Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

«Հին Աստուածներ»-ը` Կրկին Պատգամ Փոխանցող

December 7, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Ինչ Որ Կրնանք

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

1 եւ 2 դեկտեմբերին Հայաստանի «Ալ. Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ սկսաւ ներկայացուիլ Վաչէ Շարաֆեանի «Ձգողականութիւն» երկու գործողութեամբ Լեւոն Շանթի «Հին աստուածներ» թատրերգութիւնը:

Բնականաբար Համազգայինը անմասն չմնաց այս նախաձեռնութենէն, թէ՛ Արեւմտեան Ամերիկայի մարմինը եւ անդամները, թէ՛ ալ Համազգայինի Սօս Սարգսեանի անուան թատրոնի տնօրէն Նարինէ Գրիգորեանը իրենց մասնակցութիւնը բերին:

Բաւական դժուար փուլերէ անցնելէ ետք մշակութասէրներուն ներկայացած այս գլուխ գործոցը կրկնակի արժէք ու պատգամ ունի մշակութային հանրութեան:

1909-ին գրուած Լեւոն Շանթի այս թատերախաղը արդէն «Գաբրիէլ Սունդուկեան» թատրոնին մէջ աւելի քան 20 տարիներէ կը ներկայացուէր: Ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ներկայացուած է «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին կողմէ` Վարուժան Խտըշեանի բեմադրութեամբ, 1982 թուականին:

Մամուլին հետ ունեցած հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին նշուեցաւ, որ պալէն գրուած է տարիներ առաջ, քորեկրաֆ Վիլէն Գալստեան նախաձեռնած է բեմադրութեան, սակայն աւարտին չէ հասած:

Արա Ասատուրեանի եւ Նարինէ Գրիգորեանի բեմադրութեամբ եւ խմբավար Կարէն Դուրգարեանի երկար աշխատանքներէ ետք, համաշխարհային մակարդակով ու որակով 1 եւ 2 դեկտեմբերին առաջին ներկայացումները հրամցուեցան հանրութեան:

Փաստօրէն Լեւոն Շանթի «Հին աստուածներ»-ը այս օրերուն կրկնակի իմաստ ունի: Նախ ինքը` հեղինակը, երկրորդ` հաւատքի եւ միասնութեան պատգամը:

Համազգայինին համար մասնաւորապէս այս ներկայացումը պէտք է յատուկ գնահատանքի եւ գուրգուրանքի արժանանայ:

Մեր իրականութեան մէջ «Հին աստուածներ»-ուն պատգամը տակաւին կը մնայ ապրող:

Բնականաբար Լեւոն Շանթի «Հին աստուածներ»-ը անգամ մը եւս առիթ պիտի ստեղծէ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան դաշտին մէջ: Համազգայինը իր համաշխարհային ցանցով` իբրեւ մշակութային կեանքին թափ տուող եւ գուրգուրացող միութիւն, պէտք է հրաւէր ելոյթներով սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ նախաձեռնէ ներկայացումներու, որպէսզի սփիւռքահայութիւնը եւս առիթ ունենայ վայելելու ներկայացումը եւ հաղորդուելու պատգամներով:

Previous Post

US opposes Al Jazeera taking journalist Abu Akleh’s killing to ICC

Next Post

«Ճ. Պուչիքեան պէտք չէր մասնակցեր կառավարութեան նիստին` յանձնառու մնալով Կեդրոնական Կոմիտէի որոշումին» շեշտեց Յ. Բագրատունի

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.