Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքը արգիլուեցաւ

July 15, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքը արգիլուեցաւ

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան 14 Յուլիսին, «Ֆէյսպուք»ի իր էջին միջոցաւ տեղեկացուց, որ իր Հայաստան մուտքը արգիլուած է եւ ինք Հայաստանի մէջ «անբաղձալի անձ» հռչակուած է:

168TV կայանէն Փափազեան փոխանցեց մանրամասնութիւններ, թէ ինչպէ՛ս «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ արգիլուեցաւ Հայաստան իր մուտքը։ Պաշտօնեաները անձնագիրներու վերահսկողութեան հատուածին մէջ իրեն գրեթէ 30 վայրկեան սպասցուցած են, առանց պարզաբանելու, թէ ինչ հարց կայ Հայաստան իր մուտքին վերաբերեալ:

«Ես կը հարցնէի, թէ ի՛նչ է հարցը, խնդիր կա՞յ, բայց ինծի բացատրութիւն չտուին, ապա զիս տարին առանձին սենեակ մը, ուր 1 ժամ սպասեցի առանց անձնագիրի եւ աւելի ուշ, զիս տարին «տրանզիտ» գօտին, այնտեղ հասկացայ, որ վտանգ մը կայ, որ ինծի արգիլեն Հայաստան մտնել: 3,5 ժամ ետք իմացայ, որ Հայաստան իմ մուտքը արգելուած է», նշեց Փափազեան՝ աւելցնելով, որ իրեն ըսած են, թէ իր մուտքը արգիլուած է կառավարութեան որոշումով:

«Air France-ի պաշտօնեաները եկան մօտս. իրենց բացատրեցի, անշուշտ, հարց չկար, Ֆրանսայի ոստիկանութիւնը դիմաւորեց զիս օդանաւէն դուրս, համակրանքով դիմաւորեցին, որովհետեւ զիս կը ճանչնան, գիտեն, թէ ով եմ, ինչ դեր ունիմ Ֆրանսայի մէջ ի նպաստ Հայաստանի, ի նպաստ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններուն, ի նպաստ Արցախին, ի նպաստ Հայ Դատին, իսկապէս ամօթ է: Սիրտս խառնուած է, որ Հայաստանի մէջ կան նման իշխանութիւններ, որոնք ճեղք կը բանան Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ։ Այսօր Նիկոլ Փաշինեանի վարչակարգը ինծի կ՛արգիլէ Հայաստան մուտք գործել: Պատճառը չեմ գիտեր, բայց շատ հետաքրքրուած եմ իմանալու: Բայց այս կը նշանակէ, որ իրենք կը ձգտին տկարացնել Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնները եւ տկարացնելով Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնները՝ կը տկարացնեն թէ՛ Սփիւռքը, թէ’ Հայաստանը», ըսաւ Փափազեան՝ աւելցնելով, որ այս գծով յստակացումի համար դիմած է Երեւանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան։

Աւելի ուշ, ՀՅԴ Բիւրոն խստօրէն դատապարտեց Փափազեանի մուտքը արգիլելու քայլը, զայն «Հայաստանի ապազգային իշխանութիւնների սահմաններ չճանաչող անհանդուրժողականութիւնը» համարելով եւ աւելցնելով. «Ցաւալիօրէն յատկանշական է, որ Թուրքիայում եւ Ադրբեջանում անցանկալի անձ յայտարարուած Մուրադ Փափազեանը հիմա արդէն անցանկալի անձ է փաշինեանական իշխանութիւնների համար: Ազգային գործիչներին թիրախաւորելու եւ սփիւռքահայերին Հայաստանից օտարելու փաշինեանական ծանօթ ձեռագիրն է: Սա հարուած է համահայկականութեան գաղափարի իրականացման ճիգին, ժողովրդավարութեան լուրջ նահանջ է Հայաստանում եւ բռնապետութեան հաստատման ակնյայտ դրսեւորում»:

Previous Post

Պաքու մտադիր է Երեւանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրել. Ալիեւ՝ Մաքրոնին

Next Post

Խրախուսիչ մէկտեղում մը մեր պատանիներուն հետ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.