Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, չորեքշաբթի, 4 մայիս 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին Ազգ. Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ հանդիպումը ԼՕԽ-ականներու հետ:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեան: Ան ըսաւ. «Լիբանանահայ օգնութեան խաչը` իբրեւ մարդասիրական միութիւն, ճիգ չի խնայեր իր լայնածաւալ գործունէութեան ընդմէջէն միջոցներ գտնելու` ծառայելու իր ազգին, իր գաղութին: ԼՕԽ-ը այս գաղութին մէջ հայ ազգը ամբողջացնող կապն է, ուր իւրաքանչիւրին յաջողութիւնը կը նպաստէ միւսին եւ նոր ուժ ու կորով կու տայ` կերտելու մեր ազգին փայլուն ապագան»:
Սիլվա Սապունճեան դիտել տուաւ. «Այսօր, քաղաքական եւ տնտեսական այս ծանր իրավիճակին մէջ, հայ ընտանիքն ու նորահաս սերունդը հայ պահելու համար պիտի բարձրացնենք մեր իրաւունքի ձայնը` փաստելու մեր գոյութիւնն ու ներկայութիւնը մեր սիրելի Լիբանանին մէջ: Բարգաւաճ ապագայի մը կերտման համար եւ որպէս ծառայասէր միութիւն` չենք կրնար անտարբեր մնալ եւ դիտողի դերին մէջ գտնուիլ: Ուստի բոլորս համախմբուած եւ հաստատ քայլերով ուղղուինք հոն, ուր ազգին իրաւունքը մեզ կը կանչէ»:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Յակոբ Բագրատունի , որ ըսաւ. «Անցնող երեք տարիներու ընթացքին Լիբանան ունեցաւ իր պատմութեան ամենադժուար եւ տագնապալի օրերը: Շատ բան փոխուեցաւ Լիբանանի մէջ, մանաւանդ` մարդոց մտքերուն, մտածելակերպին, հոգիներուն եւ հոգեվիճակին մէջ: Հետեւաբար, այսօրուան ընտրութիւնները սովորական երեսփոխանական ընտրութիւններ չեն, այլ վտանգաւոր եւ անկիւնադարձային են»:
Ան նկատել տուաւ, որ սովորական ցնծութեամբ չէ, որ այս ընտրութիւններուն ընդառաջ ենք: Բոլորս ալ ցնցուած եւ տագնապած ենք, ըլլայ հիւանդութիւններու, «Քորոնա» ժահրի ստեղծած վիճակին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին եւ տնտեսական տագնապին պատճառով: Բոլորս դժուարութեան մէջ ենք, նշեց ան` աւելցնելով, որ ԼՕԽ-ականները ամէնէն աւելի իրազեկ են այս բոլորին, ոչ թէ որովհետեւ ընտանիքներու մայրեր են, այլ բարեսիրական, մարդասիրական եւ ընկերային հարցերով զբաղող մեծագոյն կազմակերպութեան մաս կը կազմեն եւ մնայուն կապի մէջ են ժողովուրդին հետ: Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ԼՕԽ-ի Լիբանանի մէջ 92 տարիէ ի վեր կը ծառայէ` լուռ եւ անդադար, սակայն ուրիշներ յանկարծ ընտրութիւններու յայտարարութենէն քանի մը ամիս առաջ միայն կը յիշեն, որ իրենք ժողովուրդը պէտք է սիրեն, անոր պայմանական ծառայութիւն մատուցեն` մոռնալով, որ ծառայութիւնը մէկ օրուան կամ մէկ ամսուան գործ չէ, ոչ ալ թուականներու կամ տօներու հետ կապուած է:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը այսօրուան ընտրութիւնները ներկայացուց` իրար հակասող պատկերներով: Ան ըսաւ, որ տասնամեակէ մը ի վեր համաշխարհային եւ յատկապէս լիբանանեան իմաստով ճիգ կայ արժեզրկելու մնայունը եւ արժեւորելու ժամանակաւորը` նշելով սակայն, որ այն, ինչ որ ժամանակաւոր կերպով գեղեցիկ է, գարնան ծաղիկի մը նման, կը մարի առաջին իսկ հովին: «Եթէ մնայունը արժեզրկենք եւ կորսնցնենք, կը կորսնցնենք մեր ժողովուրդը, մեր ազգային աւանդական արժէքները, մեր հայկականութիւնը, որուն պահպանման համար է, որ Հայ օգնութեան միութիւնը իր աշխարհատարած կազմակերպութեամբ հիմնուած է Դաշնակցութեան կողմէ, որպէսզի ծառայէ հայ ժողովուրդին», դիտել տուաւ ան:
Անդրադառնալով անհատականի եւ հաւաքականի հասկացողութեան` երեսփոխանը ըսաւ. «Դաշնակցութիւնը կը խօսի հաւաքական պայքարի, հաւաքական գոյութեան, հաւաքական արժէքներու եւ հաւաքական հաշուետուութեան մասին, մինչ ուրիշներ կը խօսին անհատի մասին: Դաշնակցութիւնը կը ջանայ հաւաքական ճիգով փոփոխութիւն յառաջացնել, հաւաքական ճիգով բարելաւել ժողովուրդին պայմանները, մինչ ուրիշներ` անհատի ճամբով փոփոխութիւն յառաջացնել, որուն հաշուետուութիւնը կը սկսի եւ կը վերջանայ իրմով»:
Հետեւողական եւ կարգախօսային աշխատանքներու մասին օրինակներ տալով` Յակոբ Բագրատունի ըսաւ. «Դիւրին է խրամատի ետեւ նստիլ եւ պատերազմիլ, սակայն դժուարը մէջտեղ նետուիլ, պատերազմիլ եւ ոտքի մնալն է: Դաշնակցութիւնը 132 տարիներէ ի վեր իր ուղեկից միութիւններով ժողովուրդի ծառայութեան մէջ է եւ պիտի մնայ` շնորհիւ իր ուղեկից կազմակերպութիւններուն, միաւորներուն եւ անդամ-անդամուհիներուն: Ո՞ւր էին այսօրուան նորելուկ թեկնածուները պատերազմի օրերուն, անոնք հիմա Պուրճ Համուտի պաշտպանութեան համար արիւն թափած նահատակներու արիւնը վաճառքի հանելով, այդ արեան հաշուոյն նպաստ բաժնելով կը հաւատան, որ ժողովուրդին խիղճը կը գնեն: Դժբախտաբար անհատակեդրոն, եսակեդրոն մարդոց քարոզչութեամբ խաթարուեցան մեր ժողովուրդի մաքուր նկարագիրն ու արժանապատուութիւնը, սակայն կը հաւատանք, որ մեր ժողովուրդը ապերախտ չէ, մեր պարտականութիւնն է հաւաքաբար այդ տկարները ուժեղացնել եւ ճշգրիտ ուղին բերել», ըսաւ ան:
Խօսելով ինքնուրոյն ըլլալու մասին` Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ մենք չենք ուզեր մեր ինքնուրոյն եւ ազատ կամքը ուրիշին յանձնել գումարով, սայթաքիլ եւ մեր արժանապատուութիւնը ոտնակոխել: Ան նշեց, որ Լիբանանի հայ կառոյցը սփիւռքի ամէնէն զօրաւոր կառոյցն է, ինչպէս որ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը ՀՕՄ-ի ամէնէն զօրաւոր միաւորն է, որ կրնայ երկու օրուան մէջ մինչեւ 700 ընկերուհի համախմբել, գործի լծուիլ եւ արդիւնք ապահովել:
«Սփիւռքը Հայաստանով եւ Արցախով հսկայական շղթայ մըն է, որուն ամէն մէկ օղակը իր կարեւորութիւնը ունի: Այդ օղակներուն ամէնէն պողպատեան Լիբանանի օղակն է, եթէ կտրենք Լիբանանի օղակը, այդ շղթան կը փշրուի, հետեւաբար ամէնէն դիւրինը Դաշնակցութիւնը հարուածելն է Լիբանանի մէջ, հարուածելն է ուղեկից միութիւնները: Եթէ քանդուին Լիբանանի հայութիւնը, հայկական եւ ազգային կառոյցները, կուսակցական կառոյցները, ո՛չ Հայ դատ, ո՛չ Հայաստան եւ ո՛չ ալ Արցախ կը մնայ: Քանդել Լիբանանի հայութիւնը` կը նշանակէ հարուածել Հայ դատի հետապնդման կարեւորագոյն կռուաններէն մէկը` այսպիսով ծառայութիւն մատուցելով Թուրքիոյ: Ուստի լրջութեամբ, հաստատակամութեամբ, ինքնուրոյն կեցուածքով եւ ամուր մնալու պահանջատիրութեամբ պիտի շարունակենք մեր պարտականութիւնը», շեշտեց Յակոբ Բագրատունի եւ եզրափակելով` ըսաւ. «Մի՛ ընկրկիք, ոչ մէկ ատեն առանձին էք, հրաւէրի մի՛ սպասէք, որ քուէարկէք: Կիրակի, 15 մայիսին մի՛ սպասէք, որ ակումբներէն ձեզի հեռաձայնեն, այլ դո՛ւք գացէք, ըսէք` պիտի քուէարկենք: Այս ընտրութիւնները ամենալուրջ ընտրութիւններն են: Լուրջ աշխատանքով պիտի յաղթենք»: