«Օգոստոսի 3-ին Ստամբուլում տեղի է ունեցել Մոր Եփրեմ ասորական ուղղափառ եկեղեցու հիմնարկէքի արարողութիւնը»…(«Հայ ձայն», 6-8-19):
* *
*
- ՄորՓփրեմ՝ ասորերէն կը նշանակէ սուրբ Եփրեմ:
Եթէ այդ նոյն եկեղեցին հիմնուէր 1000-1500 տարի առաջ, ապա ան պիտի կոչուէր «Մար Եփրեմ» եւ ոչ թէ Մոր…:
Վասնզի դասական ասորերէնը կ’ըսէր մար եւ ոչ թէ մոր:
Մար կ’ըսեն մինչեւ հիմա սեմական միւս լեզուները եւս, օրինակ՝ արաբերէնը՝ մար Մարուն, մար Իլիէս, մար Թաղլա եւ այլն:
Մօտաւորապէս 11-րդ դարուն ասորիները սկսան կորսնցնել ա արտասանելու յատկութիւնը, Ալեֆ տառը սկսաւ արտասանուիլ Օլեֆ, ըստ այնմ ալ մար դարձաւ մոր կամ մօր:
Կրնա՞ք պատկերացնել ժողովուրդ մը, որ չի կրնար արտասանել ա հնչիւնը, որ աշխարհի ամենադիւրին ու ամենաշատ տարածուածն է:
- Սակայն…պէտք չէ զարմանալ:
Հայերս մինչեւ 10–11-դարը չունէինք ֆ հնչիւնը, եւ փոխարէնը փ կամ հ կ’արտաբերէինք ու կը գրէինք:
Յունական ֆ-ին փոխարէն կը հնչէինք փ. օրինակ՝
—phalanx փաղանգ
—phasianos փասիան
—philosophos փիլիսոփոս
—phoînix փիւնիկ
—phálkōn փալկոն[1]
Պարսկական ֆ-ին փոխարէն կը հնչէինք հ. օրինակ՝
—framan հրաման
—frešhtak (š=շ) հրեշտակ
—frahāng հրահանգ
—frapaδak (δ=r) հրապարակ
—fraveδ (δ=r) հրաւէր
- Զարմանալի տեղաշարժեր պատահած են յունարէնի մէջ:
ա) Արդի յոյնը չի կրնար արտասանել b հնչիւնը, որ դասական յունարէնի այբուբենի երկրորդ տառն էր՝ a(lpha), b(eta)…կ’ըսէ v իսկ համապատասխան տառն ալ՝ β, կը կոչէ vita: Այլ խօսքով՝ b=β դարձած է v: Basil (Պասիլ-Բարսեղ) եղած է Վասիլ:
Երբ Աթէնքի մաքսատան մէջ կ’ըսես Liban, պաշտօնեան կ’արտասանէ Livan:
Եւ այս չէ միայն…
բ) Նոյն յոյնը իր հազարամեակներու g հնչիւնը փոխած է. փոխանակ gamma արտասանելու՝ կ’ըսէ ղամմա: Այսինքն՝ g դարձած է ղ:
Միւս կողմէ՝ eo երկբարբառը, այսինքն՝ էո, միաբարբառացած ու տուած է պարզ o (eo > o):
Ասոնց հետեւանքը եղած է այն, որ երբեմնի յունական Georgeos անունը, այսինքն՝ Գէորգէոս-ը, արդի յոյնը կ’արտասանէ Ղորղոս:
Ըլլալիք բա՞ն է,– պիտի զարմանաք : Այո՜, եղած է ու այս այսպէս է:
Յունարէնի մէջ կան ուրիշ շա՜տ արտառոց փոփոխութիւններ եւս, սակայն գոհանանք այսքանով՝ խնայելու համար ձեր թանկագին ուղեղներուն եւ…քունին:
- Արտասանական դժուարութիւն կամ արգելք ունեցողներէն թուենք նաեւ եգիպտերէնը, որ ի վիճակի չէ արտասանելու j տառը՝ մեր ժ-ն, որ արաբերէնի ﺝ է:
Փոխարէնը կ’արտասանեն g, արեւմտահյերուս՝ կ հնչիւնը:
Հետաքրքրական է. արաբական այս տառը կը համապատասխանէ, խորքին մէջ, դասական հայերէնի գ-ին, որ է արդի արեւելահայերու արտասանութիւնը եւս, որ հարազատ մնացած է: Ուրեմն՝ եգիպտացին եւ արեւելահայը հաւասարապէս կ’արտասանեն ﺝ = գ :
Բերենք քանի մը օրիննակներ՝
–ﺗﺍﺝ – թագ (արեւմտահայերէն կարդանք՝ թակ)
–ﻣﻨﺠﻞ – մանգաղ (…մանկաղ)
–ﺑﺮﺝ – բուրգ (…պուրկ)
–ﺟﻠﻴﻠﻪ – Գալիլէ (…Կալիլէ)
- Փակենք մեր կորուստներով, որոնք շատ մեծ են:
Հայերէնը ունեցած է զանազանելի բաղաձայններու հինգ եռաշարք յարացոյց.
ա) բ-պ-փ
բ) գ-կ-ք
գ) դ-տ-թ
դ) ձ-ծ-ց
ե) ջ-ճ-չ
Չեմ մտներ բոլոր մանրամասնութեանց մէջ. ըսեմ միայն, որ ասոնք հիմա դարձած են երկշարք, քանի նոյնացած են՝ բ-փ, գ-ք, դ-թ, ձ-ց, ջ-չ: Այլ խօսքով՝ ասոնք արտասանութեամբ այլեւս զանազանելի չեն մեզի համար: Կը մնայ, որ գոց սորվինք, թէ ե՛րբ եւ ո՛ւր պիտի գործածենք իւրաքանչիւրը: Արտասանութեամբ զանազանելի չեն ռ եւ ր եւս:
Ըստ դիրքի՝ զանազանելի չեն նաեւ ե եւ է (սեր–սէր, ), յ եւ հ (յամառ-համար), ո եւ օ (հոտ-հօտ), ւ, ու եւ վ (աւագ-նուագ-նաւավար):
Ուրեմն մեր արդի ուղղագրոթիւնը ունի 19 տառեր՝ 39-ի վրայ[2], որոնց կիրարկութիւնը հարկատու է յիշողութեան: Ասի շատ մեծ թիւ մըն է, որ կ’ընդգրկէ մեր բառերուն գրեթէ 98 տոկոսը, այսինքն՝ հազիւ 2 տոկոս կը կազմեն,– եթէ իրապէս կազմեն,– այն բառերը, որոնք ուղղագրական ամէն շփոթէ զերծ են, ինչպէս՝ ազազուն, աժան, ախտանիշ, ածական, ածու, աղախին, ժամանակ, մածուն, մատիտ, մատանի, նապաստակ եւ նմանները, որոնք յիշեալ 19 տառերէն ոչ մէկը կը բովանդակեն, հետեւաբար միայն մէ՛կ ձեւով կրնան գրուիլ: Որով արեւմտահայերէնը կը դառնայ աշխարհի ամենադժուար ուղղագրութիւն ունեցող լեզուներէն մէկը:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան
[1] Շահէն թռչունն է այս, որ կը կոչուի նաեւ բազէ: Իսկ փալկոն ձեւը աշխարհաբար չէ մտած:
[2] Խորքին մէջ Մեսրոպ Մաշտոց հնարեց 37 տառ. մեզի ծանօթ 36-ը, առաւել ու տառը, որ բնաւ հաշուի մէջ չենք առներ այն «տրամաբանութեամբ», որ զայն կազմող նշանագրերը արդէն կը գտնուին 36-ին մէջ: Այս 37-ին վրայ է որ հետագային աւելցան օ եւ ֆ տառերը: