Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 2 Սեպտեմբերի երեկոյեան, 2022-ի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ կատարեց իր չորրորդ մրցումը, երբ Ժ. խմբակին մէջ հիւրը եղաւ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ:
Սպանացի Խոաքին Քափարոսի գլխաւորած կազմը` Հայաստան, իր այս մրցումին սկսաւ իր տրամադրութեան տակ ունենալով 9 կէտ` նախորդ երեք մրցումներուն, իր արձանագրած երեք յաղթանակներուն շնորհիւ:
Սքոփյէի մէջ տեղի ունեցած մրցումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով։ Սակայն, հակառակ իր արձանագրած այս հաւասարութեան, Հայաստան մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ (10 կէտով), կէտի մը առաւելութիւնը ունենալով Գերմանիոյ վրայ, որ յաղթեց Լիխթնշթայնին, 2-0 արդիւնքով:
Միւս կողմէ, Եւրոպայի ֆութպոլի` «Եւրօ-2023»ի 21 տարեկանէն վար հաւաքականներու ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ, Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը, որ հիւրընկալեց Ֆարօ կղզիները, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Կոլերը նշանակեցին Նարեկ Գրիգորեան եւ Միքայէլ Միրզոյեան, որ նաեւ կատարեց առաջին կօլին փոխանցումը: