Հայաստանի Հանրապետութեան կեդրոնական դրամատունը 22 Մարտ-էն շրջանառութեան մէջ դրաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան-150» ոսկէ յուշադրամը: Այս մասին յայտնեց ՀՀ կեդրոնական դրամատան մամլոյ ծառայութիւնը։
Յուշադրամի դիմերեսի նկարին հեղինակը Յարութիւն Սամուէլեանն է, իսկ դարձերեսին՝ Վարդան Վարդանեանը:
Յուշադրամը հատուած է Լիթվայի դրամահատարանին մէջ:
Կիւլպէնկեանի կտակի համաձայն` 1956-ին Լիզպոնի մէջ հիմնուած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամը, որ նիւթական մեծ աջակցութիւն կը տրամադրէ Սփիւռքի հայ մշակութային միութիւններուն, հայկական դպրոցներուն եւ հոգեւոր հաստատութիւններուն, կրթաթոշակներ՝ հայ աշակերտներուն եւ ուսանողներուն:
Կիւլպէնկեան ձեռք բերած է արուեստի գործերու, մետաղադրամներու եւ արուեստագիտական գիրքերու հարուստ հաւաքածոյ, որ այժմ ներկայացուած է Լիզպոնի՝ աշխարհի բացառիկ` Գալուստ Կիւլպէնկեանի թանգարանի ցուցասրահներուն մէջ: