ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Խծաբերդ-Հին Թաղեր շրջաններուն մէջ կատարուած ատրպէյճանական ներխուժումին եւ անոր յաջորդած դէպքերուն լոյսին տակ՝ կը շարունակեն շրջան ընել հակասական տեղեկութիւններ այդ հատուածին մէջ անհետ կորսուած հայ զինուորներուն եւ գերիներուն մասին: Մասնաւորապէս շրջան կ՛ընեն լուրեր, թէ մինչեւ 171 հայ զինուորներու մասին տեղեկութիւններ չկան։
Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, հերքելով վերոնշեալ թիւին ճիշդ ըլլալը՝ յայտնեց, որ վերոնշեալ շրջաններուն մէջ տակաւին կը շարունակէ անհետ մնալ 73 անձերու ճակատագիրը: Միջադէպին առաջին ժամերէն իսկ, ռուս խաղաղապահներուն աջակցութեամբ, աշխատանք կը տարուի հայ զինուորներուն ճակատագիրը կարելի եղածին չափ արագ պարզելու ուղղութեամբ:
Նախարարութիւնը նախապէս հաղորդեց, որ անյայտ պայմաններու մէջ կորսուած է կապը Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ գիւղերուն կողմերը տեղակայուած մարտական դիրքերու անձնակազմին հետ:
Կը նշուի, որ այդ կորսուած զինուորներուն մեծամասնութիւնը Շիրակի մարզի բնակիչներ են,. հարազատները ատրպէյճանցիներուն հրապարակած տեսանիւթերուն մէջ ճանչցած են իրենց ընտանիքի անդամները՝ պնդելով, որ անոնք երեք օր է շրջափակման մէջ են:
Այս զինուորներուն հարազատները՝ իբրեւ բողոք եւ անոնց ճակատագիրը բացայայտելու պահանջք, 16 Դեկտեմբերին փակեցին Գիւմրի-Երեւան մայրուղիի զանազան հատուածներ: Նոյն նպատակով փակուեցաւ նաեւ Ազատանի հատուածը: Աւելի կանուխ զինուորներուն հարազատները փակեցին Շիրակի մարզպետարանի շէնքի մուտքը` հանդիպում պահանջելով մարզպետ Տիգրան Պետրոսեանի հետ: Մարզպետը զանոնք ուղղորդեց պաշտպանութեան նախարարութիւն, ուրկէ կրնան տեղեկութիւններ ունենալ, սակայն անհետ կորսուածներուն պարագաները դիտել տուին, որ նախարարութիւնը ոչինչ կը հաղորդէ։
Նշենք, որ 44 օրուան պատերազմին ընթացքին անհետ կորսուած զինուորներուն հարազատները, իրենց կարգին, բողոքի ցոյց կատարեցին պաշտպանութեան նախարարութեան դիմաց՝ պահանջելով բացայայտել իրենց զաւակներուն ճակատագիրը, հետապնդել անոնց հարցը։