ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏՉԵԱՆ
Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի արտասանած խօսքը՝ ՀՄԸՄի 100ամեակի Երեւանի հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 24 Յուլիսին, Ալեքսանդր Սպենդարեանի Օփերայի եւ Պալէի սրահին մէջ:
«100 տարին երկար ժամանակ է մարդու կեանքին համար, սակայն կարճ, այն ալ շատ կարճ ժամանակ է ազգային հաւաքականութեան համար, սովահար, գաղթական եւ որբացած սերունդներէն միտքով ու մարմինով առողջ, ազգային իրենց ինքնութեամբ հպարտ եւ արժանապատիւ սերունդներ կերտելու համար: Զարմանալի բան չկայ այս իրողութեան մէջ, որովհետեւ սովորական միութիւն մը չէ եղած ՀՄԸՄը, ոչ ալ գործած է սովորական պայմաններու մէջ:
ՀՄԸՄը սուղ գին վճարեց ազատ ու անկախ հայրենիքի գաղափարակիրը ըլլալուն համար: Սփիւռքի մէջ, ան երբեք դիւրին պայմաններու մէջ չգործեց: ՀՄԸՄը մարզախաղեր կիրարկեց առանց մարզադաշտ ունենալու: ՀՄԸՄը սկաուտութիւն կազմակերպեց առանց անհրաժեշտ յարմարութիւններ ունենալու: Բայց ՀՄԸՄը գործեց եւ շատ լաւ գործեց, որովհետեւ կամաւոր բանակի սկզբունքով, անոր անդամներէն իւրաքանչիւրը իր միտքն ու բազուկը ի սպաս դրաւ հաւաքականին, ազգին ու հայրենիքին: ՀՄԸՄը գործեց, մեծցաւ, ուռճացաւ եւ հզօրացաւ՝ բացառաբար ապա-ւինելով իր անդամներու կամաւոր աշխատանքի գիտակցութեան, պատրաստակամութեան եւ զոհողութեան ոգիին:
Յիշենք 100 տարի առաջ, Հայաստանի լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանի այն բնորոշումը, թէ՝ մեծ է դերը ՀՄԸՄին: Այդ դերը լաւ ըմբռնելու համար անհրաժեշտ է ազգային բարձր գիտակցութիւն, այսինքն մեր ուժերուն, մեր արժէքին, մեր ընթացքին եւ նպատակին պայծառ ըմբռնում: Յարգանքը, պատկառանքը եւ տեղը այս աշխարհի մէջ՝ ուժով կը ստացուին, կը պարտադրուին եւ կը ներշնչուին: Իսկ ուժեղ են առոյգը, առողջն ու կորովին:
Մեր ժողովուրդը ՀՄԸՄին տուած է «Կամաւոր բանակ»ի կոչում եւ պարտականութիւն: Այդ կոչումն ու պարտականութիւնը կը թելադրեն այսուհետեւ ըլլալ աւելի զգօն ու պատրաստ՝ դիմագրաւելու մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին սպառնացող բոլոր տեսակի մարտահրաւէրները: Ի վերջոյ, մեր կեանքը, հայրենիք թէ Սփիւռք, հայապահպանութեան համար մղուող մէկ մեծ պատերազմ է: ՀՄԸՄը կամաւոր այն բանակն է, որ այդ մեծ պատերազմը, փոքր-փոքր կռիւներով, մասնաճիւղ առ մասնաճիւղ կը մղէ երկիրէ երկիր, շրջանէ շրջան: Ի՜նչ փոյթ, եթէ ան տեղ-տեղ կռիւը կը կորսնցնէ: Կարեւորը մեծ պատերազմը չկորսնցնելն է: Կարեւորը հայապահպանութեան զրահները գետինը չդնելն է: Այլապէս, ՀՄԸՄը յաղթանակներու միութիւնն է»: