Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի մեծ ընտանիքը տողանցքով եւ հանդիսութեամբ նշեց Մայիսեան անկախութեան 104-րդ ամեակը

May 31, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի մեծ ընտանիքը տողանցքով եւ հանդիսութեամբ նշեց Մայիսեան անկախութեան 104-րդ ամեակը

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կիրակի, 29 մայիս 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-էն սկսեալ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան նուիրուած Մայիսեան տողանցք, որ եկաւ խանդավառութիւն, դրական ներուժ եւ յոյս ներարկելու լիբանանեան վերջին երկու տարիներու ծանր առօրեայով ապրող եւ «Քորոնա»-ի սահմանափակումներուն պատճառով համախմբումներէ զրկուած, սակայն անոր կարօտցած լիբանանահայութեան:

Արդարեւ, մերօրեայ բարդ պայմաններուն մէջ, երբ լուսաւոր լիցքերու բացակայութիւնը զգալի է, կարելի չէր չյուզուիլ եւ միեւնոյն ատեն չքաջալերուիլ ի տես խրոխտ կեցուածքով, վճռական քայլերով, բարձր ճակատներով տողանցող տարազաւորներուն, որոնք` մոկլիէն մինչեւ երիցագոյն անդամ, մէկական «դեսպան»-ներն են հայութեան ջահը միշտ բարձր ու վառ պահած ՀՄԸՄ-ին, անոր «Բարձրացիր բարձրացուր» նշանաբանը կրողն ու գործադրողը, որոնք եկան անգամ մը եւս հաստատելու, որ լուսաշող ապագա՛ն են իրենք, իրենց գետինը թնդացնող քայլերով պիտի շարունակեն երթը միութեան հիմնադիրներուն, անոր գոյատեւման եւ բարգաւաճման համար իրենց կեանքը նուիրած ՀՄԸՄ-ականներուն` մեզի հետ ըլլան անոնք թէ անդենականին մէջ: Յոյս եւ դրական ներուժ կը շողար նաեւ տողանցքին մասնակից ԼԵՄ-ականներէն եւ մարզիկներէն` նոր սերունդի արժանաւոր ներկայացուցիչներէն, որոնց բարձրացուցած Եռագոյնը ինքնին պատգամ է ու խորհուրդ:

Դաշտը գտնուող պատուոյ հիւրերն ու ժողովուրդը մեծապէս լիցքաւորուեցան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ Այնճարի շեփորախումբերու հնչեցուցած ազգային երգերու խրոխտ եղանակներով, փառատօնին շունչ ու եռանդ հաղորդող, յայտագիրը վարող Հրակ Աւետանեանի ազգայնաշունչ պատգամներով` հաւատալով, որ աւելի լաւ ապագայ մը ունենալու պայքարը երբեք կանգ չէ առած ու պիտի չառնէ:

Մայիսեան փառատօնը ընթացք առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի դրօշակներուն ծածանումով` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ հնչած Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներուն կշռոյթով, ապա խորհրդաւոր կերպով կատարուեցաւ ջահավառութիւնը` երէց եւ նոր սերունդներու ներկայացուցիչներուն ձեռամբ:

Այնուհետեւ ՀՄԸՄ-ի զոյգ շեփորախումբերուն հնչեցուցած երաժշտութեան կշռոյթներով խրոխտ, հպարտ եւ հաստատ քայլերով, պահանջատէր ու ինքնավստահ հայու դոփիւնով տողանցեցին ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերը, շրջանային խմբապետութիւնը, վեթերան խմբապետները եւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ը, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական եւ մասնաճիւղերու տարբեր մարզական խումբերը:

Փառատօնին բացման խօսքը արտասանեց Սոնա Պօղոսեան, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին` նշելով, թէ կամքէ անկախ պատճառներով քանի մը տարուան դադարէ ետք որոշած են դարձեալ տողանցքով տօնակատարել պանծալի մայիսեան անկախութեան տօնը, որպէսզի կրկին փառաւորուի մայիսեան յաղթանակ կերտածներուն եւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներուն, անոր ծառայած վաստակաւոր ծանօթ ու անծանօթ բազում հերոսներուն յիշատակը:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը ուղղեց վարչութեան ատենապետ Հայկ Թապաքեան, որ նախ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի մեծ ընտանիքին անունով շնորհաւորեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան յաղթանակը Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն` լիբանանահայութեան հարազատ ձայները ստացած երեսփոխաններուն մաղթելով յաջողութիւն:

Հ. Թապաքեան դիտել տուաւ, որ 104 տարիներ առաջ, երբ ՀՄԸՄ-ը հիմնուեցաւ, կազմեց սկաուտական եւ մարզական հզօր բանակ մը, որ նուիրեալ կերպով եւ մեծ զոհողութեամբ ծառայեց ազգին ու տէր կանգնեցաւ անոր դրօշին` միշտ ոգեւորիչ ուժ հանդիսանալով հայութեան համար, ծառայելով ամէնուր` Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին: Ան նշեց, որ` իր գաղափարներուն կառչած եւ ազգանուէր նպատակներուն հետամուտ, միութիւնը տարուէ տարի աւելի աշխուժացաւ ու յաւելեալ գիտակցութեամբ տարաւ ազգասիրական պարտաւորութիւնները` միշտ ձգտելով յաւելեալ ու աւելի լաւ բան մը տալ իր ժողովուրդին:

«Հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ ՀՄԸՄ-ը իր իւրայատուկ տեղը ունի, ինչպէս նաեւ իր կարեւոր նպատակը` ազգային պահանջատիրութեան, հայապահպանման մէջ` դաստիարակելով սերունդներ, անոնց մէջ դրոշմելով հայու ինքնութիւնը վառ պահելու յանձնառութիւնը: ՀՄԸՄ-ը 104 տարիներ շարունակ եղաւ հայ պատանիին ու պարմանուհիին հոգեկան ու ֆիզիքական կրթութեան ամէնէն վառ օճախը, եւ դարձաւ անոնց երկրորդ ծնողը` ծառայութեան մարդակերտումի եւ հայակերտումի դարբնոցը», ըսաւ Հայկ Թապաքեան: Ան շեշտեց, որ այս միութիւնը այն երիցագոյն եւ հզօրագոյն միաւորն է, որ` հետեւելով «Բարձրացիր բարձրացուր» նշանաբանին, միշտ բարձր պահեց սկաուտական ու մարզական ջահը եւ իրերայաջորդ սերունդներ դաստիարակեց մարզական ոգիով, տիպար քաղաքացիի եւ անձնուէր հայու վեհ սկզբունքներով:

Շեշտը դնելով Լիբանանի մէջ ՀՄԸՄ-ի դերակատարութեան վրայ` Շրջանային վարչութեան ատենապետը յայտնեց, որ 1924 թուականէն ի վեր Լիբանանի մէջ սկաուտներու, մարզիկներու եւ միութենականներու դաստիարակութեան լծուած, բարձր արժանիքներու տէր եւ տիպար քաղաքացիներ պատրաստելու միտող այս միութիւնը եղաւ լիբանանահայութեան ազգային հպարտութեան հիմնական արտայայտիչներէն` համալիբանանեան մակարդակի վրայ թէ գաղութի պատմութեան մէջ, որովհետեւ տարբեր յաղթանակներ կերտեց ու աչքառու նուաճումներ արձանագրեց: Եռագոյնին առաջնորդութեամբ, ՀՄԸՄ-ը հայութեան ենթագիտակցութեան մէջ վառ պահեց հզօր հայրենիքի տեսլականը, ապա հասաւ Հայաստան, ուր եւս խիտ շարքերով դիմաւորեց եռագոյնը, իր միութենականներուն ճամբով ծառայեց նաեւ Արցախի մէջ, որուն համար նոյնիսկ իր շարքերէն նահատակներ տուաւ:

Հայկ Թապաքեան շեշտեց, որ աշխարհը հարուածած «Քորոնա» ժահրին հարուածները չխնայեցին նաեւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքին, որ այդ պատճառով կորսնցուց իր լաւագոյն եղբայրներէն ու քոյրերէն, կորսնցուց իրենց յատուկ դրոշմը ձգած եղբայրներ, որոնց կորուստը ծանր ազդեց միութենականներուն վրայ: Ան յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը եւ հայկական թաղամասերու քանդումը միութիւնը դրին նոր մարտահրաւէրի դէմ յանդիման, եւ ՀՄԸՄ հասաւ շրջանի բնակչութեան օժանդակութեան` իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ փորձելով թեթեւցնել ազգայիններուն ցաւերը: Իր խօսքը եզրափակելով` ան նշեց, որ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը գործէ «Առողջ միտք, առողջ մարմինի մէջ» սկզբունքով եւ միշտ մեկնակէտ ունենալով անոր «Բարձրացիր բարձրացուր» նշանաբանը` մեր ազգային ժառանգութիւնները նորահաս սերունդներուն փոխանցելու պարտականութեամբ եւ հայ պատանին ու երիտասարդը օտարոտի ազդեցութիւններէն զերծ պահելու նախաձեռնութեամբ:

Ապա խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան, որ դիտել տուաւ, թէ Մայիսեան տողանցքը` նուիրուած 1918-ի սարդարապատեան մեր յաղթանակին, որ պայծառ փարոսը հանդիսացաւ մեր պատմութեան յաջորդող յաղթանակներուն եւ բարոյական կողմնացոյցը ապագայի մեր երթին, կը մնայ խանդավառութեան, յոյսի աղբիւր մը բոլորիս համար:

Ան շեշտեց, որ 28 մայիսը եղաւ ու կը մնայ մեր ազգին վերածնունդի օրը եւ ուժի աղբիւրը: «Պատմական զուգադիպութեամբ է, որ հայ ազգի ծոցէն ծնած, հայ ազգի ծառայութեան նուիրուած այս միութիւնը եւս իր երթին սկսաւ 1918-ին եւ իր անփոխարինելի տեղը ունեցաւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: ՀՄԸՄ-ը այսպիսով դարձաւ մայիս 28-ի արժէքներուն դրօշակակիրը եւ Եռագոյնին պաշտպանը», յայտնեց ան` դիտել տալով, որ ամէն տարի տօնելով մայիս 28-ի փառաւոր անցեալը, միութիւնը կը տօնէ այդ փառաւոր անցեալին արժէքները, որպէսզի մենք կարենանք արժեւորել մեր ներկան, առաջնորդուելու համար դէպի հայ ազգի աւելի լաւ ապագայ:

Վաչէ Նաճարեան նշեց, թէ այն ժամանակ, երբ մայիս 28 տօնելը շատերու համար անհասկնալի էր, ՀՄԸՄ-ն էր մայիս 28-ին եւ եռագոյն դրօշակին պահապանը, այս միութիւնն էր, որ տեւաբար յիշեցուց մեր նախորդներուն կտակը, պատգամը եւ յարատեւ պայքարելու կամքը, մինչեւ որ վրայ հասաւ Հայաստանի վերանկախութիւնը:

«1991-ի վերանկախութենէն ետք, կարծէք մայիս 28-ը կորսնցուց իր երբեմնի իմաստն ու փայլքը շատ մը շրջանակներու մէջ: Ան նկատուեցաւ սովորական ազգային տօն` անարժան փառաշուք տողանցքներով նշուելու: ՀՄԸՄ-ը սակայն շարունակեց ջահը բարձր պահել, հաւատալով իր պատգամին, ճիգերը չխնայելով եւ առանց յանձնուելու այդ կացութեան, շարունակեց վառ պահել մայիս 28-ի գաղափարը` արժանավայել կերպով կատարելով անկախութեան տօնակատարութիւնը, մայիս 28-ի գաղափարին ընդմէջէն իր ծնունդը նշելով յաջորդաբար 2 տարի, 1500-է աւելի թիւով տողանցողներով, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ», դիտել տուաւ ան:

Լուսարձակի տակ առնելով այն, որ մայիսեան այդ տողանցքը կը կատարուի Լիբանանի քաղաքական, ընկերային-տնտեսական բարդ պայմաններուն մէջ` Վաչէ Նաճարեան հաստատեց, որ հսկայական ջանք եւ ճիգ ի գործ կը դնէ միութեան Լիբանանի շրջանը` մեր պատանի-երիտասարդներուն հետ ըլլալու, անոնց մարմնակրթական առողջ դաստիարակութիւն տալու եւ իբրեւ տիպար քաղաքացիներ ու առաքինի հայեր դաստիարակելու համար: Ան յայտնեց, որ մայիսեան այս տողանցքը վկայ է, թէ, հակառակ երկրի չափազանց ծանր պայմաններուն, որքան գործ կը կատարուի, որքան նուիրում եւ զոհողութիւն կայ` ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերը կանգուն պահելու, մեր ժողովուրդին ազգային խանդավառութիւն եւ հպարտութիւն տալու համար` շեշտելով, որ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը այսօր աւելի քան երբեք Լիբանանի շրջանի կողքին է եւ ուրախութեամբ կը հետեւի անոր աշխատանքներուն` միշտ պատրաստ օժանդակութեան ձեռք երկարելու անոր, «որովհետեւ ինչպէս բոլորին, նաեւ ՀՄԸՄ-ին համար Լիբանանը եղած է ու կը մնայ սփիւռքի կեդրոնական գաղութը` իր պատմական դերակատարութեամբ, ներկայ եւ ապագայ յանձնառութիւններով»:

«Այսպէս, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանը կը շարունակէ ժողովուրդի ծառայութեան ջահը բարձր պահել` քաջ գիտնալով, որ մայիս 28-ի գաղափարը ֆիզիքական հայրենիքէն անդին է եւ իրեն համար «Զարթի՛ր, լաօ»-ն լոկ կարգախօս չէ, այլ Հայաստանի եւ հայութեան փրկութեան տեւական աշխատանք է, պայքար է ու կամք: Վկայ արցախեան 44-օրեայ պատերազմը, երբ միութիւնը իր բոլոր կարողութիւնները ի սպաս դրաւ պատերազմին եւ անոր հետեւանքներուն դարմանումին: Յարգանքով պէտք է խոնարհիլ յիշատակին դիմաց այն 10 ՀՄԸՄ-ականներուն, որոնք նահատակուեցան 44-օրեայ պատերազմի ճակատներուն վրայ: Փա՛ռք իրենց յիշատակին», ըսաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը:

Իր խօսքը եզրափակելով` Վաչէ Նաճարեան շեշտեց, որ այսօր ՀՄԸՄ-ը կը շարունակէ կատարել իր առաքելութիւնը նոյն թափով, հաւատքով եւ վճռակամութեամբ` պահպանելով միութեան գաղափարախօսութիւնը, կրթելով եւ ստեղծելով հոգեկան հայրենիք, առիթը ընծայելով մեր հայրենակիցներուն ապրելու իբրեւ հայ, հայրենիքէն հեռու, բայց հայրենիքը միշտ պահելով իրենց սրտին մէջ` մայիս 28-ի պատգամով առաջնորդուելով: Ան շեշտեց, որ առանց ազգային միացեալ գիտակցութեան եւ ամբողջական Հայաստանի տեսլականին, առանց միացեալ ու կարգապահ նուիրեալ շարքերուն, առանց ֆիզիքապէս ու հոգեպէս տոկուն երիտասարդութեան կարելի չէ հզօր ու բարգաւաճ ամբողջական Հայաստան ունենալ, կարելի չէ վերականգնող Արցախ ունենալ:

Փակման խօսքը արտասանեց եւ իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, որ նախ յայտնեց, որ փառք կու տանք Աստուծոյ, որ դարձեալ մեզի առիթ ընծայեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզաւանին մէջ, ՀՄԸՄ-ի արի-արենուշներու շքերթով, Հայաստանի անկախութեան 104-րդ տարեդարձը նշելու եւ մայիս 28-ի փառապանծ ժառանգութեան դիմաց Եռագոյն դրօշը պարզելով` այդ հաւաքը վերածելով երանութեան հանդէսի:

Այս առիթով, ան իր գնահատանքը յայտնեց ՀՄԸՄ-ին, մասնաւորաբար մեր մատղաշ սերունդի առողջ դաստիարակութեան գործին մէջ անոր ունեցած կարեւոր դերակատարութեան համար, նաեւ բարձր գնահատեց լիբանանահայութիւնը, որ, հակառակ իր դիմագրաւած տեսակաւոր հարցերուն ու խնդիրներուն, վաղուան մեր կեանքին համար կը շարունակէ իր համայնական կեանքին մէջ պաշտպանել ու պահել իր ինքնութիւնը սնուցանող կենսական ու կարեւոր արժէքները:

Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ մայիս 28-ն մեր ժողովուրդի հաւատքին ու դարաւոր յոյսին գեղեցիկ ծաղիկն է: «Անկասկած, անոր բուրմունքը մեր մէջ ապրեցնելու գործը մեր գերագոյն պարտականութիւնն է: Այսօր Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը կը նշենք ո՛չ միայն անցեալի անցուդարձերուն մէջ դիտելու համար մեր հայրենիքը, այլ դարերու մաքառումներով վեր բարձրացած եւ իր ազատութեան ու անկախութեան բարձրակէտին Հայաստանը տեսնելու, ինչպէս որ պէտք էր ըլլար այսօր:

«Ցաւօք, այսօր ամպամած է մեր հայրենիքին երկնակամարը: Տակաւին երէկ, Արցախը դարձեալ վերածուեցաւ աւերուած բերդի: Նոր եւ դժուար բուժուելիք վէրքեր բացուեցան մեր հոգիներուն խորը եւ մեր թշնամին, եաթաղանը ձեռին, դարձեալ կանգնած է մեր դռներուն դիմաց ու կը սպառնայ նաեւ խլել պապենական մեր ժառանգութենէն հրաշքով փրկուած ափ մը հողը: Մասնաւորաբար մեր օրերու քաղաքական անորոշ ու պղտոր դասաւորումներուն մէջ, անհրաժեշտ է անդրադառնալ, որ պատմութիւնը, անցեալի դէպքերու յիշատակարանը ըլլալով հանդերձ, առաւելաբար պատկերն է այն ճիգին, զոր ժողովուրդները ի գործ կը դնեն, որպէսզի ապրին սեփական արժէքներով, ստեղծագործեն իրենց հոգիով եւ յաւերժանան համաձայն իրենց ոգեղէն իղձերուն», շեշտեց ան:

Շահէ արք. Փանոսեան լուսարձակի տակ առաւ այն, որ 104 տարիներ առաջ ձեռք բերուած ազատութիւնը ի՛նչ արժէք կը ներկայացնէ, եթէ այսօր Հայաստանի մէջ, հայ մարդը չ՛ուզեր զայն պաշտպանելով, աւելի լուսաւոր արշալոյսներ քանդակել հայ ազգի կեանքին մէջ: Ի՞նչ կ՛արժէ անկախութիւնը, եթէ այսօրուան մեր կեանքովն ու աշխատանքովը, մենք չենք փորձեր նմանիլ անոնց, որոնք ազատութեան բագինին ընծայեցին իրենց կեանքը եւ չենք ձգտիր հասնիլ մեր ժողովուրդի անկատար իղձերուն ու տենչերուն:

«Պէտք է գիտակցինք, որ ինչպէս երէկ, նոյնպէս ալ այսօր, ազատութեան շքեղ կերպարանքին մէջ միայն կրնանք հայօրէն ապրիլ ու բարգաւաճիլ: Այդ իսկ պատճառով, մեր ձեռքերը պէտք է եղբայրական սիրով դարձեալ զիրար զօրացնեն, որպէսզի, մայիս 28-ի փառքի տօնը շարունակենք ապրիլ` հայրենի հողին վրայ դարձեալ ծաղկելու եւ մեր երազներուն ու իտէալներուն հասնելու անշեղ հաւատքով:

«Մեր հայրերը չնահատակուեցան մեռնելու սիրոյն, այլ մեր ազգը անմահութեան տանելու հաւատքով ու տենչով: Հետեւաբար, հաւատանք, որ այսօրուան տխուր տեսարանին դիմաց, ի վերջոյ պիտի ծագի նոր արշալոյս եւ հայ ժողովուրդը, իր քայլերը դէպի նոր բարձունքներ ուղղելով, պիտի հասնի իր երազներուն ու տենչերուն եւ այդպիսով պատուէ բոլոր այն անմահները, որոնք իրենց արիւնին կրակով լուսաւորեցին մեր ազգի կեանքը», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով:

Previous Post

War in Ukraine: What is Germany’s strategy?

Next Post

Ազգային երգերու համերգ «Շնորհալի» երգչախումբին կատարողութեամբ

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.