ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը պիտի մասնակցի յառաջիկայ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
ՀՀԿի կեդրոնական գրասենեակին մէջ կուսակցութեան Գերագոյն մարմինի նիստէն ետք այս մասին յայտարարեց ՀՀԿի փոխնախագահ Արմէն Աշոտեան:
Ըստ անոր՝ մասնակցութեան հաւանական ձեւաչափերու քննարկման իբրեւ արդիւնք՝ որոշուած է նախընտրական դաշինքի գործընթացին մեկնարկել «Հայրենիք» կուսակցութեան հետ:
«Հայրենիք»ի առաջնորդն է Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեան: