Գրեց՝ Տիկին Սօսի Նիկտէլեան – Գանատա
Ամէն տարի Փետրուար ամսուն,
ՍՆԱՎ-ի բոլոր աշակերտները փայլուն,
Գովքը կ՛ընեն Սո՛ւրբ Վարդանին,
Ասմունքներով եւ խօսքերով պանծալի։
Որքա՜ն խինդով ու խանդավառ,
Որքա՛ն սիրով ու Հայասիրութեամբ
Սուրբ Վարդանը մի՛շտ կը յիշեն,
Հերոս Վարդանը մեր պատմութեան։
Ո՛վ նոր սերունդ մեր թանկագին,
Դարեր անցան բայց կը յիշէ՛ք,
Վարդանը քա՛ջ որ կռուեցաւ,
Որ մնանք Հա՛յ եւ Քրիստոնեայ։
ՍՆԱՎ-ի աշակերտներ Հայաշունչ,
Մէկական Վարդաններ նո՛ր սերունդի,
Կը տօնեն քեզ՝ Մեր քաջ Վարդան,
Հերո՛ս Վարդան մեր Հայ ազգին։