Շաբաթ, 30 Հոկտեմբերի կէսօրէն ետք ժամը 1:30էն սկսեալ, Բիւրականի մէջ, Հայաստան, տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի բանակավայրի անուանակոչութեան արարողութիւնը՝ ի յիշատակ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ, վաստակաշատ ՀՄԸՄական Գառնիկ Մկրտիչեանի:
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութեան կազմակերպութեամբ իրականացած այս արարողութեան ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Դաւիթ Իշխանեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Բագրատ Եսայեան, իրենց լիագումար նիստերը Երեւանի մէջ կատարող ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, ՀՄԸՄականներ, Գառնիկ Մկրտիչեանի ընտանիքի անդամներ, հարազատներ եւ բարեկամներ:
Արարողութեան բացումը կատարելով՝ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի ներկայացուցիչ Անուշիկ Փանոսեան նկատել տուաւ, որ Գառնիկ Մկրտիչեան տասնամեակներ շարունակ նպաստած է հայ երիտասարդութեան ազգային դաստիարակութեան: Իբրեւ հայկական մարզական եւ սկաուտական մեծագոյն կազմակերպութեան՝ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ, ան աշխոյժ դերակատարութիւն ունեցած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ՀՄԸՄի կառոյցներու հիմնադրման եւ գործունէութեան ծաւալման մէջ: Անուրանալի է անոր դերակատարութիւնը յատկապէս Հայաստանի մէջ ՀՄԸՄի 100ամեակի նախաձեռնութիւններուն իրականացման մէջ:
Փանոսեան շեշտեց, որ Գառնիկ Մկրտիչեանի մահով սփիւռքահայութիւնը եւ համայն հայութիւնը կորսնցուցին ազգային-միութենական վաստակաւոր գործիչ մը, որուն հասարակական գործունէութիւնը հիմք հանդիսացաւ մշտապէս վերարժեւորելու ազգային եւ պետական մեր արժէքները:
Ապա, խօսք առաւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան եւ յայտնեց, որ Գառնիկ Մկրտիչեանի վաղաժամ մահուան առիթով, Կեդրոնական վարչութիւնը Գառնիկ Մկրտիչեանի ընտանիքին հետ համախորհուրդ որոշեց հիմնել ֆոնտ մը՝ միութենական օգտակար եւ մնայուն ծրագիրով մը յաւերժացնելու համար անոր յիշատակը եւ միութենական ժառանգը: Հետեւաբար, ՀՄԸՄի Բիւրականի բանակավայրը Գառնիկ Մկրտիչեանի անունով կոչելով եւ այդ ֆոնտը յատկացնելով բանակավայրի բարգաւաճման ծրագիրներուն, կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել ո՛չ միայն բանակավայրին արդիականացումը, այլեւ՝ նորութիւններու յաւելումը անոր կառոյցին վրայ:
Վաչէ Նաճարեան հաստատեց, որ այս որոշումը կը բխի այն նկատողութենէն, որ Գառնիկ Մկրտիչեան մեծ ներդրում ունեցած է բանակավայրի շինարարութեան եւ ընդարձակման մէջ, նաեւ՝ բանակավայրը լաւագոյն տեղն է ՀՄԸՄկան մարդուժի պատրաստութեան, որուն ամրօրէն կը հաւատար Գառնիկ Մկրտիչեան՝ գիտակցելով, որ այս բանակավայրը երկրորդ տունը կը հանդիսանայ իւրաքանչիւր ՀՄԸՄական սկաուտի: Բանակավայր մը, ուր մեր նոր սերունդի զաւակները իրենց ազգային ինքնութիւնը կը կերտեն Արագածի լանջերուն՝ իրենց հայեացքները ուղղելով դէպի սրբազան լերան գագաթը, որ կը մարմնաւորէ Գառնիկ Մկրտիչեանի միութենական-գաղափարական համոզումը եւ կազմակերպական աշխատանքին առանցքը:
Այս առիթով, Մկրտիչեան ընտանիքին անունով խօսք առաւ Գառնիկ Մկրտիչեանի զաւակը՝ Նժդեհ Մկրտիչեան, որ նշեց, թէ ինը ամիսներ ետք տակաւին դժուար եւ անկարելի է ընդունիլ անոր բացակայութիւնը մեր կեանքին մէջ: Եւ այսօր ա՛լ աւելի դժուար է գտնուիլ հոս, շրջապատուած ՀՄԸՄականներով եւ զգալ, նկատել անոր բացակայութիւնը եւ իր մասին խօսիլ անցեալ եղանակով: Ծանր է իրականութիւնը, իսկ աւելի ծանր՝ անոր համակերպիլը:
Իր հօր մասին վկայութիւններ ներկայացնելով՝ Նժդեհ Մկրտիչեան յայտնեց, որ կարելի չէ չյիշել Գառնիկ Մկրտիչեանի մնայուն ներկայութիւնը այս բանակավայրին մէջ, առնուազն վերջին 10 տարիներուն: Կարելի չէ չյիշել այս բանակավայրին ընդարձակման աշխատանքները, 100ամեակի ձեռնարկները, բանակումը… Կարելի չէ չյիշել ընդհանրապէս անոր կապուածութիւնը այս միութեան, անոր մտահոգութիւնները, ծրագիրները, միտքերը, աշխատանքները, որոնք երբեմն դուրս գալով միութենական կեանքէն մաս կը կազմէին իր անձնական կեանքին:
«Այսուհետեւ ան այս բանակավայրին պիտի հսկէ ո՛չ թէ աչքերով, այլ՝ իր հոգիով, ո՛չ ֆիզիքապէս հոս կանգնած, այլ՝ իր բարձունքէն, երկնային նոր բնակարանէն, իր շուրջ համախմբած ՀՄԸՄական բոլոր քոյրերն ու եղբայրները, որոնք յաւէտ հեռացած են երկրային մեր կեանքէն, այս աշխարհէն, ու բանաւոր բացակայութեամբ հեռու կը մնան միութենական գործունէութենէ, սակայն անոնք միանալով Արարատ ու Արագած լեռներուն պիտի պաշտպանեն այս բանակավայրը: Բանակավայր մը, որ էր, է՛ ու պիտի շարունակէ մնալ հաւաքավայրը ՀՄԸՄական յաջորդական սերունդներու, որոնցմով միշտ հպարտ էր Գառնիկ Մկրտիչեան», ընդգծեց Նժդեհ Մկրտիչեան:
Առիթը պատեհ նկատելով՝ Նժդեհ Մկրտիչեան շնորհակալութեան խօսք յայտնեց ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան՝ այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան մտայղացման եւ իրականացման համար: Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց այն բոլոր ՀՄԸՄականներուն, որոնք ընտանիքին հետ եղան, յիշեցին, յարգեցին ու կը շարունակեն վառ պահել Գառնիկ Մկրտիչեանի յիշատակները եւ կը շարունակեն ու պիտի՛ շարունակեն անոր աշխատանքները՝ իրականացնելով անոր ակամայ անաւարտ ձգած գործն ու ծրագիրները:
Խօսքերու աւարտին, Գառնիկ Մկրտիչեանի անունը կրող սկաուտական բանակավայրի յուշաքարին օրհնութիւնը կատարեց եւ անոր յիշատակին աղօթք արտասանեց Բիւրականի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վրթանէս քհնյ. Պաղալեան:
Արարողութիւնը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգի խմբերգումով: