Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

«Հոգեւոր Ու Ազգային Կեանքի Վերանորոգումը Հրամայական Է» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

January 10, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
«Հոգեւոր Ու Ազգային Կեանքի Վերանորոգումը Հրամայական Է» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը
Հանդիսաւորապէս Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով հանդիսաւորապէս եւ մեծ շուքով նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Արդարեւ, հինգշաբթի, 6 յունուար 2022-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը: Հաւատացեալները խուռներամ հաւաքուած էին Անթիլիասի մայրավանք` մասնակից դառնալու Քրիստոսի ծննդեան աւետումին, հաղորդուելու տօնին խորհուրդով եւ լսելու վեհափառ հայրապետին հայրապետական պատգամը: Պատարագին ներկայ էին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանը, պետական պաշտօնական անձնաւորութիւններ, երեսփոխաններ, նախարարներ եւ ազգային մարմիններու ու կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Ս. Խորանին վրայ, վեհափառ հայրապետին կողքին, առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին Կոմիտաս արք. Օհանեան ու Շահան արք. Սարգիսեան, իսկ պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը:

Հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, Աստուածայայտնութեան տօնին կը նշենք նաեւ Քրիստոսի Ս. Մկրտութիւնը: Առ այդ, Կոմիտաս սրբազանը միւռոնաթափ աղաւնին Ս. Երրորդութեան խորանէն «Լոյս ի լուսոյ» հոգեթով շարականին երգեցողութեամբ բերաւ Ս. խորան եւ յանձնելէ ետք վեհափառ հայրապետին, տեղի ունեցաւ Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութիւնը, որմէ ետք վեհափառ հայրապետը տուաւ իր հայրապետական պատգամը:

Վեհափառ հայրապետի պատգամին առանցքը Յովհաննէս Առաքեալի խօսքն էր` «Ահաւասիկ ամէն ինչ նոր կը դարձնեմ» (Յյտ. 21.5): «Այս պարզ բառերուն մէջ խտացած է Աստուածորդւոյն ծննդեան խորհուրդն ու անոր առաքելութիւնը», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս: Ան շեշտեց, թէ «մեղքով ու ապականութեամբ լեցուն աշխարհը վերանորոգելու առաքելութեամբ Աստուծոյ Որդին մարդեղացաւ Բեթղեհէմի մէջ ու դարձաւ աղբիւր վերանորոգ կեանքի ու աշխարհի: Քրիստոսի ծնունդով հին մարդը վերանորոգուեցաւ ու դարձաւ նոր մարդ, հին աշխարհը` նոր աշխարհ. այլ խօսքով` Աստուծմէ հեռացած մարդը մօտեցաւ Աստուծոյ, երկիրը` երկինքին, ժամանակաւորը` յաւիտենականին: Քրիստոսի ծնունդով քանդուեցան հին աշխարհի մարդակեդրոն արժէքները, չափանիշներն ու նպատակները, եւ հաստատուեցաւ երկնային արժէքներու ու յաւիտենական ճշմարտութիւններու նոր համակարգը` Աստուծոյ թագաւորութիւնը: Քրիստոսով սկսաւ նոր աշխարհ ու նոր մարդկութիւն»:

Ապա, վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ «Քրիստոսի ծնունդը նշել` յիշեցում մըն է Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կատարած մարդուն, թէ ինք Քրիստոսի աշխարհ բերած թագաւորութեան մաս կը կազմէ, հաւատարիմ` անոր արժէքներուն եւ սկզբունքներուն»: Վեհափառ հայրապետը օրուան խորհուրդն ու պատգամը խտացուց հետեւեալ երեք կէտերուն մէջ.

ա) «Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը կը հրաւիրէ մեզմէ իւրաքանչիւրը վերանորոգելու մեր անձը հոգեւոր արժէքներով, աստուածահաճոյ գործերով ու աստուածակեդրոն կեանքով եւ քալելու կեանքի այն ճամբէն, որ Քրիստոս մեր առջեւ բացաւ իր կեանքի օրինակով: Մեղքով ու ապականութեամբ լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ, որքա՜ն կարիքը ունինք վերանորոգուելու Քրիստոսի վերանորոգիչ ներկայութեամբ:

բ) «Քրիստոսի ծնունդը կը հրաւիրէ աշխարհատարած հայ սփիւռքը ինքզինք վերանորոգելու իր կենցաղակերպով, մտածելակերպով ու գործելակերպով. ինքզինք վերանորոգելու իր կազմակերպչական ու յարաբերական կեանքով. ինքզինք վերանորոգելու հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն ու իտէալներուն նկատմամբ ունեցած իր հաւատարմութեամբ: Ներկայ տարին հռչակեցինք «Սփիւռքի տարի» սփիւռքի վերակազմակերպման ազդանշանը տալով: Վերակազմակերպում կը նշանակէ էապէս վերանորոգում: Պայմաններու պարտադրանքով, հայ ժողովուրդը մեծամասնութեամբ սփիւռք դարձած է: Ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ, ան կոչուած է ինքզինք վերանորոգելու, մէկ կողմէն` հաւատարիմ մնալով իր ինքնութիւնն ու ամբողջականութիւնը երաշխաւորող արժէքներուն ու իտէալներուն, եւ միւս կողմէ` քայլ պահելով ներկայ աշխարհի զարգացումներուն հետ:

գ) «Քրիստոսի ծնունդը կը հրաւիրէ մեր ժողովուրդի զաւակները` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի տարածքին, իրենք զիրենք վերանորոգելու ու վերակենսաւորելու. այլ խօսքով` հզօրացնելու: Մեր եկեղեցին իր կարգին կարիքը ունի վերանորոգման` իր ծէսով ու առաքելութեամբ, իր ներքին կառոյցներով ու ծառայութեամբ: Արդարեւ, Հայաստանի մէջ հայոց բանակի վերակազմակերպումը, պետական կառոյցներու վերանորոգումը, հայ կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններուն ինքնարժեւորումը դարձած են անյետաձգելի: Ներքին վերանորոգումով մեր կեանքը պիտի դառնայ աւելի կազմակերպ, ներդաշնակ ու հզօր, Հայաստանի Հանրապետութիւնը` աւելի կենսունակ ու բարգաւաճ: Մենք կոչուած ենք դառնալու 21-րդ դարու պատկանող ազգ, եկեղեցի ու պետութիւն», շեշտեց վեհափառ հայրապետը:

Ապա, անդրադառնալով Լիբանանի կացութեան, ան ըսաւ. «Լիբանանը կը գտնուի իր պատմութեան ճակատագրական խաչմերուկին: Արդեօք պետական պատասխանատուները կ’անդրադառնա՞ն այն ողբերգութեան, որուն մատնուած է ժողովուրդը: Արդեօք պատասխանատուները գիտե՞ն, թէ աղքատութիւնը, հիւանդութիւնն ու արտագաղթը ժողովուրդի կեանքին մէջ հետզհետէ խորացող ներկայութիւն դարձած են: Կարելի չէ լուռ մնալ այս ողբերգութեան դիմաց: Պետական աթոռներուն վրայ նստած մարդիկ պատասխանատու են ներկայ ողբերգութեան եւ համարատու` ժողովուրդին: Արդարեւ, աշխարհի ամէնէն յառաջադէմ ու զարգացած երկիրներէն մէկը դարձած երբեմնի Լիբանանը այսօր դարձած է քաղաքական ու ընկերային-տնտեսական տիղմի մէջ խրած երկիր: Ինչպէ՞ս կը սպասենք, որ օտարներ օգնեն մեզի, երբ մենք չենք կրնար իրարու օգնել: Անհրաժեշտ է, որ համայնքային ու քաղաքական պատասխանատուներ միասնաբար ելք մը գտնեն Լիբանանը դուրս բերելու ամբողջական քայքայումի վտանգին առաջնորդող ներկայ կացութենէն», շեշտեց վեհափառ հայրապետը:

Խօսելով Լիբանանի հայութեան մասին` վեհափառ հայրապետը ողջունեց «ներկայ դժուարութիւնները խոր հաւատքով ու ամուր կամքով դիմագրաւող Լիբանանի հայութիւնը: Մենք` իբրեւ հոգեւոր պետ, ձեր կողքին ենք` զօրակից ձեզի: Կ’ապրինք ձեր դժուարութիւնները, կը զգանք ձեր մտահոգութիւնները եւ մեր կարելին կը կատարենք որոշ չափով ամոքելու ձեր ցաւը, դարմանելու ձեր վէրքը, կիսելու ձեր դժուարութիւնները: Վստահ եղէք, որ Լիբանանի հայութիւնը պիտի յաղթահարէ ներկայ տագնապը եւ վերականգնի` առաւել նուիրումով վերստանձնելով իր համազգային դերը, իսկ Լիբանանի մէջ` իր քաղաքական դերը, իբրեւ եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկը», ըսաւ վեհափառ հայրապետը:

Ս. պատարագի աւարտին, հայրապետական թափօրը, միաբան հայրերու եւ հաւատացեալ ժողովրդեան մասնակցութեամբ, ուղղուեցաւ վեհարան, ուր ներկաները միասնաբար ու միաբերան երգեցին «Կիլիկիա» քայլերգը եւ վեհափառ հայրապետը իր օրհնութիւնն ու Ս. Ծննդեան բարեմաղթութիւնները փոխանցեց մեր ազգի բոլոր զաւակներուն:

Previous Post

Յիշատակներ Վարդգէս Պետրոսեանէն

Next Post

«ՍՓԻՒՌՔԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է՝ Ի ԽՆԴԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ»  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.