ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ – ՊԱՅՔԱՐ 186
Հայ քաղաքական մտքին մէջ, քիչերու մտքով կ’անցնէր իր բնոյթով եւ ծաւալով Հայոց Ցեղասպանութեան սպառնալիքը: Մեծամասնութեան համար անսպասելի էր: Թրքական եաթաղանը գրեթէ չհանդիպեցաւ դիմադրութեան: Այսուհանդերձ, հայահոծ որոշ քաղաքներ դիմեցին ինքնապաշտպանութեան: Շատեր փրկուեցան,ուրիշներ պատուաւոր մահով ինկան, զէնքը ձեռքին…:
Ինքնապաշտպանութեան անմոռանալի հերոսամարտեր տեղի ունեցան Վանի, Սասունի, Շապին Գարահիսարի, Մուշի, Մուսա Լերան եւ այլ վայրերու մէջ: Համեստ պայմաններու տակ ապրող գրեթէ անզէն հայութիւնը երկարատեւ եւ յամառ դիմադրութիւն ցոյց տուաւ ջարդարարին եւ պատուով տարագրուեցան իր ծննդավայրէն: Շնորհիւ այս դիմադրութեան, հազարաւոր հայեր փրկուեցան թուրքերու «ողորմածութեան» եւ Ցեղասպանութեան գողգոթայով մկրտուելու փորձութենէն:
Մեր ժողովուրդը այս օրերուն կը վերյիշէ Ուրֆայի դիւցազնական հերոսամարտը: Անոր զաւակներուն կերտած հերոսական էջին յիշատակը:
Առ ի տեղեկութիւն մեր յարգելի ընթերցողներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան նախօրէին Ուրֆայի մէջ կը բնակէր երեսունհինգ հազար հայ: Ուրֆացիները, նախապէս՝ 1895-ի հայկական կոտորածներու ընթացքին փայլուն դիմադրութիւն մը ցոյց տուած էին թրքական բանակին: Վերջինս, յիսուն օր Ուրֆան պաշարած պահելէ ետք, ձախողեցաւ գրաւելու հայկական այս փոքր քաղաքը: Ուստի դիմեց նենգութեան՝ ձեւականօրէն ջնջեց պաշարումը եւ դաւադրաբար խուժեց քաղաքը, կոտորելով աւելի քան տասը հազար անզէն հայութիւնը:
1915-ի Ամառը քաղաք ժամանեցին Երիտթրքական «Թաշքիլէթ Մահսուսիյէ»ի անդամներ՝ կազմակերպելու Ուրֆայի հայութեան աքսորը: Անոնք անմիջապէս ձերբակալեցին քաղաքի երեւելիները եւ պահանջեցին 48 ժամերու ընթացքին յանձնել հայութեան մօտ գտնուող զէնքը: Այս միջոցին, անոնք դաժանօրէն սպաննեցին մօտաւորապէս չորս հարիւր խաղաղ բնակիչ:
Բոլոր իրադարձութիւնները կը վկայէին, թէ հայաբնակ այլ շրջաններու նման, Երիտթուրքերը դաժան հաշուեյարդարի նախապատրաստութիւններ կը կատարէին Ուրֆայի բնակիչներուն դէմ: Ուրֆայի հայերը նախազգալով խարդաւանքը դիմեցին ինքնապաշտպանութեան: Անոնք կազմեցին Զինուորական Խորհուրդ: Ինքնապաշտպանութեան կը մասնակցէին բոլորը՝ տարեցը, դեռատի պատանին, աշխատաւորն ու մտաւորականը, հոգեւորականն ու առեւտրականը :
Թրքական թնդանօթներ Ուրֆայի ռմբակոծումը սկսան 1 հոկտեմբերին: Հանդիպելով հայերու յամառ դիմադրութեան,անոնք նահանջեցին: Յաջորդ յարձակումը կազմակերպուեցաւ քանի մը օր ետք: Հայկական Զինուորական Խորհուրդը կեղծ նահանջի դիմեց, որպէսզի թուրքերը փորձեն քաղաք խուժել: Օգտուելով թուրքերուն անտարբերութենէն՝ հայ մարտիկները հակայարձակումի դիմեցին եւ ոչնչացուցին հարիւրաւոր թուրք բանակային:
Ուրֆացիներու դիմադրութիւնը փշռելու նպատակով, թրքական բանակը նոր թնդանօթներով եւ զինուորներով համալրուեցաւ Հալէպէն: Գերմանացի սպայ մը կը վարէր քաղաքին դէմ յարձակողական գործողութիւնները: Ուրֆայի հայերը հերոսաբար ետ մղեցին սկզբնական յարձակումները, սակայն թշնամիին ռազմական առաւելութիւնը աստիճանաբար զգացնել տուաւ իր ազդեցութիւնը:
Հերոսամարտէն ետք միայն յիսուն բնակարաններ կանգուն մնացին Ուրֆայի 2300 տուներէն: Թրքական հրետանին աւերակի վերածեց հայկական թաղամասերը եւ ամրոցները: Զինուորական Խորհուրդի անդամներէն շատեր, անձնուիրաբար կռուելէ ետք, թշնամիին ձեռքը գերի չիյնալու համար, անձնասպանութիւն գործեցին: Ողջ մնացողները աքսորուեցան Իրաքի եւ Սուրիոյ անապատները: Քիչեր հասան Հալէպ: Փակուեցաւ հայու արիւնով ներկուած մեր ժողովուրդի պատմութեան տխուր մէկ էջը…:
Գերմանական աղբիւրներու համաձայն, թրքական կողմը նոյնպէս ունեցած է կորուստներ: Անգլիական աղբիւրներ մինչեւ երեք հազար կը գնահատեն թրքական բանակին կորուստները:
Ուրֆայի հերոսական պաշտպանութիւնը աչքաթողի չմատնուեցաւ: Ժամանակակիցներէն շատեր դատապարտելէ ետք թրքական բարբարոսութիւնները, վեր առին հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան ոգին: Ֆրիտիոֆ Նանսէն իր յուշերուն մէջ գրած է .« Ուրֆայի հայերը զոհուեցան բազում անգամ թիւով գերազանց թշնամիի դէմ կատաղի պայքարէն ետք»: Հանրի Պարպի գրած է ՝ Ուրֆայի հայերը իսկական կռիւի մէջ մտան թուրք ջարդարարներու դէմ եւ տեղի տուին միայն կառավարութեան կողմէ ուղարկուած զօրքերու բազմաքանակութեանը»:
Սակայն մեծագոյն գնահատականը տուած է նոյնինքն թշնամիի բանակին հրամանատարներէն Ֆահրի Փաշա կոչեցեալը.« Ին՞չ պիտի ըլլար մեր վիճակը, եթէ այս ծանր օրերուն, քանի մը Ուրֆաներ մեր դէմ ծառանային…»: Ուրֆայի հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի պատմութեան փառաւոր էջերէն մէկն է:
Վերածնած հայ ժողովուրդը Ուրֆայէն մինչեւ Վան, Շապին Գարահիսարէն մինչեւ Սասուն, Երեւանէն՝ Պէյրութ եւ այլուր կ’ապրի իր նահատակներուն պատգամով, իրականացնելով ազատ ու անկախ հայրենիք ունենալու անոնց երազը: Ցեղասպանը լաւատեղեակ է՝ ոչինչ կը մոռցուի եւ ոչ ոք պիտի մոռցուի պատմութեան լուսանցքներուն մէջ: Հաշուետուութեան եւ արդարութեան ժամը պիտի հնչէ եւ յայնժամ դարձեալ պիտի խայտան հոգիները Վանի, Ուրֆայի, Սասունի, Շապին Գարահիսարի մեր բիւրաւոր հերոսներուն: