ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Սիխրիտ Քաախ խորհրդարանին յղած է նամակ մը, որուն մէջ կը տեղեկացնէ հայ գերիներու հայրենադարձման ուղղուած աշխատանքներուն մասին:
Նախարարը կը յայտնէ, որ կառավարութիւնը զանազան ձեւաչափերու հանդիպումներով կը շարունակէ Ատրպէյճանին կոչ ուղղել` կատարելու միջազգային համաձայնագիրներով եւ եռակողմ յայտարարութեամբ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ կը վստահեցնէ, որ Հոլանտա հետեւողական պիտի ըլլայ այս հարցին մէջ` բոլոր հայ գերիներու շուտափոյթ վերադարձին նպաստելու համար:
Քաախ կը խօսի նաեւ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ կազմակերպուած Հայաստան-Ատրպէյճան նիւթով բանավէճին ընթացքին եւ կը տեղեկացուցնէ նաեւ վերջերս, շրջանային այցելութեամբ Պաքու գտնուող Աւստրիոյ, Լիթուանիոյ եւ Ռումանիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ Եւրոպական Միութեան անունով գերիներու հարցը արծարծելուն մասին: Քաախ կը վստահեցուցնէ, որ այդ, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ մարդասիրական աջակցութեան ծաւալներու յաւելման հարցերով անդամ երկիրներու հետ կատարուած քննարկումներու ընթացքին, Հոլանտա միշտ ջատագոված է Եւրոպական Միութեան յաւելալ դերակատարութիւնը ապահովելը: