ԴՈԿՏ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ
Հայրենիքէն դուրս բազմածաւալ սփիւռքի իրականութեան մէջ աշխարհացրիւ հայութիւնը` մեծերէն փոքրեր, անգամ մը եւս ամանորեայ ու Ս. Ծնունդի աւետաբեր խորհուրդը բարձրաձայնեցին, մաղթանքներ ուղղեցին իրարու, բարի եւ գեղեցիկ ցանկութիւններ փոխանակեցին:
Իր մակերեսով Շուէտի երկրորդ մեծագոյն լիճին` Վաթերնի (VՊttern) վրայ կառուցուած բազմաթիւ քաղաքներէն, լիճին հարաւային կողմը գտնուող Եոնշոփինկ քաղաքի հայութիւնն ալ առիթը ունեցաւ հոգեւոր եւ Ծննդեան հայերէն երգերու երաժշտական համերգով դիմաւորելու Նոր տարին եւ ըմբոշխնելու Ս. Ծնունդի բարեբաստիկ առիթներու խորհուրդով: Եոնշոփինկի Հայ մշակութային միութեան կազմակերպութեամբ, Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի նուիրուած` ալտի եւ կիթառի զմայլիչ ձայներով եւ երգեցողութեամբ առինքնող համերգը հնչեց Լեհաստանէն հիւրաբար ժամանած, նախկին հալէպահայեր Գէորգ եւ Արամ Սայեղ եղբայրներու (GOARM band) կատարողութեամբ` հոգեւոր, ամանորեայ եւ ազգային երաժշտական երգացանկով: Հայ երաժշտութիւնը հնչեց տեղւոյն շուէտական պետական եկեղեցիին մէջ 2 յունուարի երեկոյեան ժամը 6:00¬ին: Բացման երկլեզու խօսքը փոխանցեց միութեան երիտասարդ անդամներէն Անժելա Շոհմելեան-Գապուս:
Այս առիթով եկէ՛ք ծանօթագրական լուսամուտ մը բանանք Եոնշոփինկի հայկական օճախին: Շուէտահայ գաղութի կեանքը սկսած է ձեւաւորուիլ երկրին մէջ հայկական մշակութային միութիւններու ստեղծման զուգընթաց: Շուէտի հայ գաղութը կազմաւորուած է 20¬րդ դարու եօթանասունականներուն, մանաւանդ Թուրքիայէն, Լիբանանէն, Պաղեստինէն, Սուրիայէն, Իրաքէն, Իրանէն եւ Հայաստանէն գաղթած հայերու շնորհիւ: Անոնց դէպի Շուէտ հոսքը եղած է Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ ստեղծուած անկայուն քաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակներու պատճառներով: Շուէտի մէջ ընկերային ապահովութեան բարձր մակարդակը, բարգաւաճ եւ հանգստաւէտ կեանքի յարմարութիւնները, կեցութեան հնարաւորութիւնները, կենսամակարդակի բարենպաստ պայմանները, յարաճուն ցանկութեամբ քաջալերած են հայորդիները աւելի արագ գաղթելու դէպի այդ երկրի զանազան քաղաքներ: Ակնառու է գաղթողներու աճող թիւին ծաւալը մանաւանդ 2010 թուականէն ետք` ծաղկաւէտ, գունեղ ու ճշմարիտ գարուններ ապրող հիւրընկալ երկիրներ փնտռելու նպատակով, փախչելով նաեւ, այսպէս կոչուած, Արեւելքի մէջ արաբական շինծու «գարուն»-ի կործանարար, անկայուն կեանքի եւ անբարենպաստ հետեւանքներէն:
Շուէտի հայ գաղութի կեդրոնը ներկայիս մայրաքաղաք Սթոքհոլմն է: Զանազան տուեալներով, ներկայիս Շուէտի մէջ կը բնակի շուրջ 10-12 հազար հայ, այդ թիւին մէկ երրորդը հայաստանցիներ են: Հայեր ընդհանրապէս կը բնակին Սթոքհոլմ, Ուփսալա, Սոտերթելիա, Վեսթերոսում եւ Կաթըմպըրկ, Մալմէօ, Լինշոփինկ, Եոնշոփինկ, Օրեպրօ եւ այլ քաղաքներու մէջ:
2010 թուականին Եոնշոփինկ քաղաքի հայերը գաղափարը յղացան ունենալու Հայկական մշակութային միութիւն մը, համախմբելու հոն ապրող հայու բեկորները. այդպէս ալ եղաւ եւ անոնց ծրագիրը իրականացաւ` Եոնշոփինկի հայկական մշակութային միութիւն անունով: Միութեան ատենապետ, նախկին իրաքահայ Սեդրակ Սեդրակեանի հետ զրոյցի ընթացքին ան ըսաւ. «Մեր միութիւնը կը համախմբէ մշակութային, կրթական եւ հայ նորաբնակներու կենցաղային, քաղաքական եւ մտաւոր բազմազանութիւնը: Միութիւնը ենթարկուած է շուէտական ժողովրդավարական օրէնքի փոքրամասնութիւններու եւ Եոնշոփինկի տեղական իշխանութիւններու կանոնակարգին եւ սկզբունքներուն: Միութեան գլխաւոր նպատակներն են բարձրացնել մշակութային, կրթական, հայերէն լեզուի, հայոց պատմութեան մակարդակը, կազմակերպել դասաւանդութիւններ, դասախօսութիւններ ու մշակութային ձեռնարկներ: Միութիւնը սկսած է հիմնադիր մարմնի 9 անդամներով եւ վարչական մարմնի 5 անդամներով եւ տիկնանց, մշակութային, եւ ընկերային յանձնախումբերու կազմաւորումով: Տեղւոյն քաղաքապետարանին կողմէ ստանալով նաեւ միութեան կեդրոն, նիւթական ու բարոյական աջակցութիւն: Մենք կը պատկանինք Շուէտի Հայոց ազգային խորհուրդին, որ կը ներառէ Շուէտի 18 հայկական կազմակերպութիւններ: Իր նախնական շրջանին միութիւնը կը կազմէր 25 անդամ, իսկ այսօր մասնակցող անդամներուն թիւը 85 է: Միութենական մեր ազգային նախաձեռնութիւններուն, ընկերային գործունէութեան մէջ, մեր հայերու ներգրաւուածութիւնը եւ աջակցութիւնը նոյնանման չէ, ինչպէս նաեւ տարբեր են անոնց ինքնութեան ընկալումները ու պատկանելութեան ըմբռնումը` նկատի ունենալով, որ այս քաղաքին մէջ ապրող հայերու մօտաւոր թուաքանակը 350 է: Յիշեցնելու համար պէտք է ըսեմ, որ միութիւնս կը փորձէ տօնախմբել, յիշատակել, ոգեկոչել մեր ազգային եւ կրօնական բոլոր տօներն ու առիթները» :
Պէտք է յիշել, որ սոյն տպաւորիչ համերգը` իր գեղարուեստական ներկայացումով, կարողացաւ ներթափանցել ներկաներու հոգիներուն խորքը, ունկնդիրները վերապրեցնելով հայկական տաքուկ շունչով բերկրալի մթնոլորտի մը մէջ: Համերգի արուեստագէտները արժանացան ջերմ ծափողջոյններու եւ գնահատականներու. համերգի աւարտին միութեան վարչութենէն նախկին սուրիահայ Մարի Մարաշլեան փոխանցեց իր սրտի ու գնահատանքի խօսքը, եւ յիշատակի նուէրներ յանձնեց:
Բոլորիս համար համոզիչ եւ ընկալելի է Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ 2022-ը իբրեւ «Սփիւռքի տարի» հռչակելու հեռանկարին ու փոխանցելիք խորհուրդին խորքն ու պատգամը: Հասկնալի են նաեւ հնչող մարտահրաւէրներն ու մտահոգութիւնները, մանաւանդ նորաստեղծ եւ սունկի պէս բազմացող սփիւռքներու դիմագրաւած բազմապիսի հարցերը, դժուարութիւնները ազգային պատկանելիութեան ներկայի ու ապագայի սպառնալիքները, եւ ըստ այնմ վերակազմակերպումի, վերանորոգումի, վերաշխուժացումի անյետաձգելի հրամայականները: Այս բոլորը մեզ կը մղեն անգամ մը եւս լրջօրէն մտածելու, թէ՛ վերոյիշեալ նորաստեղծ հայ համայնքներու մասին, եւ թէ աւանդական հայ համայնքներու դիմաց պարզուող բոլոր դժուարութիւններու եւ ծառացող նոր մարտահրաւէրներու մասին, որոնք հրաշքներով կարելի չէ լուծել: Վերլուծումներն ու ախտաճանաչումները կը մնան բառերու տեսական բովանդակութեան մէջ, եթէ անոնք չթարգմանուին միակամ մասնագիտական պատրաստակամութեամբ եւ միահամուռ գործելաոճի գործնական ծրագիրներու հետեւողականութեամբ :