ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յունիս 30-ին քանդակագործ Արտօ Չաքմաջեանին պարգեւատրեց «Արշիլ Գորկի» մետալով:
Յարութիւն (Արտօ) Չաքմաքչեան ծնած է 1933թ.-ին Եգիպտոս: 1948թ.-ին ընտանիքով հայրենադարձուած է Խորհրդային Հայաստան: 1975 թուականէն կ’ապրին Քանատայի Մոնրէալ քաղաքին մէջ:
Արտօ Չաքմաքչեան քանդակագործութեան ասպարէզին մէջ կը համարուի արտայայտիչ կերպաւորման մեթոտի հիմնադիրներէն մէկը: Այդ մեթոտով ան քանդակած է Կոմիտասի, Կոստան Զարեանի, Առնօ Բաբաջանեանի դիմաքանդակները, «Ազատութիւն» քանդակը: Ան նաեւ դեկորատիւ-կիրառական քանդակագործութեան հռչակաւոր վարպետներէն է, ստեղծած է «Սասունցի Դաւիթ», «Բերքահաւաք» քանդակները: Անոր մեծ համբաւ բերած են «Կոմիտաս» եւ «Ապրիլեան յուշակոթող» վեհաշուք յուշարձանները: 2010թ.-ին Փարիզի մէջ ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ն կազմակերպած է Արտօ Չաքմաքչեանի քանդակներու ցուցահանդէսը:
Բարձր գնահատելով Արտօ Չաքմաքչեանի ներդրումը հայապահպանութեան, հայ մշակոյթը աշխարհին ներկայացնելու գործին` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մասնաւորապէս նշեց. «Ինձ համար մեծ պատիւ է ներկայացնել արուեստի մեծագոյն վարպետներից մէկին` քանդակագործ Արտօ Չաքմաքչեանին, ով կեանքի մի մասն ապրել է Հայաստանում, միւս մասը` Քանատայում, բայց մշտապէս ամուր թելերով կապուած է եղել Հայրենիքի հետ: Չաքմաքչեան ազգանունը վաղուց դուրս է եկել հայկական աշխարհի շրջանակներից եւ դարձել համաշխարհային մշակոյթի մեծագոյն երեւոյթներից մէկը»:
Շնորհակալութիւն յայտնելով բարձր պարգեւի համար` պարոն Չաքմաքչեան նշեց. «Ես անուղղակիօրէն ներկայացուցած եմ մեր երկիրը եւ ցոյց տուած աշխարհին, որ մեր երկիրն ալ գեղարուեստական խօսք, արուեստ ունի: Եթէ ես ճանչցուած եմ աշխարհի մէջ, ապա միայն շնորհիւ Հայաստանին, քանի որ Հայաստանի անցեալի եւ ներկայի մշակոյթը սնունդ տուած է իմ արուեստին»: