ հեռացուած անխոնջ մշակները։ Բնիկ Ամերիկացի՞ն, որ բնաւ ատակ չէ ծանր աշխատանքի, բայց միշտ պատրաստ՝ հրամցուածը ճաշակելու… Մօտ ապագային, մենք կրնանք մեծ զրկանքներու մատնուիլ եթէ այդ խոնարհ մարդոց բռնի գաղթը շարունակուի։
Միեւնոյնը կրնայ պատահիլ մեր հայրենիքէն ներս, ուր հետզհետէ կը պակսի թիւը աշխատող ձեռքերու… Մեր վերքը բաց է և զգայուն՝ ու խնամքի կարօտ։ Ժամանակ առ ժամանակ, մեր թերթերը մեզի կը յիշեցնեն, թէ մեր վերքը որքա՜ն խորն է. թէ քանի հազար հոգի մեկնած է ու տակաւին կը մեկնի մեր երկրէն… Հոսքը շատ առագ կ’ընթանայ… և գաղթողներուն մեծամասնութիւնը կը հեռանայ անվերադարձ…
Ինչպէ՞ս կարելի է բուժել այս վերքը…
1940 – ն թուականներուն, մեր երկիրը վարող խորհրդային կառավարութիւնը, օգտագործելով մեր ժողովուրդի հայրենասիրութիւնը, կրցաւ համոզել ու հայրենիք հրաւիրել մեծ թիւով պանդուխտ հայեր՝ բնակութիւն հաստատելու հայրենական հողին վրայ, որպէսզի բնակչութեան թիւը շատնայ և մեր պետականութիւնը չվտանգուի։ Մեծապէս գնահատելի է այն հանդուրժողութիւնը, զորս ներգաղթողները ցուցաբերեցին յանուն հայրենիքի սիրոյ՝ ամէն տեսակ զրկանքներու ենթարկուելով… Անոնցմէ շատերը բարեկեցիկ կեանք կը վայելէին այն երկիրներրուն մէջ, ուր նախապէս կ’ապրէին. սակայն, հայրենիքի հանդէպ տածած իրենց անվերապահ սէրը գերիվեր էր բոլոր օտար վայելքներէ…
Այժմ, նժարները շրջուած են և խելացնոր արտագաղթ մը սկսած… Գրեթէ ամէն հայ գաղթել կ’ուզէ. դուրս ելլել իր երբեմնի չնաշխարհիկ երկրէն։ Մեր ժողովուրդը մոլորուած է… Մեր ոչխարը, անտեսելով հայրենիքի կանաչազարդ դաշտերը, կ’ուզէ արածիլ օտար արօտավայրերու մէջ՝ յագուրդ տալու իր նորազգաց ախորժակին։ Կարիքն ունինք Քրիստոսի մը որ փնտռէ, գտնէ ու փարախ վերադարցնէ զինք…
Ա՛յդ օրերուն, հայրենադարձները հայրենիք առաջնորդող միակ մղիջ ուժը անշահախնդիր հայրենասիրութիւնն էր, և ներգաղթը կազմակերպողները իրազեկ էին այդ սիրոյն… և անոնց յաջողուեցաւ իրագործել իրենց ծրագիրը։
Ա՛յս օրերուն, արտագաղթողներուն քայլերը առաջնորդող ուժը կրկնակի անգամ հզօր է, որովհետեւ « թմբուկին ձայնը հեռուէն հաճելի է » և, երբ, մանաւանդ, մեր երկրին ներքին վիճակը բացէիբաց ցաւալի՝…
Այս հոսքը դադրեցնելու համար Բարի Հովիւի մը կարիքն ունի մեր ազգը. այնպիսի մէկու մը, որ ունենայ Աստուածորդւոյն նման հեղինակութիւն՝ կարենալ « Հայու Տաճարէն » վտարելու « վաշխարուներն ու վաճառականները » … Անաչառաբար… Ու մեր պանդուխտները վերադարձնելու հայրենի բոյն, հակազդելով այն գոյավիճակին, զոր շշմեցուցած է մեր ժողովուրդը՝ անդամալուծելով անոնց ուղեղները, այն աստիճան, որ անոնք պարտադրուած կ’զգան դուրս նետուելու՝ երկրին հեղձուցիչ կացութենէն խոյս տալու համար և, կաթոգնած օտարին պարգեւած շրայլութիւններէն, դառնալու յաւերժ պանդուխտ։
Հարստահարիչներուն թիւը հետզհետէ կ’աւելնայ…
Հարստութիւնը, ըստ կարգ մը անձերու, կործանարար ազդեցութիւն ունի երկրի մը ժողովուրդին վրայ, ինչպէս կը վկայէ տասնութերորդ դարու Անգլիացի յայտնի գրող՝ Օլիվեր Կօլտսմիթը իր մէկ նշանաւոր քերթուածին՝« Լքուած Գիւղը » վերնագիրով բանաստեղծութեան մէջ, ուր ան ցաւով կը խօսի իր գիւղի ամայացման մասին, որու պատճառը, ան կ’ըսէ, մեծահարուստներուն ընչաքաղցութիւնն է։
Միւս կողմէ, սակայն, ուրիշներու համար ալ, ինչպէս Նափօլիօն Պօնափարդին, ան Աստուծոյ չափ հզօր է և ամենակարող՝…
Ըստ իս, հարստութիւնը, ինչպէս ջուրը, կարելի է հունաւորել, այնպէս մը, որ կորսնցնելով իր « յոռի » բնոյթը, եթէ շատնայ, ան դառնայ օգտակար…
Մեր հայրենիքը հարուստ է հանքանիւթերով. իրականութիւն մը , զորս կարելի է շարժման մէջ դնել զօրեղ կարավարութիւն մը ստեղծելու համար։ Այսինքն, մեր հարստութիւնը կարելի է ի գործ դնել մարտական ուժ յառաջ բերելով սարսափ ազդելու մեր դարաւոր թշնամիներուն վրայ, նամանաւանդ, որ մեր թշնամիները զինող մեր « բարեկամը » լաւ կը գիտակցի, թէ նա ի՛նչ կ’ընէ… Այդ զէնքերը մե՛ր դէմ պիտի գործածուին…
Սակայն, ո՞ւր է այն հարստութիւնը, զոր մեր ժողովուրդին կը պատկանի… Զորս, ինծի պէս խելօքը կը կարծէ, թէ, իր փրկարար ուժով, ան պիտի կարենայ կասեցնելու հոսքը դէպի օտարութիւն, խեղութիւն, ցուլում, փճացում և, հետեւաբար, հայրենիքի ամայացում ու փլուզում։
Մեր թերթերը յաճախ կը գրեն փտութեան մասին, սակայն, անոնցմէ ոեւէ մէկը ցարդ համարձակութիւնը չէ ունեցած մատնանշելու այն ապիկարները, ովքեր որ ըլլան այդ տզրուկները, զորս մաս կը կազմեն այդ փտութեան։ Անգլիացիք լաւ ասացուածք մը ունին, սոյն նիւթին առնչութեամբ, զորս թարգմանաբար կ’ուզեմ հոս յիշել.—« Բահը՝ բահ կոչելու է »։ Ուստի, մեկդի դնելով լոկ շատախօսութիւնները, եկէք բացէիբաց յայտարարենք անոնց ինքնութիւնը և անոնցմէ պահանջենք այն հարստութիւնը, զոր մեր ժողովուրդին ու անոր հիմնած նոր պետութեան կը պատկանի։ Առանց այդ հարստութեան կարելի չէ պահել հայրենիք. հայրենիք մը՝ առանց ժողովուրդի ու հզօր բանակի։
Յաճախ, հակադարձելու մասին խօսք կ’ըլլայ. սակայն, ինչպէ՞ս և ինչո՞վ … Պարապ ստամոքսով կարելի չէ՛ կռուիլ. նոյնպէս ալ կարելի չէ՛ պարզ զէնքերով կռուիլ։ Եթէ Մուսա Լեռցիք պարզ հրազէններով կարողացան կռիւ մղել Թուրք զինուորին դէմ, անոնք Մուսա Լեռը ունէին իբր վահան։ Ճի՛շտ է որ մենք Արարատ Լեռը ունինք՝ ենթադրաբար. բայց անոր հասնելու համար, մենք կարիքը ունինք հզօր բանակի մը՝ օժտուած այժմէական լաւագոյն զէնքերով և զանոնք կրող հայ զինուորի։