ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Օսմանեան կայսրութիւն էր, բայց մենք զիրար կը գտնէինք մեզ կավուր կոչող այդ պետութեան կածաններուն մէջ, յետոյ եղաւ 1908-ի սահմանադրութիւնը, այնքան գինովցանք լոզունգներով, որ թմբուկի կոթը մեր գլխուն ջարդեցին, թմբուկն ալ հետը։ Ստեղծուեցաւ Աղեքսանդրէթի սանճաքը, մենք գզուըրտոցի մէջ էինք կամ անհոգ քնացած՝ ֆրանսական բարձի վրայ, ու երբ արթնցանք՝ արդէն կորսնցուցինք զիրար․․․։ Ո՛չ Պէյլան մնաց, ո՛չ Մուսա լեռ, ու կամաց կամաց իրենք իրենց մէջ սմքեցան սահմանէն անդին մնացողներն ալ․․․
Ո՛ւր այդպէս չեղաւ որ․․․
Այսպէս է․ երբ լաւը կը փորձես յիշել՝ ցաւն ալ կու գայ կը սեղմէ կոկորդդ․․․
Վերադառնանք լաւին՝ Անտիոքի շրջանի հայկական գաւառակներու եւ գիւղերու ունեցած հոգեւոր ու մշակութային կապին։ Դարերով Միջերկրականի այդ անկիւնը ապրելով՝ հայեր հազար ու մէկ աւանդազրոյցներով կապուած էին այդ հողին ու կապուած էին իրարու՝ քիչ-քիչ իրարմէ օտարուող բարբառներով կամ օտարախօսութեամբ հանդերձ։ Պէյլանէն ու Աթըգէն մինչեւ Մուսա լեռ, մինչեւ Քեսապի գիւղերը, Ալաուիթ լեռներու Արամոն ու Ղնեմիէն, Որոնդէսի հովիտի Գնիէն ու Եագուպիէն՝ թէ՛ “քիստինի” էին, թէ՛ հայ, թէ՛ խնամի էին, թէ՛ ազգակից։ Իրենց կեանքին մէջ ամենէն գեղեցիկ հանդիպումները կ՛ըլլային համաժողովրդական ուխտագնացութիւնները։ Մարդիկ հեռաւոր այլ գաւառակներու սրբավայրերուն հետ կապ ունէին, ուխտեր կը կապէին անոնց անունին ու քարին ու օր մը չէ, մինչեւ չորս օր կ՛անցընէին ուխտի ճամբաներուն վրայ; Ուխտը՝ ուխտ, պիտի ստեղծուէին նոր կապեր, նոր ազգականութիւններ, պիտի ըլլային նոր քաւոր ու կնքահայր․․․։Մինչեւ հիմա՝ օտարութեան մէջ հանդիպող այս մարդոց սերունդները զիրար “շպէն” կը կոչեն, այսինքն՝ քաւոր։
Ուխտագնացութիւնները լաւագոյն առիթներ էին, որ համատեղ պարերգներ կատարեն, համատեղ պարեղանակներ փչեն ու շուրջպար դառնան, որ քեսապցիին համար տիլանի կը կոչուէր, իսկ մուսալեռցիներուն եւ միւսերուն համար՝ տապքէ։ Ատով ալ միեւնոյն հոգեւոր մշակոյթով կը հարստանային․․․
Իւրայատուկ ուխտագնացութիւն մը ունէին քեսապցիները Մուսա լեռ՝ Քապուսիէ գիւղի դիմաց գտնուող դժուար հասանելի Ս, Սարգիսի քարայրը։ Ուխտագնացութիւնը կը կազմակերպուէր հունձքի ու կալի գործերէն ետք։ Այդ ատեն, Որոնդէսի գետաբերանին մօտ, ուրկէ պէտք անցնէին, սեխն ու ձմերուկը հասած կ՛ըլլային։ Ուխտագնացութիւնը կը կատարուէր հետիոտն՝ լեռներ-ձորեր կտրելով, գետ անցնելով ։
Բնիկ Քեպուսիայէն ազգագրագէտ Գրիգոր Գիւզէլեան կը նկարագրէ քեսապցի ուխտաւորները. «Քեսապցիներն ամեն տարի բերքահաւաքից յետոյ խումբ-խումբ գնում էին յատկապէս Ս. Սարգիս: Խումբը Քեսապի շրջանից դուրս էր գալիս շաբաթ առաւօտեան: Իրիկնադէմին հասնում էին Քապուսիէ, որտեղ արեւմտեան ձորալանջին գտնւում էր Ս. Սարգիս ուխտատեղին: Այդ երեկոյ ուխտաւորները՝ 30, 40 եւ աւելի հոգի, իջնում էին Ներքին աղբիւր, իւրաքանչիւրն իր ցորենն էր լուանում, ապա շուիի կամ զուռնայի հնչիւնների տակ բորբոքում էր Քեսապի յատուկ շուրջպարը: Ոչ միայն մօտիկ, այլեւ հեռաւոր թաղեցիները շտապում էին դիտելու «Քեսապցոց պարը”։
Այդ գիշեր քեսապցիները քապուսացիների հիւրերն էին լինում: Առաւօտեան, գիւղից անհրաժեշտ ամաններ վերցրած՝ գնում էին նշանաւոր ուխտատեղին: Նախորդ երեկոյեան քահանային խնդրում էին, որ ուխտավայրում իրենց համար պատարագ մատուցի: Քահանան սիրով համաձայնում էր: Գիւղում ամեն ոք գիտէր, որ այդ օրը պատարագ է լինելու: Եկեղեցու կոչնակի ղօղանջները հրաւիրում էին այդ օրն աղօթելու բացօթեայ, համանուն ձորի լանջին, բնութեան ծոցում: Խորանը ժամանակաւոր էր: Պատարագից առաջ օրհնում էին մատաղացուն ու սեղանները, մարդիկ ճաշակում էին մատաղը եւ մաղթում «ընդունելի լինի»: Ապա վերադառնում էին Քեսապ» ( Մուսա Լեռան ազգագրությունը, Երեւան 2001, Էջ 211-212:) ։
«Այսպէս՝ երեք օրեր սպառած էինք Քեսապէն Սուրբ Սարգիս երթալ-գալու համար» կը գրէ Ալպէռ Ս․ Թեմիրեան (Քէսապ, 1955, էջ 49)
Մուսա Լեռան Եողուն Օլուք գիւղէն ոչ հեռու Ս․ Թովմաս Առաքեալ վանքի աւերակները կան։ Այստեղ կը կատարուէր Ս․ Խաչի համաժողովրդական ուխտագնացութիւնը։ Անոր կը մասնակցէին ուխտաւորներ նաեւ Անտիոքի եւ Լաթաքիոյ տարբեր շրջաններէն՝ Պէյլանէն, Քեսապէն, Արամոյէն, Ղնեմիէէն եւ այլն։ Վագըֆ գիւղէն, Մուսա լեռան վերջին քաղաքապետ Թադէոս Պապիկեան կը պատմէ. «14-9-1927 թուին Ս․ Խաչի տօնին առթիւ հեռու Քեսապի Գալատուրան թաղէն Գալէմտէրեան ընտանիքը բերած էր իրենց մանչուկը՝ անոր մազերը կտրել տալու․ ուխտ ըրած էին Թովմաս Առաքեալին։ Հետերնին բերած էին 3 խոյ եւ չորս ջորիներու վրայ բեռցած զանազան ուտելիք եւ խմելիքներ։ Անոնց ազգականք եւ բարեկամք15-20 հոգիէն աւելի էին։ Անոնց առաջին կանգառը եղաւ Վագըֆ գիւղ՝ տունը ողբացեալ Մանուէլ Շամմասեանի (Այտըն), որ կ՛ըլլար զաւակը Գալեմտէրեաններուն մօրաքրոջ՝ Մարգարիտին՝ մանճիկեաններուն աղջիկը, իմ ալ աներհայրս։
Շաբաթ օրուընէ Թովմաս Առաքեալի աւերակներուն շուրջ տեղաւորուած եւ իրենց մատաղցուները զենելէն վերջ սկսած էին խրախճանքի՝ իրենց հետ բերած թմբկահարներով (տաւուլ զուռնա) եւ անոր հետ միասին Քեսապի ժողովուրդին յատուկ պարը (տեպքէ) շարունակելով պարել մինչեւ յաջորդ առաւօտ։
Թովմաս Առաքեալի վանքէն վերադարձին Վագըֆի մէջն ալ շարունակեցին խրախճանքը, որ տեւեց մինչեւ յաջորդ երկուշաբթի օր՝ միշտ կրկնելով իրենց յատուկ պարն ու երգերը իրենց յատուկ բարբառով» («Խաչվերացի օրը մեր գիւղերուն մէջ», Քուլիս, 1987, թիւ 979, էջ 20):
Յետոյ․․․ պարպուեցան գիւղերը, մնացեալները սմքեցան․ ամայացան ուխտավայրերը․ հեռաւոր տեղերէ երբեմն կը լսուի փողն ու թմբուկի կանչը, ինչպէս ընկղմող նաւին երկինք նայող ցռուկը։։