Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

«Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ նոր գործողութեան թղթածրարը պիտի մնայ մեր օրակարգին վրայ, մինչեւ մեր անվտանգութեան առնչուող մեր մտավախութիւններուն չքացումը» կ՛ըսէ Էրտողան

July 21, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Iran’s supreme leader warns Erdoğan against Syria offensive

Ըստ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնած է, թէ . «Միացեալ Նահանգներ, իբրեւ  մասնակից Սուրիոյ յատուկ Ասթանայի 2017 թուականի քննարկումներուն,  պարտի  հեռանալ  Եփրատ գետի արեւելեան շրջաններէն»:

«Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ զինուորական նոր գործողութեան թղթածրարը պիտի մնայ մեր օրակարգին վրայ, մինչեւ մեր ազգային անվտանգութեան առնչուող մեր մտավախութիւններուն չքացումը», ըսած է Էրտողան:

«Կ՛ուզենք, որ Ռուսիան եւ Իրանը մեզի հետ ըլլան Թուրքիոյ հարաւային սահմաններէն 30 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ պայքարին մէջ, եւ պէտք է մեզի անհրաժեշտ աջակցութիւնը տրամադրեն», նշած է Թուրքիոյ նախագահը` աւելցնելով. «Ահաբեկչական կազմակերպութիւնը ի զուր կը կարծէ, որ կրնայ  հիւսիսային Սուրիոյ մէջ վարչակարգի դրօշը բարձրացնելով թրքական բանակը խաբել»:

Էրտողան այս  յայտարարարարութիւնը կատարած է  Թեհրանի մէջ գումարուած Ասթանայի վեհաժողովէն օր մը  ետք:

Քենաանի. «Թրքական Կողմը Զգուշացուցինք Սուրիոյ Դէմ Հաւանական Որեւէ Յարձակումի Վնասներէն»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի երէկ յայտնեց. «Սուրիոյ դէմ զինուորական յարձակումին նկատմամբ Իրանի դիրքորոշումը յստակ է, եւ Թեհրանի պաշտօնատարները թրքական կողմը զգուշացուցին Սուրիոյ դէմ հաւանական որեւէ յարձակումի վնասներէն»:

Ըստ Քենաանիի, Թեհրան յայտնած է, որ «պէտք է դադրեցնել Սուրիոյ մէջ գործունէութիւնը անջատողական ազգայնականներու, որոնց շարքին` քիւրտերուն, եւ անոնք պէտք է ենթարկուին սուրիական կառավարութեան»:

Պատասխանելով Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատի` իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ հանդիպումի մասին հարցումի մը, ան ըսաւ, որ իր երկիրը «տեսակէտները կը փոխանցէ երկու կողմերուն, եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը ընդառաջեց իր իրանցի պաշտօնակիցի հրաւէրին, եւ քննարկուելիք թղթածրարներն են երկու երկիրներու համագործակցութիւնը եւ Ասթանայի հոլովոյթի արդիւնքներուն հետեւիլը»:

«Իրան Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը կ՛ընդգծէ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Թեհրանի մէջ Ասթանայի վեհաժողովը երեք երկիրներուն կողմէ Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան եւ անկախութեան յարգումը շեշտեց»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ նշեց. «Ամերիկան պէտք է իր ուժերը հեռացնէ Սուրիայէն եւ դադրի ահաբեկչութեան աջակցելէ»:

Աւելի ուշ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատ իր իրանցի պաշտօնակից Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Դամասկոս գոհ է Թեհրանի վեհաժողովին կողմէ Սուրիոյ միութեան վերաբերեալ հաւասարակշռուած հաղորդագրութեան մը որդեգրման համար թափած ջանքերէն:

«Սուրիական հողերուն վրայ ապահովութեան գօտի ստեղծելու Թուրքիոյ ձգտումը, զայն Դամասկոսի հետ տագնապի դիրքի վրայ պիտի դնէ», ըսաւ սուրիական դիւանագիտութեան պետը` նշելով, որ իր երկիրը դէմ է սուրիական հողերուն վրայ ապահով գօտիներ ստեղծելու համար թրքական որեւէ միջամտութեան, «եւ մենք դէմ ենք թրքացման քաղաքականութեան եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն աջակցութեան»:

Previous Post

Ծննդաբերութիւններու  աճ  Հայաստանի  մէջ

Next Post

9 Job Interview Questions You Really Can’t Ask For Legal Reasons

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.