Երէկ յետմիջօրէին հայ կաթողիկէ պատրիարքարան այցելեցին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` տեսակցելու համար հայ կաթողիկէ համայնքի Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին հետ:
Հոգեւոր տիրոջ հետ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները զրուցեցին հայաստանեան իրավիճակին, հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու այսօրուան պատկերին եւ լիբանանահայ համայնքին դիմագրաւած խնդիրներուն մասին:
Տարբեր ուղղութիւններու վրայ պարզուած այսօրուան դժուար պայմանները նկատի ունենալով զրուցակիցները վերահաստատեցին հայութեան բոլոր հատուածներուն միջեւ համակարգուած աշխատանք իրականացնելու հրամայականը: