ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Լիբանան երէկ բոլորեց քաղաքացիական պատերազմի հերթական տարեթիւը: Նման առիթներու կ՛ոգեկոչուին նահատակները, զոհ գացած հազարաւոր անզէն բնակչութիւնը: Կը յիշուին բախումները, առեւանգումները, անհետ կորսուածները: Տակաւի8ն. տագնապները, զանոնք յաղթահարելու համար աշխատած համակարգերը:
Այս պատերազմը դիմափոխութիւն ապրեցաւ անշուշտ. պաղեստինցիներու յարաբերակցութիւնը շուտով վերածուեցաւ կրօնականի, ապա տարբեր քաղաքական հոսանքներու միջեւ ընդհարումներու. յետոյ սուրիական ներկայութեան դէմ կամ բանակին շուրջ զէնքի միաւորման դրօշակին տակ:
Պատերազմը նաեւ իսրայէլեան յարձակումն էր տարբեր փուլերով: Պաղեստինեանէն սուրիական, հասնելով իսրայէլեան, անցնելով միշտ ներքաղաքացիականէն, այս երկիրը հիւծեցաւ այլոց հրահրած կռիւներուն, հրդեհներուն, քաղաքական պառակտումներուն մէջ:
Տարեթիւի արձանագրումը խոկումի առիթ է դասեր քաղելու: Դասեր մեր անմիջական պատմութենէն` չներքաշուելու, հակամարտութիւններուն բացառապէս քաղաքական լուծում բերելու, միայն քաղաքական խորհրդակցութիւններով եւ բանակցութիւններով համախոհական լուծումներ բերելու:
Լիբանանեան պետական եւ քաղաքական դաշտը կրցա՞ւ ճիշդ դասերը քաղել այս բոլորէն: Ո՛չ հանրութիւնը կրցաւ ինքզինք պարտադրել այդ դասերը քաղելու եւ ըստ այնմ նոր ճանապարհային քարտէս որդեգրելու, ո՛չ ալ պետութեան ներկայացուցիչները բոլոր մակարդակներուն վրայ յաջողեցան դուրս գալ այլոց լարած ծուղակներէն:
Պառակտուածութիւնը հիմա այլ դրսեւորումներ ունի. քաղաքական անորոշութիւն, սնանկութիւն, ապաշնորհ վարչակառավարում, հատուածայնութիւն, մսխում, մեկուսացում:
Ասոնք նաեւ որոշ առումներով արդիւնք են դարձեալ այլոց լարած ծուղակներու ներքաշումներուն: Տարածաշրջանին մէջ տարբեր պետութիւններ ունին իրենց խաղաթուղթերը. այս պարագային` համայնքային ուժեր, որոնք պատրաստ են հրահանգաւորուած աշխատելու:
Դասեր չենք քաղած յայտնաբար: Ոչ ենթակայական մղումներէ մեկնած պէտք է արձանագրել, որ այն համայնքը, որ մերժեց ներքաշումը ամբողջ քաղաքացիական պատերազմի զանազան փուլերուն, հայ համայնքն էր: Չներքաշուելու որոշումը սուղ արժեց համայնքին, որ նուիրաբերեց իր ազնուագոյնները:
Ներկայ ճգնաժամին եւս համայնքը կը պահէ իր սկզբունքային հետեւողականութիւնը. փրկութեան կառավարութեան կազմութեան օրուան պահանջէն մինչեւ միջհամայնքային համախոհութեան համար համայնքներու իրողական ներկայացուցչութեան պահպանման առաջադրանքի բարձրաձայնումը, մինչեւ վարչակառավարման մասնագիտացման պահանջը: Համայնքը, որ մերժեց պատերազմը, մերժեց պոյքոթը, մերժեց պետութեան յենասիւները կազմող հաստատութիւններու աշխատանքին խափանումը:
Ասիկա ինքնագնահատական չէ: Քաղաքացիական պատերազմի որոշ հեռաւորութենէ այսօր տարբեր ուժեր կը հաստատեն նոյնը: Կը հաստատեն, սակայն չեն գործադրեր հայ համայնքի ո՛չ միայն յայտարարածը, այլ նաեւ իրականացուցածը:
Հերթական տարեթիւը խոհերու տեղի կու տայ: Այս խոհերը մտածել կու տան, որ անհրաժեշտ է գերադասել լիբանանահայութեան դաւանած սկզբունքները: Որպէսզի քաղուի ճիշդ դասը. որպէսզի չկրկնուին աղէտալի սխալները: