Արմաւիր մարզի Լեռնագոգ գիւղի հարեւանութեամբ «Լեռնագոգ 1» անուամբ հնավայրին մէջ բացայայտուած է բնակատեղի, որ կը թուագրուի ք.ա. 8-րդ հազարամեակի վերջով – 7-րդ հազարամեակի սկիզբով:
Իսկ բնակատեղիիին մէջ ապրող հասարակութիւնը տիրապետած է որոշակի ճարտարապետութեան: Այս մասին այսօր լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն Պաւել Աւետիսեան` ամփոփելով 2017 թ. աշխատանքները, կը յայտնէ tert.am-ը:
«2017 թ. հիմնական հետազօտութիւններու ժամանակ փայլուն արդիւնք ունեցանք: Խօսքն այն մասին է, որ առաջին անգամ այս տարածաշրջանին մէջ արձանագրած ենք կայուն բնակատեղի, որուն ստորին շերտերը կը թուագրուին ք.ա. 8-րդ հազարամեակի վերջով – 7-րդ հազարամեակի սկիզբով: Մինչ այդ Հայաստանի տարածքին մէջ հնագոյն բնակատեղիներու շերտերն առաւելագոյնը, որ կրնայինք թուագրել, ք.ա. 6-րդ հազարամեակի քառորդն էր»,- նշեց Պաւել Աւետիսեան:
Ըստ անոր` սա 2017թ. ամենաերեւելի փաստագրումն է: Այժմ 1000 տարի աւելի վաղ ժամանակներու հնավայրի մասին է խօսքը, որ կ՝ապացուցէ, որ Հայկական լեռնաշխարհի այս հատուածները բնակեցնողները նէոլիթեան դարաշրջանի սկզբնափուլերուն մէջ այդ գործընթացներու աշխոյժ մասնակից եղած են:
«Միջազգային գիտութեան մէջ տեսակէտ կայ, որ միջուկային գօտիներէն հմտութիւնները կը տարածուէին Փոքր Ասիայով դէպի Եւրոպա: Ըստ էութեան, մենք այսօր փաստագրած ենք ժամանակակից Հայաստանի տարածքին մէջ յուշարձան, որ այդ ժամանակներու է, այսինքն` միջուկային գօտիներուն բնորոշ չափանիշներով յուշարձան արձանագրած ենք»,- յայտնեց ան:
Պաւել Աւետիսեանի խօսքով` հիմա հերթը Մշակոյթի նախարարութեանն է, որպէսզի այս հնավայրը ընդգրկուի ցուցակներու մէջ եւ պետութեան կողմէ պահուի:
ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գիտաշխատող Արթուր Պետրոսեան ընդգծեց, որ Լեռնագոգին մէջ կաւէ շինութեան հետքեր յայտնաբերուած են: Հնավայրին մէջ յայտնաբերուած բոլոր իրերու` ոսկրաբանական նիւթերու, ածուխներու ուսումնասիրութիւնը նոյն ժամանակաշրջանի թուագրում ունեցած է:
«Յստակ կրնանք ըսել, որ Լեռնագոգը 8-րդ հազարամեակի վերջի – 7-րդ հազարամեակի սկիզբին է, եւ հասարակութիւնը, որ կ՝ապրէր այդտեղ, կը տիրապետէր որոշակի ճարտարապետութեան: Մարդիկ տիրապետած էին կաւի ճարտարապետութեան: Դեռեւս 2015 թ. հետախուզական աշխատանքներ կատարած է այստեղ գտած էինք 10-րդ հազարամեակին բնորոշ գործիքներ, որոնք քարէ ճարտարապետութեան հետ կապ ունէին: Իսկ 2017 թ. արդէն աւելի մեծ մասշտաբով սկսանք պեղել եւ գտանք անխաթար շերտեր, ոսկրաբանական նիւթեր, որոնք թոյլ տուին աւելի յստակ պատկերացում կազմել»,- ըսաւ Արթուր Պետրոսեան: