Հըզպալլայի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ նախկին նախարարներ Ալի Հասան Խալիլի եւ Եուսեֆ Ֆընիանոսի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները բարոյական կերպով դիտելու պարագային կը նկատուին մեր սիրելի բարեկամներուն կուրծքերը զարդարող պատուոյ շքանշաններ:
«Այդպէս է պարագան բոլոր անոնց, որոնք Ուաշինկթընի կողմէ կ՛ամբաստանուին եւ կը դատապարտուին Դիմադրութեան զօրակցող կամ Դիմադրութեան մարտիկ ըլլալու «յանցանքով»: Ամերիկեան վարչակազմը ահաբեկչական իշխանութիւն մըն է, որ ամբողջ աշխարհին մէջ քանդում եւ քաոս կը տարածէ: Միացեալ Նահանգներ սիոնական ահաբեկչութեան եւ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան գլխաւոր զօրակիցներն են, եւ իբրեւ այդպիսին իրաւունք չունին Դիմադրութեան արժանապատիւ մարտիկները ահաբեկիչ որակելու: Ամերիկեան վարչակարգէն բխած որեւէ որոշում դատապարտելի է եւ մերժելի», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներու քաղաքականութիւնը պիտի չկարենայ Լիբանանի մէջ իրագործել իր նպատակները եւ ծունկի բերել լիբանանցիները, ստիպելով զանոնք` հրաժարելու իրենց գերիշխանական իրաւունքներէն:
«Ընդհակառակն` լիբանանցիները աւելի եւս կառչած պիտի մնան իրենց ազատ որոշումին, ազգային արժանապատուութեան եւ ամբողջական գերիշխանութեան: Ամալ շարժումի ղեկավարութեան եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի կեցուածքները կը փաստեն այս ճշմարտութիւնը: Մենք կը զօրակցինք Ալի Հասան Խալիլին ու Եուսեֆ Ֆընիանոսին եւ կ՛ողջունենք անոնց անշեղ կեցուածքն ու պատրաստակամութիւնը` պաշտպանելու Լիբանանի ազատութիւնն ու արժանապատուութիւնը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ: