ԳՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ- Պայքար
Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ
Կորիւն Արք. Պապեանի զօրաւոր անհատականութան եւ ազնուական հոգիին արտացոլացումը կը տեսնենք անոր բանաստեղծութիւններուն մէջ, որոնք մաս կը կազմեն նոր լոյս ընծայուած «Հոգեմատեան – Բանաստեղծութիւններ, Հոգեւոր Խորհրդածութիւններ, Հայ Եկեղեցւոյ Լուսապսակ Սուրբեր» հատորի առաջին մասին: Ժողովածուն լոյս տեսած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ռիչըրտ Եւ Թինա Գարօլան Հիմնադրամ»ի իբր 23-րդ հրատարակութիւնը, Անթիլիաս, 2018-ին ու կը բաղկանայ միջին մեծութեան 591 էջերէ: Գիրքին երկրորդ մասը կ’ընդգրկէ տասնըեօթը հոգեւոր խորհրդածութիւններ, որոնք կ’արտայայտեն «Սրբազանին հոգիին վառ ապրումները», ինչպէս կը գրէ խմբագիրը՝ Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան գիրքի սկիզբի իր «Երկու Խօսք»ին մէջ: Հայ Եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբերու վարքին ու անոնց նուիրական վաստակին մասին կը կարդանք հատորի երրորդ մասին մէջ: Չորրորդ, հինգերորդ եւ վեցերորդ մասերը կը պատմեն Նոր Ջուղայի վանքի տպարանի հիմնադրութեան, աշխատանքին ու վախճանին մասին: Հոն կը գտնենք նաեւ պատմական համառօտ ակնարկ մը Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ հռչակաւոր վանքին մասին:
Կորիւն Սրբազան բանաստեղծութիւններուն մէջ կ’արտայայտէ իր խոհերը թախիծի, մտատանջութեան եւ ընդհանրապէս կեանքի դժուարութիւններու մասին: Զգալի են անոր խոր հաւատքն ու սէրը Քրիստոսի եւ Հայ Ազգին նկատմամբ: Երանաշնորհ Սրբազանը Քրիստոսի յարութեան թունդ հաւատացող եղած է. այդ կը հաստատէ «Գեթսեմանեան Տխրութիւն» բանաստեղծութիւնը, ուր ան կ’ըսէ.
«Միթէ Ան չէ՞ր որ շնորհեց Իր մատներով համակ լոյս
Մեռելներուն՝ Յարութիւն եւ կոյրերուն՝ արշալոյս» (էջ 14):
Բանաստեղծութեան մէջ հեղինակը իւրայատուկ մօտեցում ցուցաբերած է. Սրբազանը զայն կը սկսի տխրութեամբ ու թախիծով, բայց կ’աւարտէ Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան յոյսովն ու լոյսովը:
Իր կեանքի սկզբնաւորութեան բոլոր դժուարին պայմանները յաղթահարելու պատրաստ, տոկուն հոգիով, իր ուրախութեամբ եւ տխրութեամբ, բայց եւ այնպէս շէնշող յոյսով, լուրջ վարքուբարքի տէր հայ պատանի, Վարդգէս Պապեան ինքզինք կը նուիրէ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ Հայ Ազգի ծառայութեան: Հեղինակին այս ապրումները կ’արտացոլան իր գրութիւններուն մէջէն: Անոր բանաստեղծութիւնները կ’արտայայտեն կեանքի ուրախ եւ տխուր պահերը ինչպէս նաեւ ելեւէջները, բայց աւելին՝ յոյսն ու հաւատքը: Կորիւն Սրբազան իր իղձերուն իրականացումը գտած է Հայ Եկեղեցւոյ եւ Ազգին նուիրուածութեան մէջ: Աւելին՝ ան իր հոգիին խաղաղութիւնը գտած է Քրիստոսի հաւատքին ու Հայ Ազգի ծառայութեան մէջ: Օրինակ, 25-րդ էջին մէջ կը կարդանք.
«Այնքան երկա՜ր անձկացուած խաղաղութի՞ւնն է հիմա:
Խաղաղութիւն, դուն իջար խռովայոյզ իմ սրտիս,
Երբ ալ պայթող կոկոնին եւ արիւնող երկնքին
Ես կը նայիմ, խորհելով, անապատին հոգիիս»:
Հատորի երկրորդ մասին մէջ մեր առջեւ կը ներկայանայ հմուտ աստուածաբանը, որ իր խօսքը կը փոխանցէ ժողովուրդին հասկնալի պարզ ոճով: Այս հատուածին մէջ կը նկատենք, թէ Կորիւն Արք. Պապեան առաջին առիթով կը խորհրդածէ աղօթքի մասին, որու զօրութեան բուռն հաւատացող մըն է: Ան նկատել կու տայ կարեւոր կէտ մը աղօթքի պարագային` քրիստոնեայի աղօթքին մէջ բացառուած են «Երկրային ստացուածքներու կամ բարիքներու համար եղած խնդիրքները». անոնք միայն Աստուծոյ կամքին եւ տնօրինութեան կը պատկանին: Սակայն աղօթքով կարելի է դիմել Աստուծոյ` «մեր զանազան տեսակի տկարութեանց ու նեղութեանց ատեն» (էջ 57): Կորիւն Սրբազան կը յորդորէ չարհամարհել աղօթքին զօրութիւնը եւ անով նորոգել մեր անձերը` զայն յարմար ու մաքուր բնակավայր մը դարձնելու Սուրբ Հոգիի ներկայութեան (էջ 59):
Երբ Սրբազան հեղինակը կը խօսի սիրոյ մասին, անոր մեկնակէտը Քրիստոսի հետեւեալ խօսքն է. «Այս է պատուէր Իմ, զի սիրեսջիք զմիմեանս, որպէս եւ Ես սիրեցի զձեզ» (Յհ. 15.12) (էջ 60): Սրբազանին սիրոյ հիմքը ամուր է ու ճշմարիտ, ինչպէս Քրիստոսի Խօսքը: Սիրոյ մասին Սրբազանին ըմբռնումը կը կայանայ բոլորը Քրիստոսի՛ սիրով սիրելու պայմանի կատարման մէջ, այնպէս ինչպէս բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեան «Յիսուսաբոյր» (տպարան «Շիրակ», Պէյրութ, 1965, 158 էջ) երկի 92-րդ էջին մէջ կ’ըսէ.
«Առանց Քեզի, Յիսո՛ւս, ինչպէս սիրեմ մարդերը չար,
Ի սէր անոնց խաչե՛մ հոգիս»:
Սէրը քրիստոնէութեան ամենահզօր հիմքն է: Ուրեմն Կորիւն Սրբազան կը յորդորէ բոլորը սիրել Քրիստոսի՛ սիրով:
Գիրքին 70-84-րդ էջերուն մէջ Կորիւն Սրբազան կը քննարկէ Եղիվարդի (Երուսաղէմի պատրիարք Եղիշէ Արք. Տէրտէրեան) հեղինակած «Օտարականը» գրական-հոգեւոր գործը: Ան կը գրէ, թէ այս երկը «հոգիի երաշխիքը հանդիսացող, կրօնական իրաւ ապրումներէ ծնունդ առած ստեղծագործական» երկ մըն է: Ան այս գործին արժեւորումը կ’ընէ յօդուածին վերջաւորութեան` հետեւեալ ձեւով. «Եղիվարդ իր «Օտարականը» հատորով, երկինքէն հնչող այդ զանգակին արձագանգը կը փորձէ ըլլալ այս աշխարհի հայ մարդոց հոգիներու վերեւ ու կը փորձէ հեղուլ սրտի խորաններուն վրայ պլպլացող կանթեղներուն Սրբազան Իւղը երկնային: Կա՞յ ասկէ աւելի մեծ սրբազան լուսարարութիւն: Իսկ մենք դեռ կը տենչանք այն հրաշք օրուան, երբ աշխարհն ամբողջ պիտի լսէ, հասկնայ ու հաւատայ այդ ղօղանջին» (էջ 84):
Սրբազանին խորհրդածութիւններուն մէջ տեղ կը գտնեն նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ տօնական օրերու խորհուրդներուն, Քրիստոսի Ծննդեան, Վերջին Ընթրիքի, Յարութեան ու Համբարձման բացատրութիւնները: Ան կը շօշափէ եկեղեցական տարբեր հարցեր, ինչպէս ձեռնադրութիւն եւ կրօնի դասաւանդութիւն Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Առանձին գլուխով մը Սրբազանն իր սրտին խօսքը կ’ուղղէ նորընծայ սարկաւագներուն: Ի միջի այլոց, ան կ’ըսէ. «Դուք պիտի ստանաք ձեր հոգեւոր սնունդը մեր Եկեղեցւոյ ժամերգութիւններէն, ձեր ներշնչումը՝ մեր շարականներէն ու տաղերէն, ձեր տեսիլքը` մեր աղօթանուէր եւ ազգասէր եկեղեցական հայրերէն ու հայրապետներէն: Վերջապէս, երջանիկ օր մը, երբ արդէն վերածուած էք ատոք ու ոսկի հասկերու, Աստուծոյ կամքով պիտի կանգնիք այս խորանին դիմաց՝ ձեռնադրուելու եւ օծուելու որպէս կուսակրօն քահանաներ» (էջ 207-208):
Կորիւն Սրբազան կը խորհրդածէ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր վերափոխման եւ Սուրբ Խաչի վերացման տօներուն վերաբերեալ` պատշաճ բացատրութիւններ տալով անոնց խորհուրդին մասին:
Հատորին երրորդ մասը յատկացուած է Հայ Եկեղեցւոյ լուսապսակ սուրբերուն` սկսելով Սուրբ Ներսէս Շնորհալիէն: Կորիւն Սրբազան մանրամասնութիւններով կը խօսի սուրբ թարգմանիչ վարդապետներուն, Վարդանանց, Սուրբ Սարգիսի, Թադէոս առաքեալի, Սանդուխտ Կոյսի, Վարդան Մամիկոնեանի դստեր՝ Շուշանիկի, Վահան Գողթնացիի, Հռիփսիմեանց եւ Գայիանեանց կոյսերու, Մեծն Ներսէս Պարթեւ ու Ս. Սահակ Պարթեւ հայրապետներու եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի մասին:
Հատորին վերջին երեք բաժինները կ’ապացուցեն Կորիւն Սրբազանի հմտութիւնը հայագիտութեան մարզին մէջ (չմոռնանք, որ հեղինակը 1977-ին Օքսֆորտի համալսարանէն ստացած է պատմագիտութեան դոկտորայի աստիճան` պաշտպանելով Հայ եւ Վրացական Եկեղեցիներու վաղմիջնադարեան յարաբերութեանց մասին փայլուն աւարտաճառ): Չորրորդ մասին մէջ ան կը խօսի երանելի Յովհաննէս Վրդ. Ջուղայեցիի եւ Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքին մէջ անոր հաստատած տպարանին, անոր աշխատանքներուն եւ վախճանին մասին: Հատորին հինգերորդ մասը յատկացուած է Նոր Ջուղայի առաջնորդ, երանաշնորհ եւ վաստակաշատ Խաչատուր Վրդ. Կեսարացիին ու անոր վաստակին: Գիրքին վերջին` 6-րդ մասին մէջ կը կարդանք Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի մասին:
Յիշատակդ վառ մնայ, Կորի՛ւն Սրբազան: