ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, ներկայութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Աւետիս Կիտանեանի եւ Պարոյր Տէր Ղուկասեանի, երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին նախկին նախարար Մահմուտ Քումաթի, երեսփոխան Ամին Շըրրի, Մոհամետ Խանսա եւ Ալի Տահեր:
Հանդիպումին ընթացքին Հըզպալլայի պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց ՀՅԴ Լիբանանի նորընտիր Կեդրոնական կոմիտէն եւ անոր աշխատանքներուն յաջողութիւն մաղթեց:
Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական եւ տնտեսական ընդհանուր իրադարձութիւնները:
Ներկաները կարեւորութեամբ շեշտեցին ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութեան կազմութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը փրկել իր դիմագրաւած ներկայ տագնապներէն, ինչպէս նաեւ լիբանանցի քաղաքացիին կենցաղային տարրական կարիքները ապահովել: