Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէն եւ Հայ դատի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատուն

July 15, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէն եւ Հայ դատի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատուն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ու Հայ դատի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ առաւօտեան այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ ու լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ։

ՀՅԴ պատուիրակութիւնը դեսպանին փոխանցեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգիլման նկատմամբ իր մտահոգութիւններն ու բողոքը։

Պատուիրակութիւնը դեսպանին փոխանցեց, որ կատարուածը կը նկատէ Թուրքիոյ հաճոյանալու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հանրապետութեան վարչակազմին առաջին իսկ օրէն հայութիւնը պառակտելու, անոր ներուժն ու դիմադրողականութիւնը հարուածելու վարքագիծին մէջ մագլցողական քայլ մը, որ պատահական չէ՝ նկատի ունենալով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու եւ Արցախի հարցերու ներկայիս թեւակոխած վտանգաւոր փուլը։

ՀՅԴ պատուիրակութիւնը Մուրատ Փափազեանի նկատմամբ կատարուածը նկատեց ՀՅԴ-ն լռութեան մատնելու համար Փաշինեանի վարչակարգին կողմէ կիրարկուող բռնապետական միջոցներու շարունակութիւնը։

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւնը դեսպանին փոխանցեց, որ Հայ դատի պահանջատիրութիւնը կը շարունակէ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Հայ դատի մարմինին համար մնալ գաղափարական գերագոյն արժէք, եւ իրենք այդ արժէքին վրայ խարսխուած կը տեսնեն Հայաստանի ու հայութեան հզօրացումը եւ համահայկական մեր իտէալներու իրականացումը: Հետեւաբար, Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուած այս քայլը կը նկատէ այդ պահանջատիրական երթը խոչընդոտելու, Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով յառաջացած սփիւռքը տկարացնելու ու իր մենատիրական նկրտումներուն համար կարելիութիւններ ստեղծելու անհեռատես եւ ի սկզբանէ ձախողութեան դատապարտուած արարք մը:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցին արդար պահանջն ու ակնկալութիւնն է, որ անմիջապէս վերացուի Մուրատ Փափազեանի նկատմամբ որդեգրուած այս կամայական վճիռը, որպէսզի կարելի ըլլայ գէթ փրկել մեր հայրենիքին մէջ ժողովրդավարութենէն մնացած մասնիկը:

Պատուիրակութիւնը հանդիպումի աւարտին դեսպան Աթաբէկեանին յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան հասցէագրուած յուշագիր մը։

Previous Post

US firing up first fighter-mounted laser weapon

Next Post

Մանրապատումներ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.